Մուշեղ Իշխան
Մուշեղ Իշխան #Գործեր Առաջին գերեզմանը Երբ աչքերս կը փակեմ, ժամանակը կը ջնջուի ահա եւ ես կը մանկանամ նորէն: Մանկական աշխարհիս հորիզոնին վրայ կը տեսնեմ հողակոյտ մը, կարմրագոյն եւ խոնաւ հողի պզտիկ դէզ մը, ուղտի սապատի նման: Կը տեսնեմ մայրս, սեւեր հագած եւ ծնրադիր այդ հողակոյտին քով: Կապոյտ աչքերէն արցունք կը հոսի եւ կուրծքը կ’ելեւէջէ խեղդուած…