Զահրատի ոգեկոչում Էսայեան Ս. Միութեան մէջ
10Մայիս թուականը Զահրատի ծննդեան օրն է, որ յիշատակուեցաւ Էսաեան Սանոց Միութեան մէջ կազմակերպուած միջոցառումով։ Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր այս յատուկ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար։
Ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ., Արամ Արք. Աթէշեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ՀՀ ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ խորհրդական Անահիտ Չալըքեան։
Միութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամերեան նախ ողջունեց բոլոր ներկաները ու ապա բեմ հրաւիրեց պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանը, որ դաշնամուրի նուագակցութեամբ երգեց Պերճ Դիւրապեանի յօրինումով Զահրատի «Կաղանդի ծառ մը» գործը։ Ապա սոբրանօ Գարին Պոզքուրթ մեներգեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ճան իմ» աշուղական երգը եւ դարձեալ Զահրատի բանաստեղծութեան վրայ Սիրվարդ Գարամանուկի յօրինումը, Աննա Ուղուրլուեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Երաժշտական այս բաժնէ ետք Սեւան Տէղիրմենճեան նախ անդրադարձաւ 2024 տարուայ ընթացքին 100 ամեակը յիշուող չորս հայ մեծերու՝ Պարոյր Սեւակի, Սերկէյ Փարաճանովի, Շառլ Ազնաւուրի եւ Զահրատի անուններուն, որոնց համար հայաշխարհը կը ձեռնարկէ յիշատակման զանազան միջոցառումներ։ Ան շեշտեց որ այս մէկն ալ այդ ծիրէն ներս կայացողներու շարքէն է։
Ներածական այս տողերէն ետք Սեւան Տէյիրմենճեան ստանձնեց ժողովավարի պաշտօնը եւ կարգաւ խօսք տուաւ Տարօն Մարտիկեանի եւ Տիգրան Ալթունի, որոնք յուշեր փոխանակեցին Զահրատի հետ իրենց ունեցած ապրումներէն։ Բագրատ Էսդուգեան նկարագրեց բանաստեղծ Զահրատի գրական վաստակը իր ստեղծագործած տարիներու ընդհանուր հակումներուն հետ բաղդատելով։ Տրուած ըլլալով թէ Զահրատի գրական վաստակը հրապարակ կ՚ելլէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին տիրող գրական ու գեղարուեստական նոր որոնումներու շրջանին, ան զուգահեռներ կազմեց թէ Թուրքիոյ գրական նոր ոճերուն եւ թէ եւրոպական բեմերու եւ պաստառներու վրայ յայտնուած նոր արտադրութիւններու միջեւ, Զահրատը բնութագրելով այդ հոսանքի պոլսահայ արտայայտութիւնը։ Իսկ Զահրատի անհամար բանաստեղծութիւններու թարգմանիչ Յովհաննէս Շաշքալ ընթերցեց Զահրատի գրականութիւնը վերլուծող յօդուած մը, որ ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ անուանի ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի արտասանած զահրատեան բանաստեղծութիւններով։
ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ