Լեզուական Հնհնուքներ (2). Միասնական Ուղղագրութիւն
Մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման դէմ կանգնած մեծագոյն խոչընդոտը նկատուեցաւ նոր ուղղագրութիւնը, որ լիովին կը կտրէր նոր հայերէնը անոր դասական եւ միջին որակներէն, նաեւ արեւմտահայերէնէն, որ սփիւռքի մէջ յամառօրէն կառչած մնաց աւանդական ուղղագրութեան։
Աւանդական ուղղագրութիւնը զերծ չէր եւ չէ ներքին հակասութիւններէ եւ երկձեւութիւններէ, որոնք մամուլի մէջ եւ առանձին հեղինակներու կողմէ յաճախ քննարկման առարկայ կ՛ըլլային դեռ 19-րդ դարէն սկսեալ։
Եւ ահա այս հակասութիւններն ալ պատրուակ կը դառնան, որ նոր ուղղագրութեան կրողները մերժեն հին ուղղագրութիւնը վերականգնելու ամեն փորձ։
Պէտք է գիտնանք, որ աւանդական ուղղագրութիւնը չի կրնար վերականգնելի ըլլալ նորին դիմաց։ Վերականգնելու ճիգերը հիմա ձախողած են․ այդպէս ալ պէտք է ըլլար։
Բայց կայ միասնական ուղղագրութեան տեսլական։ Միշտ ալ եղած է, հիմա կրկին օրակարգի վրայ է։ Կը կարծեմ, որ ատիկա ծնաւ ԱՄՆ-էն, յատկապէս Լոս Անճելոսի հայկական դպրոցներու միջավայրէն, ուր խումբ մը աշակերտներ նոր ուղղագրութեամբ աճած եւ ուրիշ խումբ մը՝ աւանդական ուղղագրութեամբ աճած սերունդներու զաւակներ են։ Նոյն դասարանին մէջ այս հակասութիւնը լուծել անհնարին կը թուի։
Այս տեսլականը ունեցող մարդիկ դէմ են աւանդականի վերականգնումին, դէմ են նոր ուղղագրութեան եւս: Անոնք կ՛առաջարկեն թօթափել աւանդականի բոլոր հակասութիւնները եւ ուղղագրական նոր համակարգ մը, ըստ էութեան՝ դասական ուղղագրութեան միտող կանոնակարգ մը առաջադրել։ Այդպիսի առաջարկներու բազմաթիւ համանման փորձեր կարելի է թուել։ Կայ գրականութիւն։
Բայց, իրապէս, դիւրին է տեսլական ունենալը, դիւրին է ուղղագրական նոր համակարգի մը կամ համակարգերու պատկեր ստեղծել, բայց․․․ իրողապէս հնարաւոր կը գտնէ՞ք բան մը տեղէն շարժել․․․
Կը մնայ հաւատալ ու յուսալ։
Կը մնայ այս ժառանգութիւնը տանիլ մինչեւ վերջ։
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան