Թենի Արլէնի Հետ Պահ Մը՝ Գլուխ Գլխի
«Երբ խօսեցաւ, բառերով չխօսեցաւ,
Իր բառերը աստղերու պէս ձեռքերուս մէջ ինկան»Թենի Արլէն
Ձեռքիս է ամերիկածին բանաստեղծուհի, վաղամեռիկ Թենի Արլէնի բանաստեղծութիւններու «Կիրքով Ըսելու՝ Ինչո՞ւ Հոս Եմ» գրքոյկը, Երեւան, ԱՐԻ գրականութեան հիմնադրամի հովնաւորութեամբ լոյս տեսած։
Ծնած ու հասակ առած է կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքներէ հեռու շրջանի մը մէջ։ Միմիայն 20 տարեկանին է, որ երբ Թէնին համալսարան կ՛ընդունուի, (UCLA), Լոս Անճելըս հաստատուելով կը սկսի հետաքրքրուիլ արեւմտահայերէնով։ Բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ ուսանողը դառնալու փրոֆ․ Յակոբ Կիւլլիւճեանին, որ նաեւ ձեւով մը կնքահայրը եւ վկան կը դառնայ Թենիին փափաքած խորհրդանշական Սողովմէ անունի մկրտութեան, «հայերէնի եւ հայութեան պատկանելիութեան որդեգրման» ընթացքին։
Ահաւասիկ նոր սերունդի ներկայացուցիչ մը, որ աշխարհ եկած է միմիայն երկու տասնամեակ առաջ, 1991ին, Միացեալ Նահանգներու այնպիսի անկիւնին ու միջավայրի մը մէջ, որ հայերէն տառ մ՛իսկ բացարձակ չէր կրցած ճանչնալ։
2021ին լոյս տեսած, 104 էջերով հատորին մէջ ամփոփուած է ամբողջ աշխարհ մը։
Այո՛, նոր ու զարմանահրաշ աշխարհ մը, որ գուցէ շռնդալից ապտակի մը պէս կը փորձէ հասնիլ բոլոր անոնց, որ իրենց մտքէն անցնելու համարձակութիւնը ունին, կամ կ՛արտօնեն իրենք իրենց ըսելու, եւ հոս հոն կրկնելու, թէ «հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ»․․․
Առաքելեան մեծ հայրը Թենիին, երկու սերունդ առաջ իր ընտանեկան մականունը փոխած էր Արլէնի, եւ Թենին ծնած էր միջավայրի մը մէջ՝ ներաշխարհը պղտորող հետեւեալ զգացումներով․
«Չէի կրնար զգալ այն ինչ որ ամերիկացիները կը զգային
Որովհետեւ իսկապէս ամերիկացի չէի․․․
Ու հայերէն չէի կրնար խօսիլ,
Որովհետեւ իսկապէս հայ չէի։
Պզտիկ աղջիկ էի
Ու կ՛ուզէի գիտնալ թէ այս աշխարհին մէջ ո՞վ էի ։
Միշտ երկու աշխարհի միջեւ կ՛ապրէի՝
Հայրիկիս եւ մայրիկիս։» (էջ 69)
Եւ․․․ ահաւասիկ համալսարանական տարիներուն հաստատաքայլ կը մտնէ արդէն իսկ բանաստեղծուհիի խմորով աշխարհ եկած Թէնին, հայ աշխարհէն ներս, «ԿԻՐՔՈՎ ԸՍԵԼՈՒ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՈՍ ԵՄ» ։
Բանաստեղծութիւններու այս հաւաքածոյով Թենին յաջողեցաւ այդ ըսել՝ բարձրագոռ, աղաղակող տողերով, իր իմաստալից խոկումները գրկող գրքոյկին ընդմէջէն։
Թէեւ Թենին ֆիզիքապէս այս աշխարհէն հեռացած է, 1991էն 2015-ի միջեւ երկարող 24 գարուներ միայն ու միայն բոլորած, այնքան մատղաշ ու թարմ թուացող տարիներ, աշխարհիկ համրանքով կեանքի մը համար շատ կարճ, ժամանակաշրջան մը միմիայն մնալով այս աշխարհին մէջ, սակայն այնքան հասուն տողեր, մտքեր կը կայծկլտան այս գրքոյկին մէն մի էջին, մէն մի տողին մէջ, որ կը բոցավառեն ընթերցողին միտքն ու հոգին։
Անուրանալի է, պէ՛տք է խոստովանիմ այսօ՛ր։ Շնորհիւ իր նոյնքան տաղանդաշատ եւ հայերէն լեզուն կատարելագործելով պաշտօնի կոչուած Նիւ Եորքի «Գրիգոր Զօհրապ» տեղեկատու կեդրոնի տնօրէն դոկտ․ Ճեսի Արլէնին շնորհիւ ստացած եմ այս գիրքը։ Քանի մը ամիսներէ ի վեր քանի-քանի անգամներ ետ ու առաջ ընթերցումներէս ետք, կը զգամ ու կը հաւատամ, թէ Թենիին սիրտն ու հոգին հետս է հիմա, պարփակուած այս 104 էջերէն ալ անդին։
Մեր երկխօսութիւնը միակողմանի չէ բնաւ։ Կարդացէք այս տողերը, երբ կ՛ընկերակցիմ իրեն․
«ԵՐԿՈՒՔՈՎ ըլլալու
Որովհետեւ մինակ կը զգայի․․․
Գեղեցկութիւն եւ արուեստ կ՛ուզէի տեսնել։
Յանկարծ, Ատղիկն ու Վահագնը հասան ծովուն վրայ։
Աստղիկը աստղի մը պէս էր։ Շատ գեղեցիկ էր։
Վահագնը շատ ուժեղ էր։ Շանթ մը կար իր ձեռքին մէջ։
Մազերն ու մօրուքը կարմիր էին։
Միասին խօսեցան․ մենք՝ երկուք, մենք գեղեցկութիւն եւ արուեստ ենք։
Ապրէ՛ մեզի համար․․․․
Ուրեմն, կեանքս ամբողջ կ՛ապրիմ գեղեցկութեան համար եւ կ՛աշխատիմ արուեստին համար։
Ասիկա՛ է միակ երջանիկ կեանքը» (էջ 66)․․․
․․․ըսաւ Թենին եւ սկսաւ ապրիլ գեղեցկութեան համար, աշխատիլ արուե՛ստին համար եւ երբ սկսաւ քննել «Հայ լեզուի խնդիրը», անդրադարձաւ որ․
«Հայ լեզուն տարիներով կը վերապրէր։
Իր գոյութիւնը կը վտանգուէր, իր տունը կը խորտակուէր։
Բայց կ՛ապրէ՛ր։»․․․ (էջ 19)
Թէնին տեսնել սկսաւ թէ Ան՝ Լեզուն կ՛ապրի՝
«Հիմա կ՛ապրի տարբեր վանքերու մէջ, քաղաքի, գիւղի ագարակի մէջ․․․
Բայց ինչի՞ համար, ըսելու «տո՞ւն, ճա՞շ, մայր, հայր, խոհանո՞ց»։
Թէ՞ ըսելու «բնութիւն՝ մայրը որ ինծի կեանք տուաւ», կիրքո՛վ ըսելու՝ «ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՈՍ ԵՄ» (էջ 19)։
Այո՛, անգութ ինքնաշարժի արկածը աններելիօրէն շատ կանուխ տարիքին լռեցուց իր խոհուն մտքերուն հետ միտք ու հոգի յուզող հարցումներուն շարանը։
Ըսելիք շատ ունէր մեզի, աւելիով ըսելու, թէ «ինչո՞ւ հոս է․․․» բայց եւ․․․ անգութ արկածը լռեցուց իր մէջ ամբարուած տակաւ ժայթքող լաւան։
Սակայն, ինչ որ մնաց իրմէ բաւական երկար ժամանակ պիտի արձագանգէ իր տողերով հաղորդուող ընթերցողին հետ։
«ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս կ՛ըլլայ-
Կաս դուն։
Քեզ կը կոչենք շատ անուններով,
Բարձր աշտարակներ շինելով,
Կառուցելով բիւրեղէ դղեակներ,
Պարբերականներ հրատարակելով,
Քեզմէ գիրքեր ու գիրքեր կազմելով»։
Մտածող Թենին ի՛ր բառերով կը խօսի մեզի։
«Եթէ կը մտածեմ, ուրեմն կամ, հետեւաբար կը զգամ,
եւ ուրեմն բառերով կը խօսիմ»։
Մտածելով կը հասնի մանկութեան յիշատակներուն, անոնց վերապրումով կը հասնի մեծ մօր, մեծ հօր․․․ Խարբերդ, Այնթապ, Հալէպ․․․ եւ հարց կու տայ․․․
«Վարդա՛ն, ինչո՞ւ մեզի աւելի զրոյցներ չէիր պատմեր» (էջ 100)։
Այդ ինչուները սերունդներու աղաղակն է, որ կ՛արձագանգէ այս տողերուն ընդմէջէն Թենիին բառերով։
Եւ Թենին մեզի կը համոզէ որ՝
«Մենք կ՛ապրինք պատմողներէն
Որոնք ձայն մը կու տան ,
Որոնք շունչ կու տան
Հսկայ լռութեան մէջ։»
«Անվերջ Սկիզբը»ը (էջ 18) կարդալով կը փշաքաղուիմ։
Ինք իր ճակատագրով կարծես կը մարգարէանայ մեր սիրելի աղջիկը․․․
«Երբ մեռնինք, մեր հետքերը կը շարունակուին
Այս կեանքին մէջ եւ ուրիշ մարդոց մէջ։
Ուրեմն, մահը բնաւ չի գար մեզի»։
Այո՛, սիրելի Թենի, կիրքով կանչդ ականջիս է, վստահեցնելու մեր բոլորին որ մահը քեզ չէ տարած։ Այս գիրքով կը հաւատացնես մեզի, ես կը հաւատա՛մ որ «ՄԱՀԸ ԲՆԱՒ ՉԻ ԳԱՐ ՔԵԶԻ․․․ քանի որ․․․ ԿԻՐՔՈՎ Կ՛ԸՍԵՍ ՈՒ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՍ ՄԵԶԻ, ԹԷ ԻՆՉՈՒ ՀՈՍ ԵՍ․․․»։
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան