1. Լծակից հնչիւններ/տառեր
Հայերէնի մէջ ի վաղուց անտի նկատուած են բառեր, որոնք հանդէս եկած են տարբեր արտասանութեամբ, իսկ այդ տարբերութիւնը առհասարակ կը կայանայ մէկ հնչիւնի մէջ. օրինակ՝ երախայ եւ երեխայ ՝ ա/ե, այլեւ՝ Արաքս եւ Երասխ, առասան եւ երասան, արագ եւ երագ:
Ա եւ ե ձայնաւորները այս պարագային կը կոչուին «լծակից հնչիւններ», եւ անշուշտ տառերը՝ «լծակից տառեր»:
Ծանօթ.− «Նոր հայկազեան»-ը ունի երախայ կամ երեխայ. «Տղայ նորածին՝ կաթնկեր, որ չունի բերան խօսելոյ»: Այսպէս, ա՛յս նշանակութեամբ ճանչցուած են այս երկու բառերը նախաքրիստոնէական դարերուն, ընդհուպ հազարամեակներուն, եւ քրիստոնէութեան մուտքէն ետք է միայն, որ երախայ բոլորովին պայմանականօրէն յատկացուած է «չմկրտուած» հասկացութեան՝ անկախ ենթակային տարիքէն, այսինքն՝ նորածինէն մինչեւ զառամեալ ծերունին, իսկ երեխայ պահած է իր բնիկ իմաստը:
Այս եւ շատ ուրիշներու երկւութեան պատճառը միշտ ծանօթ չէ:
Հաւանական է, որ ասոնք ըլլան բարբառային տարբերակներ, սակայն անհաւանական չէ նաեւ, որ ամէն մէկը յատուկ ըլլայ այն տարբեր ցեղերուն, որոնք հետագային միացած ու կազմած են մէկ ու միասնական հայութիւնը՝ պահելով հանդերձ իրենց մանր-մունր առանձնայատկութիւն(ներ)ը:
Այս տիպի լծակիցներու շատ ճոխ հաւաքածոյ մը կը գտնենք հայր Արսէն Բագրատունիի «Ի պէտս զարգացելոց» աշխատութեան աւարտին:
2. Լծակից հնչիւնի ուրիշ օրինակներ են ս եւ շ. օրինակ՝ սոճի-շոճի, սեմ-շեմ, Սիմաւոն-Շմաւոն:
Այստեղ յառաջացած երկւութիւնը հետեւանք է յունական եւ ասորական/սեմական արտասանութեանց: Յունարէնը չունէր Շ հնչիւնը եւ զայն կը տառադարձէր Ս. տրուած ըլլալով, որ մենք գտնուած ենք այս երկու լեզուներու զօրաւոր ազդեցութեանը տակ՝ մերթ բանաւոր, մերթ գրաւոր, մերթ բանաւոր ու գրաւոր հաւասարապէս, ուստի ազդուած ենք երկուքէն ալ: Այսպէս, մեր հարաւային նահանգները սահմանակից եղած են ասորական թագաւորութեան. ժամանակին հետ այստեղ յառաջացած են շատ զօրաւոր ներթափանցումներ: Այս կենակցութեան վրայ հետագային աւելցան այն ասորի քահանաները, որոնք հրաւիրուեցան Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ՝ որպէսզի սպասարկեն հայկական եկեղեցիներու մէջ, ուր արարողութեան լեզուն չէր հայացած տակաւին: Իսկ դար մը ետք ասոնց վրայ աւելցաւ Աստուծաշունչի ասորերէնէ թարգմանութիւնը, որ իր կարգին ժառանգ ձգեց ասորական արտասանութիւն ունեցող բառերու՝ յատուկ թէ հասարակ, նոր օժիտ մը:
Ասորերեէնին յաջորդեց յունարէնը գիրերու գիւտէն ետք, երբ մեր թարգմանիչները լծուցեան հայերէնի վերածելու յունական ողջ մատենագրութիւնը, ի մասնաւորի՝ Աստուածաշունչի, որուն ասորերէնէ թարգմանութիւնը վերանայուեցաւ յունական բնագիրի մը վրայէն: Եւ զարմանալի չէ, որ գրաբար Աստուծաշունչի մէջ հանդիպինք նոյն բառին կամ անունին երկու տարբեր արտասանութեանց՝ Շիմոն եւ Սիմոն, առաջինը՝ ասորական, երկրորդը՝ յունական:
3. Ունինք լծակից հնչիւններու երրորդ խումբ մը, որ յառաջացած է բարդ բաղաձայններու տարբաղադրումով ու պարզի վերածումով. ասոնց մէկ տիպարն է Ծ-ի վերածումը Տ եւ Ս պարզ բաղաձայններու (ծ = ts). ասոր լաւագոյն ներկայացուցիչն է ծածանիլ-տատանիլ-սասանիլ եռեակը: Վաղեմի ժամանակներուն՝ այս երեքը ունեցած են նոյն նշանակութիւնը, որ է «յաջորդական ցնցումներ»-ու շարք մը, որ լեզուն հետագային տնտեսած եւ վերածած է երեք հոմանիշ հասկացութիւններու: Այլուր շարքը աւելի թերի է. օրինակ՝ ծիծ-տիտ, նաեւ՝ բուծ(անել) եւ բուտ(ել). օրինակ՝ խոտաբոյծ-խոտաբուտ: Այլեւ՝ մոյծ եւ մուտ (մուծանել եւ մտանել) եւ այլն:
Նոյն ծիրէն ներս գրաբարեան իրեար դերանունին եա երկբարբառի տարբաղադրումով յառաջացած են իրեր-ամերժ եւ իրար-ամերժ բառերը:
4. Բարդ բաղաձայնի քայքայումին հակառակ` կրնայ յառաջանալ պարզերու ձուլում եւս. օրինակ մեր Չ բաղաձայնը գումարն է Թ եւ Շ հնչիւններու (այլ հարց թէ թ-ն իր կարգին գումարն է տ եւ հ հնչիւններու՝ թ=th, իսկ շ-ն գումարն է ս եւ հ հնչիւններու՝ շ=sh):
Այլ խօսքով՝ մեր մեսրոպեան չ-ն գումարն է տ-հ-ս-հ հնչիւններու:
Այս պատճառով ալ օտարները Չ ունենալու համար կը դիմեն զանազան հնարքներու՝ կապելով զանազան տառեր. օրինակ՝
անգլերէնը՝ c+h
ֆրանսերէնը՝ t+c+h
գերմաներէնը՝ t+s+c+h
Բերուած երեք օրինակներն ալ տեսականօրէն թերի տառեր են. անգլերէնը բոլորովին պայմանական է, իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի. երբեմնի ch տառազոյգը հետզհետէ հնչիւնափոխուած ու «չ» արտասանուած է, եւ զայն խօսողները ոչ մէկ ձեւով սրբագրած են իրենց աւանդական ուղղագրութիւնը: Ֆրանսերէնին՝ t-ին կից կը պակսի հ մը. այսինքն՝ պէտք էր ունենայինք t-h-c-h, սակայն այստեղ եւս միջամտութիւնը ամբողջական չէ կատարուած: Գերմաներէնը իր կարգին թերացած է հ մը աւելցնել t-ի աջին:
Պայմանականութեան մրցանիշը կը կոտրէ իտալերէնը, որուն երբեմնի c “կ” հնչիւնը ժամանակին հետ փոխուեցաւ ու “չ” դարձաւ i եւ e հնչիւններէն առաջ (օրինակ՝ ci=չի, pace=փաչէ), սակայն տառային ոչ մէկ բարեկարգում տեղի ունեցաւ:
Ասկէ մեկնած՝ բաղաձայնական ձուլումի լաւագոյն օրինակ մըն է մեր թշուառ բառը, որ տուած է չուառ (թշ = չ): Այս վերջինը թէեւ մեր բառարաններուն մէջ մտած է, սակայն բանուկ բառ մը չէ, հաւանաբար ան կենսունակ էր Միջին դարերուն, ուր եւ տեղի ունեցած է իր կազմութիւնը:
* *
*
Այսու մեր բաղադրեալ բաղաձայններու ցանկը՝
թ= տհ, ծ= տս, ձ= դզ, ճ= տշ, չ= թշ, ջ= դժ, ց= թս, փ= պհ, ք= կհ:
Այս բաղադրեալ բաղաձայնները կազմող պարզերը ականջով զանազանելի չեն, ճիշդ ինչպէս քիմքով զանազանելի չեն ջուրը կազմող O+H² տարրերը (éléments):
Գալով ձայնաւորներուն՝ բոլորն ալ պարզ են: Բաղադրեալ ձայնաւոր գոյութիւն չունի:
Ունինք երկբարբառներ, որոնք սերտ միութիւնն են երկու ձայնաւորներու, որոնք ոչ մէկ ձուլումի կ’ենթարկուին եւ յստակ իմանալի են. օրինակ՝ սենեակ, կամ ձայնաւորի մը ու կիսաձայնի մը. օրինակ՝ գոյն, ձայն, սեյր (սէր), եւ որոնք մէկ վանկի մաս կը կազմեն:
Եւ եռաբարբառները. օրինակ՝ ափսեայ > ափսէ, արդեաւք > արդեօք, միայն > մէն, որոնց հնչիւնները նմանապէս զատորոշելի են եւ երեքով մաս կը կազմեն նոյն վանկին:
Յետագրութիւն
Նախորդ առաքումովս թելադրած էի չըսել յետ այսու, որ հայերէն չէ, այլ ըսել այսուհետեւ: Արարատ Միրզոյեանը Ազգային ժողովի 21-3-22-ի իր ելոյթին կրկնեց ամբողջ Հայաստանի տարածքին օրնիբուն ծամծմուող «յետայսու»-ն:
Արմենակ Եղիայեան