Հայն ու հայ կեանքը՝ Լեռ Կամսարի էջերուն վրայ

Հայն ու հայ կեանքը՝ Լեռ Կամսարի էջերուն վրայ Միշտ նախանձած եմ ֆրանսացիներուն, որոնք երգիծական շաբաթաթերթ մը ունին, «Քանար Անշէնէ», անկողմնակալ եւ արդար, որ հնախոյզի մը պէս կ’երթայ դէպի հնավայրը, անխնայ կը պեղէ, եւ ինչ որ մարդիկ չեն տեսներ կամ չեն ուզեր տեսնել կը փռէ արեւուն տակ, որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել՝ թէ չէինք իմացած, չէինք…

Տուն Տանող Ճանապարհը

Տուն Տանող Ճանապարհը Երկու ամիս առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ անուանի գործիչ Վարդան Գրիգորեան՝ կեանքի հետաքրքրական ուղի անցած պատմաբանը, ակադեմիկոսը, ուսուցիչն ու հանրային գործիչը, որ իր հարուստ կեանքի փորձառութիւնը նկարագրած է «Տուն տանող ճանապարհը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ: Տարիներ առաջ անգլերէնով լոյս տեսած այս յոյժ հետաքրքրական գիրքը Վարդան Գրիգորեանի մահէն մէկ ամիս առաջ հայերէնով…

Գրական մշակութային մեր հարստութեանց յուշարար պատգամաբերը

Գրական մշակութային մեր հարստութեանց յուշարար պատգամաբերը «Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքը զինքը ուղղել»: Հայ ազգային արժանաւորութեան խորաչափումը կատարող նման պատգամներու բանբերն է հայ գրականութեան անմահներէն Արշակ Չօպանեան (1872-1954): Բազմաշնորհ մեծութիւն մըն է Չօպանեան, որ բարձրադիր իր պատուանդանը նուաճած է հայ գրողներու յաւերժական պանթէոնին մէջ եթէ ոչ անպայման գրական-գեղարուեստական իր…

Սահակդուխտ. առաջին հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժը

Սահակդուխտ. առաջին հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժը Սահակդուխտի մասին տեղեկութիւնները մեզի հասած են պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանէն, Ղեւոնդ Ալիշանէն, Մանուկ Աբեղեանէն, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանէն, Նորայր եպիսկոպոս Պողարեանէն, Գրիգոր Յակոբեանէն, Յակոբ Քէոսէեանէն, Շահան Արծրունիէն եւ այլ աղբիւրներէ: Քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ 8-րդ դարուն կը յայտնուի առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ…

Սփիւռքահայ գրականութիւն

Սփիւռքահայ գրականութիւն Սփիւռքահայ գրականութիւնը որպէս ամբողջութիւն, իր սկիզբէն մինչեւ այս օրը, այնպիսի երեւոյթ մըն է, որ ամբողջական ներկայացման ապա եւ մանրամասն քննարկումի գրեթէ ենթարկուած չէ, բացի քանի մը լայնածաւալ յօդուածներէ, կա՛մ որպէս յառաջաբան դրուած հաւաքածոներու սկիզբը, կամ մամուլին մէջ, որպէս յօդուածաշարք երեւցած, ինչպէս Վահէ Օշականի, Պէպօ Սիմոնեանի, Անդրանիկ Սարեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Վազգէն Գաբրիէլեանի եւ ուրիշներու…

Դէպի Մուշեղ Իշխանին Ծննդավայրը՝ Սիվրիհիսար

ԴԷՊԻ ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆԻՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ՝ ՍԻՎՐԻՀԻՍԱՐ  Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք Պոլիսէն։ Բարեխնամ կառավարութիւնը, իր բոլոր զօրութեամբ իջած է փողոց՝ արգիլելու ոեւէ մէկը՝ չնշելու Աշխատաւորութեան տօնը, յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Ոստիկանները փակած են բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ հետիոտն անցորդներուն համար (մեր անգտանելի նախագահը օրուան ընթացքին դեռ յայտարարէր պիտի, թէ նման միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն…

Պէպօ Սիմոնեան եւ իր «Ակնթարթներ…»ը 

Պէպօ Սիմոնեան եւ իր «Ակնթարթներ…»ը  Խօսիլ Պէպօ Սիմոնեանի մասին, կ’ենթադրէ խօսիլ՝ Պէպօ Սիմոնեան բանաստեղծին, արձակագիրին, հրապարակագիրին, մտաւորականին, խմբագիրին, գրաքննադատին, ուսուցիչին, տնօրէնին, հասարակական գործիչին, վերջապէս՝ ամբողջական հայ գրողին, լիիրաւ հայուն, լիիրաւ մարդուն մասին։ Թատրոնէն բացի, գրական բոլոր սեռերը շօշափած, բոլոր սեռերուն վրայ իր յատուկ դրոշմը դրած Պէպօ Սիմոնեան կը ներկայացնէ յետ-եղեռնեան շրջանի մեր երկրորդ գրական սերունդը,…

Անխոնջ մտաւորականը ՝ Յովսէփ Նալպանտեան 

Անխոնջ մտաւորականը ՝ Յովսէփ Նալպանտեան  Յովսէփ Նալպանտեանի հետ ծանօթացած եմ 1994ի Յունուարին: Մեր բարեկամութիւնը եւ հայակերտումի անյետաձգելի ջանքերուն մէջ մեր գործակցութիւնը ցարդ մեծ թափով կը շարունակուի: Ես շատ ուրախ եմ, որ մանաւանդ վերջին 17 տարիներուն, իր գրական, հեղինակային, մատենագիտական, հրատարակչական գործունէութեան մասին մօտէն տեղեակ եմ եւ գիտեմ, թէ ինք ինչպիսի՛ զոհողութիւններու գնով կ՛իրագործէ… անիրագործելին: Այս…

Զապէլ Եսայեան գրագէտը

Զապէլ Եսայեան գրագէտը. Դատումներ Զ. Եսայեանի կին տիպարները հարուստ են բանաստեղծական զգայութեանց առատ մթերքով մը, որ Պոլսէն կուգայ բայց հեռու է կեղծօրէն սանթիմանթալ ռոմանթիզմէն: Մտածումներու խոր ու առատ սարուածներ հոգիին մերկութիւնները կը զարդանկարեն եւ հոգեկան տագնապին շուրջ կը ստեղծեն տարօրէն քաղցր ու բարձր ոլորտ մը, ժխտական հակումներն իսկ մեղմելով: Եսայեանի տիպարները կը խլեն մեր համակրանքը,…