Լեզուասպանութիւնն ալ Ցեղասպանութիւն է
Երբ չենք դադրիր խօսելէ հայերէնի իմացութեան կարեւորութեան մասին, յաճախ կը լսենք նկատողութիւններ, թէ ո՞վ է կարեւորութիւն տուողը, առանց լաւ հայերէն գիտնալու ալ կարելի է մեր կեանքը ապրիլ, լաւ հայ ըլլալ, ի վերջոյ ո՜վ է, որ այդպիսի հայերէն պիտի գործածէ եւ այլն։
Ապրիլ 24-ի նուիրուած այս յօդուածով կ’ուզեմ վկայակոչել երիտասարդ ամերիկացի մասնագէտ մը՝ լեզուաբան, գրող եւ թարգմանիչ Ross Perlin, որ մեր բոլորէն աւելի ուսումնասիրած է վտանգուած լեզուներու կացութիւնը։ Այս օրերուն լոյս տեսաւ իր «Language City: The Fight to Preserve Mother Tongues« («Լեզուաքաղաք _ Պայքարը՝ պահպանելու համար մայրենի լեզուները») հատորը, որմէ խմբագրուած երկար քաղուածք մը հրատարակուեցաւ The Guardian weekly շաբաթաթերթի 2024 մարտ 1-ի թիւով՝ «War of words« («Բառերու պատերազմը») խորագրով։
Փերլին համատնօրէնն է Endangered Language Alliance-ին («Վտանգուած լեզուներու դաշինքին»), որ իր իսկ բառերով՝ «լեզուաբաններու, լեզուի պաշտպաններու, բազմալեզուներու եւ սովորական մարդոց արտասովոր ընդլայնուած ընտանիք մըն է»։
Այս յօդուածով հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ցեղասպանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրը, կը շարունակուի լեզուասպանութեան ճամբով։
Ի՞նչ կ’ըսէ ան։
Նախ կը հաստատէ, թէ «ոչ մէկ լեզու գերադաս է որեւէ այլ լեզուէ»։ Աւելի քան ցեղային ծագումը եւ կրօնը, լեզուն է, որ «պատուհան մըն է մարդկային այլազանութեան՝ ամենէն խորունկ մակարդակներու վրայ»։ Այսօր տակաւին գոյութիւն ունին 7500 լեզուներ, որոնք «կը ներկայացնեն բնական հազարաւոր փորձառութիւններ՝ տեսնելու, հասկնալու եւ ապրելու եղանակներ, որոնք մաս պէտք է կազմեն մարդու լինելութեան որեւէ նշանակալի պատումին։» Այդ լեզուներէն որեւէ մէկը որեւէ միւսէն գերադաս չէ։ «Լեզուներու գերադասութեան կամ ստորադասութեան հասկացումները չեն հիմնուած իրենց՝ լեզուներուն վրայ, այլ՝ խօսողներո՛ւն ուժին, դասակարգին կամ դիրքին վրայ»։
Այդ լեզուներու գրեթէ կէսը կը խօսուի տաս հազար կամ նուազ համրանք ունեցող համայնքներու կողմէ, իսկ հարիւրաւոր լեզուներ՝ տասը կամ նուազ թիւով խօսողներու կողմէ։ Վտանգը, որ շատերու կը սպառնայ, լայնածիր է, նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր կամ քանի մը միլիոն խօսող ունեցող լեզուներ կրնան խոցելի ըլլալ։
Ասիկա բան մը չի՞ յիշեցներ մեզի արեւմտահայերէնին առնչութեամբ…
Բայց, ինչպէս կը նշէ լեզուաբանը, «փոքր լեզու մը կրնայ ուժեղ մնալ դարերով, այնքան ատեն որ ծնողներ, մեծծնողներ կամ այլ խնամատարներ զայն կը գործածեն իրենց զաւակներուն հետ»։ Փերլին չի բացառեր, որ այլազան պատճառներով մարդիկ մէկէ աւելի լեզուներու տիրապետեն, սակայն դիտել կու տայ, թէ բազմալեզուայնութեան հաւասարակշռութիւնը կ’անհետանայ, երբ գաղթատիրական կամ պետական (ինք կը գործածէ «ազգային» _ national _ բառը) լեզուները կ’առնեն փոքրամասնութեան լեզուին տեղը։
Ապա հարց կը տրուի, թէ առաջին հերթին «ինչո՞ւ լեզուական այլազանութիւնը կարեւոր է«։
Պատասխանը՝ «քիչ վաւերագրուած, գլխաւորաբար բանաւոր լեզուներն են, որոնք մեզի կը սորվեցնեն բնութեան եւ մարդկային հաղորդակցութեան կարելիութիւններուն մասին»։ Անոնք կը բովանդակեն նաեւ բանաստեղծութիւն, գրականութիւն, կատակներ, առածներ եւ դարձուածքներ, որոնց «միայն մէկ կոտորակն է թարգմանելի»։
Եւ, _ շատ ուշադիր ըլլանք այս ըսուածին, _ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ ոչինչ կրնայ փոխարինել մայրենի լեզուով կրթութիւնը եւ «լեզուի պահպանումը անբաժանելի բաղադրիչն է ֆիզիքական եւ մտային բարօրութեան, _ հաւանաբար յատկապէս երկար ատեն ստորադասուած բնիկներու եւ փոքրամասնութիւններու պարագային» (այս ու բոլոր թաւագրումները՝ ինձմէ _ Վ-Ա.)։ Ինչպէ՞ս չյիշել բոլոր այն վկայութիւնները, թէ ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ տուայտող հայութեան յաճախ արգիլուած էր գործածել իր մայրենի լեզուն։ Նոյնը նաեւ խորհրդային աքսորավայրերուն մէջ։
«Այսօր», _ կ’ըսէ հեղինակը, _ «լեզուական կայսերապաշտութիւնը մեծցած է ցուցչային կերպով (exponentially)». համեմատաբար փոքր թիւով կայսրութիւններ եւ ազգ-պետութիւններ օժտուած են օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր գործող հաղորդակցութեան եւ դաստիարակութեան համակարգերով, որոնք կը ծածկեն աշխարհի ամբողջ տարածքը, այդպիսով իրենց դարաւոր կայսերապաշտութեամբ, դրամատիրութեամբ, բնութեան քանդումով ու ազգ-պետութեան հաստատումով նաե՛ւ լեզուական տեսակէտէն սպառնալիք մը կը հանդիսանան։
Նորաբնակ անգլիախօս հասարակութիւններու մէջ, ինչպիսին են ԱՄՆ-ն ու Գանատան, «ցեղասպանութիւնը, տարագրութիւնը, հիւանդութիւնը, նախապաշարումն ու բնիկ ժողովուրդներու վրայ ճնշումի բոլոր ձեւերը« խորապէս փոխած են լեզուական պատկերը։ Գրեթէ անհետացած կամ անճանաչելի դարձած են անոնց լեզուները, եւ աշխարհով մէկ ընտանիքներ իրենց ճակատագիրը կապած են անգլերէնին կամ իշխող այլ լեզուներու, «լքելով ոչ միայն բառեր, այլեւ շարժանշաններ (gestures), հնչերանգներ, _ ինչպէս պատահեցաւ արեւելահայերէնի շեշտադրութեան խաթարման պարագային _ Վ-Ա., _ դիմային արտայայտութեան ու խօսելակերպի տարածուն աւանդութիւններ եւ հաւանաբար մշակոյթ եւ առանձնայատկութիւն»։
Փերլին կը շարունակէ իր զգուշացումները, եթէ կրնանք այդպէս կոչել իր նկատողութիւնները. «Միայն քաղաքական, տնտեսական, կրօնական կամ ընկերային բուռն ճնշումներու ներքեւ է, որ ժողովուրդներ կը դադրին իրենց մայրենի լեզուն իրենց զաւակներուն փոխանցելէ, իսկ այսօր այդ ճնշումները ամենուրեք են»։ Կէս երկիլիոն բնիկ անգլիախօսներու եւ մէկ կամ երկու երկիլիոն անգլերէնը իբր երկրորդ լեզու որդեգրածներու միտքը տարուած է միալեզուայնութեամբ, մինչ «այսօր ճանաչուած իրողութիւն է, որ բազմալեզու մանկութիւն մը իմացական անգնահատելի առաւելութիւն մըն է, որ ամբողջ յաւելեալ տարողութիւն մը կ’աւելցնէ մէկու մը աշխարհընկալման վրայ»։ Այս, սակայն, մեծ ճիգ եւ միջոցներ կը պահանջէ միալեզու ծնողներէ։
Դժբախտաբար, _ կ’ըսէ հեղինակը, _ մարդիկ որ խորապէս կը գիտակցին իրենց մենաշնորհներուն՝ սեռային (gender), ցեղային, դասակարգային կամ սեռական (sexual) առումով, հազուադէպ նկատի կ’առնեն իրենց լեզուական մենաշնորհները։
Ի՞նչ ընել։
Լեզուաբանները չեն, որ կրնան «փրկել« վտանգուած լեզուները։ «Ամեն լեզու անվերջ է (limitless) այնքան ատեն, որ խօսողները զայն կը խօսին, կամ նշանային լեզուով հաղորդակցողները զայն կը գործածեն»։
Իսկ վտանգուած լեզուներու ի նպաստ պայքարիլ կը նշանակէ բռնել խօսողներուն կողմը, սակայն «ի վերջոյ համայնքներուն կը մնայ որոշել պահել եւ ինչպէ՛ս պահել իրենց լեզուները»։
Գրողը կը գիտակցի նաեւ, որ այդ առնչութեամբ «այլոց կողմէ կը պակսի իսկական նիւթական, քաղաքական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւնը, մինչ այնքան հասարակ երեւոյթներ են հալածանքը, ծաղրանքն ու խարանը«։ Ասոնց ի հետեւանք՝ վտանգուած լեզուներու հաւաքականութիւններուն մէջ կը տարածուին այսպիսի կեցուածքներ՝ «ո՞ւր պիտի խօսիմ իմ լեզուս, ո՞վ պիտի հասկնայ զիս, պիտի կարենա՞մ իսկապէս այդ լեզուով մտածել»։ Փերլին կ’աւարտէ իր այս նշանակալից գրութիւնը հետեւեալը հաստատելով. «Ջանալ հաղորդակցիլ լեզուով մը, որ հաղորդակցութեան լեզու չէ այլեւս, յարութիւն տալ աշխարհայեացքի մը, որ հորիզոնէն գրեթէ անդի՜ն է՝ հրաշալի խենթութիւն մըն է»։
Ուստի, չսպանենք մեր լեզուն, մենք մեր ձեռքով չըլլանք մեր ցեղասպանը, չըլլանք անձնասպան, այլ աշխատինք, որ այդ սրբազան խենթութիւնը մե՛րը ըլլայ ընդմիշտ։
Վրէժ-Արմէն