Հանդիպում 33 տարի անց. կայացաւ «Իմ հայ երեխաները» վէպի շնորհահանդէսը

Հանդիպում 33 տարի անց. կայացաւ «Իմ հայ երեխաները» վէպի շնորհահանդէսը Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է գերմանա-ամերիկեան գրող, լրագրող Լոիզ ֆիշըր-Ռուժի «Իմ հայ երեխաները» փաստավաւերագրական գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը։ Գիրքը 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն տուժած ու Մոսկուայի «Հանրապետական մանկական կլինիկական հիւանդանոց» տեղափոխուած խումբ մը հայ երեխաներու բուժման յուզիչ պատմութիւնն է։ Գիրքը գերմաներէնով հրապարակուած է…

Պօղոս Նուպար Փաշա

Պօղոս Նուպար փաշա Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930) առանց փառասէր ըլլալու, համազգային առումով եղաւ ամենէն առաջ իմաստուն, ողջմիտ եւ մանաւանդ գործնական հայորդին իր լիաբուռն առաքինութիւններով, զորս անվարան գործի վերածեց ճշմարիտ հայրենասիրութեան ոսկեայ շրջանակին մէջ, պայքարելով աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Ան հիմնադիրն է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ): Կեանքի Գիծերը Եգիպտահայ ազգային եւ հասարակական գործիչ, անձնուէր հայորդի…

Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն…(2)

Արեւմտահայերէն… Սփիւռքահայ Գրականութիւն…(2) Եւ վե­րապ­րող­ներս եղանք ՍՓԻՒՌՔ: Յի­շենք, որ նախ­կին Օս­ման­եան Կայս­րու­թե­նէն միայն Կ. Պո­լի­սը մնաց իբ­րեւ սփիւռ­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն գա­ղութ­նե­րէն մէ­կը: Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի, Եւ­րո­պա­յի եւ Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու մէջ արեւմ­տա­հա­յութ­եան հա­մար մինչ այդ, մի­ա­բա­նա­կան կեդ­րոն­նե­րը չհաշ­ուած, կա­յին մշա­կու­թա­յին հար­թակ­ներ՝ յատ­կա­պէս Եգիպ­տոս, Պոս­թոն ու Նիւ-Եորք, Փա­րիզ, որոնք այս­պէս թէ այն­պէս դեր մը ու­նե­ցան նո­րեկ­նե­րը գրա­կան ան­դաս­տան առաջ­նոր­դե­լու…

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր Պատմական Ակնարկ Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացողութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ` թէ որակապէս իրարմէ որքանո՛վ կը տարբերին մեր խօսուածքները` բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը: Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը` արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու…

Մալաթիոյ Ս․ Երրորդութիւն Եկեղեցին պատմական ճանապարհին մէջ

Մալաթիոյ Ս․ Երրորդութիւն Եկեղեցին պատմական ճանապարհին մէջ Անցեալէն մինչեւ այսօր, Հայոց մօտ դարձած է գեղեցիկ սովորութիւն մը, որով երբ հաւաքականութիւն մը կազմուի, անոնք առաջին հերթին կը հիմնեն իրենց եկեղեցին եւ ապա եկեղեցին որպէս կեդրոն ունենալով կը կազմակերպեն համայնքային կեանքը։  Երբեմնի հայաշատ Մալաթիոյ եւ կամ այլ անունով՝ Մէլիտինէի մէջ տեսարանը տարբեր չէ եղած, եւ քաղաքի մէջ…

Մտերմիկ Նամակներ Անցեալէն

Մտերմիկ Նամակներ Անցեալէն Արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամենագեղապաշտ բանաստեղծը նկատուող Միսաք Մեծարենցի նամակներուն մէջ առանձնակի տեղ ունին գրողին գրած նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեանին: Ըստ ժամանակակիցներու տուած վկայութիւններուն, իր կեանքի վերջին տարիներուն, Միսաք Մեծարենց հրապուրուած է բժիշկ Տիգրան Գասապեանի կնոջմով՝ բժշկուհի Օֆէլիա Ներկարարեանով, որ նաեւ առաձնակի ներշնչանքի աղբիւր դարձած է գրողին համար: Անոնք բաւական մտերմացած են…

«Լալան Ու Արան» Խաղերու Շարքին Նորութիւնը` «Թիւերու Աշխարհ»

«Լալան Ու Արան» Խաղերու Շարքին Նորութիւնը` «Թիւերու Աշխարհ» Համազգայինի մանկավարժական բաժանմունքը հրապարակած էր «Լալան ու Արան» խաղերու շարքը` «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ», «Գիրերու աշխարհ»: Ահաւասիկ անոնց եկաւ միանալու «Թիւերու աշխարհ»-ը, որ արդէն հրապարակուած է եւ կարելի է առցանց անվճար ներբեռնել iOS եւ android ամէն տեսակի գործիքներու վրայ` այցելելով մեր կայքէջը` www.lalanouaran.com «Թիւերու աշխարհ»-ի նիւթական ծախսերու հովանաւորներն…

Ուղղագրութեան պատմութիւն

Ուղղագրութեան պատմութիւն Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Անգլիա յարաբերաբար քիչ զոհ տուաւ՝ բաղդատած Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Խորհրդային Միութեան…սակայն  անոր տնտեսական կորուստները կը գերազանցէին բոլորինը, քանի որ շրջափակուած կղզի մը ըլլալով՝ ան ամբողջովին կը մատակարարուէր արտաքին աշխարհէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն, ուրկէ հասնող նպաստին 70–80 տոկոսը կը փճացուէր գերմանական սուզանաւերուն կողմէ եւ որուն դիմաց, սակայն, ան հարկատու էր  եւ պարտական…

Ազգային Կեդրոնական Վարժարան

Ազգային Կեդրոնական Վարժարան (Պոլիս) Պոլսոյ մէջ հայկական երկրորդական վարժարան։ Իր առքելութեան ձեռնարկած՝ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին: 1860-ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակելի երեւոյթ մըն էր Ազգային Սահմանադրութեան որեգրումը։ Թէեւ այդ թուականին Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթականներ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։ Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ’ունենար Կ.Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրթարաններն…

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Հայերը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Հայերը Տըհոք Քրտական այս շրջանի հայութեան այսօրուան պատկերը տարբեր է քանի մը տարի առաջ եղած պատկերէն: Ըստ Ազգային առաջնորդարանի  2010-ի տեղեկութեանց, շրջանի մեր համայնքին մեծամասնութիւնը հաստատուած է Զախօ եւ անոր մօտակայ գիւղերուն մէջ: Այսպէս` Տըհոք քաղաք` (49 ընտանիք, 226 հոգի),  Զախօ գիւղաքաղաք` (234 ընտանիք, 1170 հոգի), Աւզրուկ գիւղ` (70 ընտանիք, 560…