Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ
«Նոր Յառաջ»էն կը կարդանք՝
Թերթիս 1778 թիւէն սկսեալ (13 Սեպտեմբեր 2022) ծաւալուն յօդուածով մը պարոն Արմէն Քիւրքճեան հանգամանօրէն անդրադարձած էր ճիշդ հարիւր տարի առաջ 1922 Սեպտեմբերին պատահած՝ չքնաղ Իզմիրի աղէտին, որու հետեւաքներով ալ ծայր առաւ տակաւին Թուրքիոյ մէջ մնացած, Եղեռնէն վերապրածներու զանգուածային արտագաղթը։
Ստեփան Պօղոսեան ալ թիւ 1734-ի (2 Մայիս 2022) անդրադարձեր էր Իզմիրէն առաջին ճողոպրողներով սկիզբ առած Մարսիլիոյ երրորդ եւ ներկայ գաղութի սկզբնական կեանքի դժուար տարիներուն։
Այդ տխուր դարադարձը ոգեկոչելու համար՝ Սէն-Ժերոմ արուարձանը գտնուող վաւերագրերու A.R.A.M. կեդրոնը եւ Հայ դատի յանձնախումբը (C.D.C.A.) միասնաբար կազմակերպած էին քաղաքիս կեդրոնական Քաղաքապետարանի ընդունելութիւններու սրահին մէջ վերոյիշեալ խորագրով ցուցադրութիւն մը, որու բացումը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, ժամը 18-ին, շուրջ 150 գնահատուող բազմութեան մը ներկայութեան։ Թերեւս աննպաստ օդը եւ անձրեւը տարհամոզած էին ոմանք։
Թէեւ ցուցադրուած լուսանկարները նորութիւն չէին, բայց յիշողութիւնը վառ պահելու համար՝ միշտ պէտք է ան վերանորոգուի. հարկ է օգտագործել յատկանշական թուականները։
Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան։ Յաջորդաբար խօսք առին Մարսիլիոյ երիտասարդ քաղաքապետ Պընուա Փայան, Հայ դատի յանձնախումբի անունով Ազատ Պալալաս եւ Վաւերագրերու կեդրոնին կողմէ ալ Աստղիկ Լուսիկեան։ Կը զանցենք խօսուած ճառերու բովանդակութիւնը. առաջինը սիրաշահ խօսքերով անդրադարձաւ տասնամեակներու ընթացքին մարսիլահայ գաղութին բերած նպաստին՝ քաղաքի ընդհանուր զարգացումին։ Երկրորդը խօսեցաւ հայութեան ապրած ներկայ ծանր օրերու հարցերուն, երրորդն ալ՝ իր ղեկավարած կեդրոնի օգտաշատ գործունէութեան մասին։ Աւելցնենք, որ ցուցադրութիւնը (միայն Գեմփ Օտտոյի վերաբերեալ) կը շարունակուի Հայ մշակոյթի տան մէջ մինչեւ 2023-ի Յունուարի կէսը։
Աւանդական ընդունելութեամբ վերջացաւ այս ջերմիկ հաւաքոյթը։