Թիֆլիսի մէջ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած յուշատախտակ բացուած է

Միջոցառման կը մասնակցէին աշխատանքային այցով Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակի յոբելեանական յանձնաժողովի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, Թիֆլիսի սակրեպուլոյի նախագահ Կիորկի Տղեմալաձէն։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը եւ սակրեպուլոյի նախագահ Կ. Տղեմալածէն։ Իր խօսքին մէջ Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց Թիֆլիսի մէջ անցուցած տարիներու ազդեցութիւնը Խաչատրեան երաժշտահանի ձեւաւորման եւ կայացման գործին մէջ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թիֆլիսի սակրեպուլոյին՝ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Երեւանի Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեան աջակցելու համար։
Միջոցառման կարճ ելոյթով հանդէս եկաւ Թիֆլիսի Արամ Խաչատրեանի անուան համար 10 երաժշտական դպրոցի սան Ալեքս Յակոբեանը։