Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները
Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրատարակած Լիբանանի Հայերը, Սուրիոյ Հայերը,
Յորդանանի Հայերը եւ Իրաքի Հայերը հատորներուն շնորհանդէսը՝ ներկայութեամբ երիտասարդ եւ երէց սերունդի հայագէտ մտաւորականներու:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, ապա խօսք առաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան:
Յանձին հանդիսութիւնը կազմակերպած ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի, ողջոյնի խօսք արտասանեց Ինստիտուտի տնօրէն Դոկտ. Րոպերթ Ղազարեանը: Ողջոյնի ու գնահատման խօսքեր արտասանեցին նաեւ Իսնտիտուտի արաբական երկիրներու բաժնի վարիչ Դոկտ. Լիլիթ Յարութիւնեանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեանը: Կեդրոնի գործունէութեան մասին պատմեց Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, Ինստիտուտի գիտաշխատող դոկտ. Արաքս Փաշայեանը որ մասնակցած էր գիտաժողովներուն տուաւ իր տպաւորութիւններն ու արժեւորումը հատորներուն: Սրտի խօսք արտասանեցին ներկայ մտաւորակհաններէն դոկտ.ներ Յակոբ Չոլաքեան, Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչ պատմաբան Յովհաննէս Ալեքսանեա, Սեդա Օհաննէսեան, ինչպէս նաեւ Պետրոս Թովմասեան, Արա Աշճեան, եւ մամլոյ գործիչ Սագօ Արեան: