Ժընեւի Թրուանէ շրջանի հրապարակը վերակոչուեցաւ ՝ Place d’Armenie անունով

Ժընեւի կեդրոնական Թրուանէ շրջանի հրապարակը վերակոչուեցաւ դառնալով ՝ Place d’Armenie («Հայաստան հրապարակ»)։ Այս մասին վերահասու դարձանք Զուիցերիոյ Հայոց թեմէն։
Շաբաթ 7 Մայիս 2022-ը պատմական եւ եզակի օր պիտի մնայ Ժընեւի Թրուանէ շրջանի պատմութեան ու հայոց տարեգրութեան մէջ։ Այսօր պաշտօնապէս առաւօտեան ժամը 11:30-ին՝ հանդիսաւորապէս Հայկական Հրապարակ հրչակուեցաւ Ժընեւի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ շրջաբակը առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն Զուիգերիոյ եւ Հայ ժողովուրդի բարեկամութեան։
Այդ առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջոցառում։ Խօսքով հանդես եկան Թրուանէ քաղաքի Քաղաքագլուխ՝ Յարգարժան Կի Լաւքրելը, Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Անդրանիկ Յովհաննիսեան եւ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հաստատութեան Ատենապետ Տիար Դանիէլ Փափազեան։ Բոլոր խօսք առնող պատուարժան անձինք իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին ու կարեւորեցին Զուիցերիոյ ու հայ ժողովուրդի ջերմ բարեկամական կապերը ու պատմական անցեալը։ Յարգարժան դեսպանի խօսքէն յետոյ Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահը Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, Ցիւրիխի Գերմանախօս շրջանի Հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Չէքիճեանի եւ դպրաց դասի հետ կատարեցին Անդաստանի գեղեցիկ արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին Տեղապահ հայրսուրբը օրհնեց երկու պողոտաներու վրայ Ֆրանսերէն լեզուով զետեղուած Հայկական հրապարակի արձանագրութիւները։
Այս առթիւ Ներկայ էին Զուիցերիոյ պետական ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ղեկավարներ, ազգային գործիչներ եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը խոծ բազմութեամբ մասնակցեցան այս պատմական օրուան միջոցառման։ Սանահին պարախումբը այս առթիւ եւս Հայկական կեդրոնի մէջ հանդէս եկաւ հայկական ազգային պարերով, ուրախացնելով ներկաները։ Հանդիսութեան աւարտին Հայկական կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն պատրաստուած համայնքի ու եկեղեցւոյ նուիրեալ տիկիներու կողմէ։