ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀՆՀՆՈՒՔՆԵՐ-3
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

… Այսուհանդերձ, 1980-ականներէն ակսեալ, ու մանաւանդ յետ անկախութեան Հայաստանի մէջ լուրջ տեղաշարժ նկատուած է արեւմտահայերէնի նկատմամբ։
— Արեւմտահայերէնը դասանիւթ է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու բանասիրական բաժանմունքներու մէջ։ Նուազագոյնը կայ արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն զուդագրական քերականութիւն անունով դասանիւթ մը։ Երեւի հեռու չէ այն օրը, երբ համալսարանի մէջ հայոց լեզու առարկան միայն արեւելահայ գրական լեզուն չըլլայ, այլ երկուքը՝ համատեղ։ Այս է այսօրուան հայերէնը, ու հայոց լեզուի մասնագէտը պարտի իմանալ երկու տարբերակներն ալ, նոյն խորութեամբ։
— Լոյս կը տեսնեն արեւմտահայերէնի դասագիրքեր, բառարաններ, բառացանկեր եւ ուղղագրական ուղեցոյցեր։
— Արեւմտահայերէնը կը դասաւանդուի Երեւանի կարգ մը դպրոցներուն մէջ։
— Գիտական հանդէսներու մէջ եւ առանձին հատորներով աւանդական ուղղագրութեամբ եւ արեւմտահայերէնով կը հրատարակուին պատկառելի թիւով յօդուածներ եւ աշխատասիրութիւններ:
— Կը կատարուին արեւմտահայերնով եթերային հաղորդումներ, կը սփռուին հարցազրոյցներ, լրատուական թղթակցութիւններ։ Արեւմտահայերէնը լսելի է հայ կեանքը յուզող ամենատարբեր խնդիրներու արծարծման մէջ (թէ՛ տհաճ եւ թէ անյարմար է ոմանց արեւելահայերէնով խօսելու բռնազբօսիկ կերպը)։
Այս բոլոր դրական առաջընթացները գնահատելի են անշուշտ, բայց բաւարար չեն դպրոցական հասակի սերունդին համար։ Հանրակրթարանի դպրոցականները անհաղորդ կը մնան արեւմտահայերէնին: Մինչ բոլորս գիտենք, որ սփիւռքի նախակրթարաններու ընթերցարան-դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ ունէր եւ ունի արեւելահայերէնը։ Նոյնիսկ մանկապարտէզներու մէջ կարելի է լսել արեւելահայ մանկագիրներու գործերը։ Արդ, ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չ’օգտագործուիր Սփիւռքի փորձը, ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը չի մտներ հայրենի հիմնական դպրոցի ընթերցարաններուն մէջ: Օրինակ, քսան դասէն գոնէ չորսը ըլլայ արեւմտահայերէն: Հոս շատ ու շատ կարեւոր է ընտրութիւնը, լեզուական իւրայատկութիւններու կիզակիտումը։ Յետոյ, չորրորդ կարգէն ետք, արեւմտահայ գրութիւնները բերել աւանդական ուղղագրութեամբ, իւրաքանչիւր նիւթի մէջ ուղղագրական օրինաչափական մէկ պարագայ ցոյց տալով (օրինակ՝ բառամէջին ձայնաւորէ առաջ ու-ն իբրեւ վ՝ նուազ, ստուեր, նուէր, կռուիլ, աղուոր): Դպրոցականը նախակրթարանին մէջ կ՛ընտելանայ արեւմտահայերէնին, կը հասկնայ եւ աւանդական ուղղագրութիւնը անյաղթահարելի բան մը չի տեսներ, աւելի վաղ տարիքին կ՛ընտելանայ սփիւռքեան հրատարակութիւններուն, հայերէնը իր ամբողջ հարստութեամբ ընկալելու ինքնածին հետաքրքրութիւններու յագուրդ կու տայ:
— Սա մերձեցման տանող ամենէն վստահելի ճանապարհն է․ ճանչցնել, ընտելացնել։
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան