Երուսաղէմ. Պալեաններու ձեռագործ զարդանաշխերով սալիկները 100 տարեկան
Արեւմտահայերու երբեմնի օրրան ՝Քութահիա քաղաքէն, որ յայտնի էր իր խեցեգործութեամբ, սերած են հայ ընտանիքներ, որոնք զբաղած են այդ արուեստով: Պալեան ընտանիքի արմատներն ալ Քութահիայէն են: Յայտնի խեցեգործ՝ Նշան Պալեան 1919-ին հրաւիրուած է Երուսաղէմ, որպէս մասնագէտ, այնտեղ աշխատանք ստանձնելու: 1922-ին, ան իր նկարիչ ընկերոջ`Մկրտիչ Քարաքաշեանին հետ Երուսաղէմի մէջ հիմնած է խեցեգործութեան աշխատանոց: 1965-ին, ընկերութիւնը բաժնուելով, Պալեանները կը շարունակեն աշխատանոցի գործը, որ մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ, իրենց թոռ՝ Նշան Պալեանի ղեկավարութեամբ:
Պալեաններու մասին կը կարդայ Balian Armenian ceramics կայքէն:
Պալեաններու աշխատանոցը 1922-էն ի վեր կ’արտադրէ յատակի սալիկներ, որմնային սալիկներ, զարդանկարներով սալիկներ բոլորը ձեռքով նկարուած նախշերով: Աշխատանոցը բացի իր արտադրած բազմատեսակ սալիկներէն, որոնք հրապարակուած են իրենց կայքին մէջ, նաեւ պատուէրներով կը գծագրէ իւրայատուկ նախշերով սալիկներ: Աշխատանոցի աշխատակիցները մօտէն կը համագործակցին տան սեփականատէրերուն հետ, ներքին ձեւաւորումներ կատարող ճարտարապետներուն հետ հայթայթելու այնպիսի սալիկներ,իր ըլլան բաղնիքնեու, խոհանոցի կամ աւազաններու համար:
Պալեաններու աշխատանոցը նաեւ ունի արդիական ոճով պատրաստուած սալիկներ: Անոնք թուայնացումով կրնան սալիկներուն վրայ նկարել որեւէ պատկերի նմոյշ ըստ պատուէրը պահանջողին ցանկութեան: Բոլոր սալիկները կը գործածուին թէ՛ յատակի եւ թէ՛ պատերու համար: Պալեան սալիկները մշակուած են որոշ ջերմութեան մը տակ , անոնք կը տոկան բոլոր ներքին ու արտաքին միջավայրերու պայմաններուն: Իսկ շատ յատուկ պարագաներու, ինչպէս օրինակ սառնամանիքի, սալիկները կը մշակուին դիմանալու այդ պայմաններուն ալ:
Ինչ կը վերաբերի որմնային սալիկներուն, անոնց տեսականին շատ մեծ է, գեղեցիկ զարդանաշխերով գծագրուած: Աւազաններուն համար թէ երեսապատման եւ թէ եզրագիծերու համար գոյներով եւ զարդերով հարուստ տեսականի կայ:
Բնակարաններու ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ չկայ չափազանց փոքր կամ չափազանց մեծ, ներքին կամ արտաքին սալիկի նախագիծ: Տարբեր գոյներով եւ տարբեր նախշերով սալիկներու ձեւաւորումը ընտրութեան հարց է: Աշխատանոցին մէջ ձեռքով կը նկարեն մեքսիքական սալիկներու նմուշներուն նման նախշեր, բայց շատ աւելի մանրակրկիտ ձեւով:
Պալեաններու հիմնած աշխատանոցի տնօրէն-ղեկավարը ՝Նշան Պալեան, երկրաչափ է ու նաեւ խեցեգործ, զաւակն է Սեդրակի եւ նշանաւոր արուեստագիտուհի Մարի Պալեանի: Պալեաններու ձեռքի գործ զարդանաշխերով սալիկները համաշխարհային ճանաչում ունին: «Մենք Երուսաղէմի միակ աշխատանոցն ենք, որ կ’արտադրենք մեր սեփական խեցեգործական իրերը եւ սալիկները մեր պապերու ու ծնողներուն կողմէ մեզի փոխանցուած մեթոտներով»,- կ’ըսէ Պալեաններու մեծ աւանդը շարունակող՝ Նշան Պալեան: Ան որոշած է վառ պահել իր նախնիներու հայկական խեցեգործութեան արուեստը եւ շարունակել անոնց ձգած ժառանգութիւնը:
Պալեաններու կայքը այցելելու համար սեղմել ՝այստեղ։