Լիբանանահայերու նոր ծիլերը Հայաստանի մէջ
Վերջին շրջանին Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուեցան զգալի թիւով հայրենակիցներ, որոնք համալրելով տարբեր երկիրներէ հայրենադարձածներուն շարքերը՝ կայք հաստատեցին հայրենիքի մէջ։ Անոնք եւս ցանեցին իրենց «սերմերը», որոնք արդէն ծիլ արձակեցին՝ ծաղկեցնելով երկրի յատկապէս սնունդի, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտները։ Քիչ չէ նաեւ գիտարուսետի ասպարէզէն ներս եւ միջազգային կազմակեպութիւններու հետ առցանց աշխատող երիտասարդներուն թիւը։
Լիբանանահայերու այս ոլորտներուն ընտրութիւնը պատահական չէ. բոլորիս յայտնի է երկրի սպասարկութեան բարձր մակարդակը, համեղ ճաշատեսակներն ու քաղցրեղէնները, պտուղներն ու բանջարեղէնները. ոլորտներ, որոնց մէջ զգալի դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ լիբանանահայերը։ Ահա անոնց մէկ մասը որոշեց այդ փորձը բերել Հայաստան եւ հայրենադարձներու հայրենիքին հաղորդած նոր շունչին վրայ աւելցնել նոր երանգներ։ Իսկ լիբանանահայ երիտասարդները, անգլերէնի գերազանց իմացութեան շնորհիւ, հնարաւորութիւն ունեցան առցանց աշխատանքներ գտնելու միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս՝ ապահովելով իրենց կեցութեան ու ապրուստի ծախսերը։
Գնահատելի է այն հանգամանքը, որ Հայաստան տեղափոխուած լիբանանահայերը գործ հաստատած են ոչ միայն Երեւանի կեդրոնին մէջ, այլեւ աւելի ծայրամասային թաղամասերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ՝ Աշտարակ, Կիւմրի, Սպիտակ, Լոռի, Պռոշեան գիւղ եւ այլն։
Ինչքան ալ փորձենք հայրենիք ըլլալէն բացի, Հայաստան տեղափոխուելու այլ հիմնաւորումներ գտնել, մէկ բան յստակ է, որ եթէ նոյնիսկ մղումը բուն հայրենասիրութիւնը չէ, այլ՝ լեզուի իմացութիւնը, ծանօթ շրջապատ ունենալը, երեխաներու տաղանդներն ու հետաքրքրութիւնը զարգացնելը, ուսումը շարունակելու մատչելի պայմանները եւ նման այլ հնարաւորութիւններ, հիմքը դարձեալ հայրենիք ըլլալն է, այլապէս հարազատութենէն ու պատկանելիութեան զգացումէն անդին՝ դժուար է գտնել խրախուսող այլ միջոցներ, զորս կ’ընձեռէ Հայաստան՝ խթանելու համար հայրենադարձութիւնը։
«Հորիզոն»ը զրուցած է վերջերս Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուած եւ տեղափոխուելու գործընթացը սկսած մեր հայրենակիցներուն հետ, ծանօթացած անոնց կատարած աշխատանքներուն եւ պարզած Հայաստան տեղափոխուելու իրենց դրդապատճառները։
Մարտիկ եւ Մարի Չոգագլեան ընտանիքը Լիբանանէն տեղափոխուած է Պռոշեան գիւղ եւ հիմնած «Maryfood» պատուէրներով եւ առաքումի հնարաւորութեամբ տնական համեղ բազմազան ուտեստներու հաստատութիւնը, որուն արտադրանքը արդէն մեծ տարածում ունի եւ նոր շունչ հաղորդած է հայաստանեան ճաշերու տեսականիին։
Իսկ ի՞նչը մղեց Չոգագլեան ընտանիքը, որ իրենց գործը հիմնեն Հայաստանի եւ յատկապէ՛ս Պռոշեան գիւղին մէջ. «Լիբանանը եղած է մեր ծննդավայրը, սակայն, տարիներ շարունակ ապրած ենք երազելով հայրենիք տեղափոխուելու մասին։ Հայրենասիրութեան կանչով հասանք Հայաստան: 2011 թուականին կատարեցինք առաջին քայլը, գացինք Արմաւիրի մարզի գիւղերը՝ գիւղատնտեսական աշխատանք կատարելու, 40-50 աշխատող ունէինք, բայց կլիմայական անբարենպաստ պայմաններուն պատճառով գործը չյաջողեցաւ։ Գիւղատնտեսութեան զուգահեռ, Նալպանտեան գիւղի բնակիչներուն ներկայացուցինք ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը, ուր յետագային հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի Նալպանտեան գիւղի «Սօսէ» մասնաճիւղը, որուն միջոցով հոգացինք գիւղի բնակչութեան կարիքները։
«Մարզեր այցելելու ընթացքին, այցի գացինք Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղ, ուր առաջին իսկ վայրկեանէն հոգեհարազատ զգացինք, կարծես մեր Այնճարն էր՝ իր բնակիչներու ազնիւ մօտեցումով ու հարազատութեամբ։ Ուստի որոշեցինք այնտեղ հողատարածք առնել եւ հիմնել մեր հայրենի օճախը։
«2019-ին վերջնականապէս տեղափոխուեցանք Պռոշեան եւ շրջապատին քաջալերանքով՝ որոշեցինք արեւելեան ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ պատրաատել ու վաճառել։ Աւելի ուշ, որոշեցինք հողատարածքի վրայ արտադրամասի մը կառուցել, հիմնական նպատակ ունենալով՝ գնումները կատարել գիւղացիներէն եւ աշխատողներ ունենալ գիւղէն։ Այսօր մեր ընտանիքէն բացի, գիւղէն ունինք երկու աշխատող եւ այդ թիւը աւելցնելու յոյս ունինք։
«Հայաստան տեղափոխուիլը բարենպաստ էր նաեւ մեր զաւակներուն համար, տղաս եւ աղջիկս դպրոցը աւարտեցին Լիբանանի մէջ, Հայաստան գալէն ետք, աղջիկս աւարտեց ամերիկեան համալսարանի «computer science» բաժինը, տղաս հմտացաւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ», Հորիզոնին ըսաւ տիկին Մարին։
Մեր երկրորդ զրուցակիցը Հեղնար Հերկելեանն է, որ Հայաստան տեղափոխուած է իր երկու անչափահաս երեխաներուն հետ։ Ան Ամերիկեան Case-Mate ընկերութեան հետ համագործակցող հայկական ընկերութեան աշխատակից է։
Հայաստան տեղափոխուելու մասին Հեղնարը կ’ըսէ. «Նախ Հայաստանը մեր հայրենիքն է, այստեղի դժուարութիւններով հանդերձ նախընտրեցինք հոս գալ, ուրիշ երկիր երթալու մասին չենք ալ մտածած, մեզի համար ամենայարմարը այստեղ տեղափոխուիլն էր։
«Հայաստանի մէջ ապրիլը առաւելութիւն է յատկապէս պզտիկներուն համար, ապահով է, հայերէն կրթութիւն ստանալէն բացի, իրենց նախասիրութիւնները զարգացնելու եւ համալսարանական ուսումը շարունակելու լայն եւ մատչելի հնարաւորութիւններ կան»։
Նշենք նաեւ, որ Հեղնարի Հայաստան գալէն ետք, անոր տեղափոխուելու քայլին կամաց-կամաց կը հետեւին նաեւ իր հարազատները, որոնք արդէն մշակած են իրենց գործունէութեան ծրագրի ոլորտը։
Յաջորդ հայրենադարձը Տաւիղ Ադամեանն է, ան Լիբանանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն ետք, շատ փորձած է այնտեղ գործ գտնել, բայց ապարդիւն:
Երկու տարի առաջ, ան նախընտրած է Հայաստան տեղափոխուիլ, որովհետեւ ընկերը այստեղ կ’ուսանի, Հայաստանի մէջ ունի ծանօթ շրջապատ եւ այստեղ աւելի հարազատ կը զգայ, Հայաստանը նաեւ իր աշխարհագրական դիրքով մօտ է Լիբանանին, ուր կ’ապրին Տաւիղին ծնողները, հետեւաբար ան նոյնպէս հայրենիքէն բացի այլ երկիր տեղափոխուելու եւ այնտեղ աշխատելու մասին չէ մտածած։
Տաւիղը Երեւանի մէջ ամերիկեան ընկերութեան մը աշխատակից է, աշխատանքը կը կատարէ առցանց, շատ գոհ է իր այստեղի կեանքէն եւ ուրախ է իր հարազատ հողին վրայ։
Մեր յաջորդ զրուցակիցը Գէորգ Թասլաքեանն է, որ տարիներ առաջ, ծրագրեց ընտանիքին հետ Այնճարէն տեղափոխուիլ Հայաստան, նախ տուն գնեց, յետոյ մի քանի տարի յաճախ Հայաստան այցելելով ուսումնասիրեց շուկան՝ որոշելու իր ներդրման ոլորտը։ Ի վերջոյ հասաւ եզրակացութեան, որ Հայաստանի մէջ արեւելեան բազմատեսակ քաղցրեղէններու մասնագիտացած խանութ չկայ, իսկ պահանջ կայ թէ՝ ոչ, պէտք էր պարզել ծրագիրը սկսելէն ետք։ Ամիսներ առաջ ան Կոմիտասի մէջ բացաւ «Այնճար» անունով սրճարան-խանութ մը, ուր ոչ միայն տեղ գտաւ արեւելեան համեղ քաղցրեղէններու լայն տեսականի, այլ անիկա դարձաւ աշխարհի բոլոր կողմերէն Հայաստան ժամանող այնճարցիներու հանդիպման վայր, որուն պատերուն տեղ գտած նկարները կը ստեղծեն այնճարեան համայնապատկեր մը։ Աւելին՝ պարզուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ արեւելեան քաղցրեղէններու պահանջ կայ։ Հետեւաբար, արդէն հայրենիք գալու ժամանակն է. շուտով Գէորգին մեծ աղջիկը՝ Փաթիլը, դպրոցը պիտի աւարտէ, ու ընտանիքը պիտի վերամիաւորուի Հայաստանի մէջ։ Փաթիլը ուսումը կը շարունակէ այստեղ, իսկ փոքր աղջիկը՝ Արազը, կրթութիւնը կը շարունակէ իր նախասիրած մասնագիտութեան գոլեճին մէջ։
«Շատոնց նպատակ ունէինք Հայաստան հաստատուելու։ Լիբանանի հետ բաղդատած, մեր զաւակներուն ուսման եւ ապագային համար աւելի նպատակայարմար կը տեսնէինք։ Երբ Լիբանանի տնտեսական վիճակը ծանրացաւ, մենք աւելի համոզուեցանք, որ պէտք է տեղափոխուինք։ Այլ երկիրներ (Ամերիկա, Գանատա) մեկնելու առիթ ունեցած ենք, բայց մեր նպատակը յստակ էր՝ հաստատուիլ Հայաստան, ինչ ալ ըլլան մարտահրաւէրներն ու պայմանները…», Հորիզոնին ըսաւ «Այնճար» խանութ-սրճարանի սեփականատէր՝ Գէորգ Թասլաքեան, որ «Այնճարի»ի շնորհիւ ինը աշխատակիցներու համար գործի հնարաւորութիւն ստեղծած է։
Ընթացքի մէջ է նաեւ Յակոբեան ընտանիքի Հայաստան տեղափոխուելու ծրագիրը. հայր եւ որդի Սեւակ եւ Կրեկ Յակոբեանները, Լոռիի Բուշկինօ գիւղին մէջ հիմնած են «fresh farm» ընկերութիւնը, ուր բնական միջոցներով՝ առանց քիմիական յաւելումներու՝ կ’աճեցնեն բանջարեղէններ եւ պտղատու ծառեր, կը պահեն անասուններ, որոնք կը հայթայթեն անարատ կաթ, տնական հաւկիթ, արդար մեղր։ Փոքր քայլերով գործի անցած եւ ծրագիրը ընդլայնելու պատրաստակամութեամբ՝ freshfarm-ը իր արտադրանքը կ’առաքէ Հայաստանի բոլոր շրջանները՝ ըստ պատուէրներու։
Սեւակ Յակոբեանի հետ զրուցելով պարզեցինք, որ Հայաստանի մէջ այս գործը հիմնելու միակ դրդապատճառը հայրենադարձութիւնն է, իսկ Լոռիի գեղատեսիլ բնութիւնը, գիւղատնտեսութեան համար յարմար կլիման եւ պայմանները մղեցին, որ ան իր տնտեսութիւնը հիմնէ տեղի Բուշկինօ գիւղին մէջ՝ մօտ ապագային հիմնական Հայաստան տեղափոխուելու վճռականութեամբ։
Ակնյայտ է, որ մեր զրուցակիցները հետեւած են Շիրազի կոչին…
Ինչո՞ւ Գանատա, ի՞նչ Ամերիկա,
Երբ թէկուզ մի բուռ Հայաստանը կայ,
Տուն աղաւնացէք….
Ինչ խօսք, հեշտ որոշում չէ, սակայն ազգին ու հայրենիքին հանդէպ պատկանելիութեան զգացողութիւն ունեցողին եւ տեղափոխուելու հնարաւորութիւն ունեցողին համար ամենաճիշդ եւ միաժամանակ աննկարագրելի երջանկութիւն պարգեւող որոշում մըն է…
Թող Սփիւռքի ողջ համայնքներէն հայրենակիցներ գան Հայաստան եւ իրենց ծիլերը արձակեն մեր վիրաւոր, սակայն միշտ կանգուն ու չքնաղ հայրենիքին մէջ։
Այսօր, առաւել քան երբեւէ, իւրաքանչիւրս իր ընելիքը պէտք է ունենայ մայր հողին վրայ…
Նայիրի Մկրտիչեան
«horizonweekly»