Լոյս Տեսաւ Լիլի Որբերեանի Ասեղնագործութեան Նուիրուած Հատորը
2022ի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ Մարաշի ասեղնագործութեան վարպետ Լիլի Որբերեանի (1918-2008) ստեղծագործութիւններուն նուիրուած հատորը:
1994ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն մէջ, Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու առաջին տիկնոջ՝ Հիլըրի Քլինթընի ձեռքով National Endowment for Arts-ի բարձրագոյն մրցանակին` Master Artist-ին արժանացած Լիլի Որբերեանի նուիրուած հատորին հրատարակիչն է անոր զաւակը` Հրաչ Որբերեան, իսկ ձեւաւորողն է անոր թոռնիկը` Հէրի Որբերեան:
116 մեծադիր եւ գունաւոր էջերով հատորին մէջ լոյս տեսած Լիլի Որբերեանի ստեղծագործութիւնները լուսանկարուած են Սօսի Մածունեանի ոսպնեակով, իսկ անոր մէջ գրութիւններ ունին` Հրաչ Որբերեան, Սիւզըն Աուրպախ, Կերի Լինտ Սինանեան եւ Նենսի Սուիզի: