«Զուարթնոց» կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
Յատուկ դաստիարակութեան «Զուարթնոց» կեդրոնը Լիբանանի մէջ հայկական միակ ամենօրեայ կեդրոնն է, որ կը սպասարկէ մտաւոր եւ ֆիզիքական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն ու մեծահասակներուն: Կեդրոնին առաքելութիւնն է աշակերտներուն կրթական, ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային եւ գործնական կարիքները հոգալ, կատարելագործել անոնց հմտութիւնները եւ օգնել անոնց դառնալու ինքնաբաւ սորվողներ՝ անկախ կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէ:
2019-ին, հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին՝ Զուարթնոց կեդրոնը մշակեց կարողութիւններու զարգացման նոր նախագիծ մը՝ «Զուարթնոց Multisensory therapy room»:
Զուարթնոց Multisensory therapy room-ը բազմագիտակարգային տարածք մըն է՝ կահաւորուած զգայարաններու զարգացումը խթանող մասնագիտական սարքաւորումներով, որոնց թիրախն է զարգացնել լսողութեան, տեսողութեան, հպումի եւ հոտառութեան զգայարանները` այդ գիտակարգերուն մէջ համարկումի անկարողութիւններ եւ դժուարութիւններ ունեցող մարդոց համար: Multisensory therapy սենեակներու մէջ, ուսուցումը կ՚ամրապնդուի խաղերու միջոցով, որոնք կը ներգրաւեն ուղեղի տարբեր հատուածներ եւ կը խթանեն իւրացումը: Multisensory therapy սենեակի մէջ անցուցած ժամանակը կ՚օգնէ երեխաներուն բարելաւելու իրենց տեսողական, լսողական եւ հպումի զգայարանները, ինչպէս նաեւ նուրբ եւ կոպիտ շարժունակութիւնը: Multisensory therapy սենեակները կը ներշնչեն հանգստութիւն եւ յարմարաւետութիւն եւ երեխաներուն կ՚օգնեն իրենց վարուելակերպը կարգաւորելու եւ կեդրոնացումը բարելաւելու:
Calouste Gulbenkian Foundation – Armenian Communities / Հայկական Բաժանմունք