Լոյս տեսաւ «Հայկազեան» համալսարանի հայագիտական հանդէսի 2023 տարուան առաջին գիրքը: Ան իր 520 էջերուն մէջ, «Սփիւռքահայ իրականութեան մեծ բացական՝ հայ մտաւորականութեան դերակատարութիւն-ազդեցութիւնը» վերնագրեալ խմբագրականին կողքին, կ’ընդգրկէ արուեստագիտական, բանահիւսական, գրականագիտական, եկեղեցագիտական, ընկերաբանական, լեզուագիտական, պատմագրական ուսումնասիրութիւններ, հրապարակում մը, հաղորդումներ եւ երկու գրախօսական:
«Հայկազեա»ն հայագիտական հանդէսը լոյս կը տեսնէ Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամբիոնին կողմէ, 1970էն սկսեալ, իբրեւ տարեգիրք: 2022էն սկսեալ Հանդէսը լոյս կը տեսնէ վեցամսեայ պարբերականութեամբ:
Ստորեւ՝ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի այս գիրքին բովանդակութիւնը.-
Լուսինէ Սահակեան, «Արդի կոմիտասագիտութեան հիմնախնդիրներ» Րոպերթ Մկրտիչեան, «Աբրահամ Մկրտիչեան. իմին շինած բաներս»
Անդրանիկ Տագէսեան, «Ակնարկ հայերէն արձանագրութեամբ բաղնիքի պղնձեայ կաւամաններու վրայ»
Գալիա Դաւիդովա, «Վերյիշելով եւ վերականգնելով հայկական հարսանեկան ծէսեր, ամուսնական խորհրդանիշեր»
Արմէն Շ. Սարգսեան, «Հայ ժողովրդական ստապատումներ եւ
սուտասելուկներ»
Կարինէ Ռաֆայէլեան, «Նիւթական եւ վերացական աշխարհների փոխատեղումը Հրաչեայ Սարիբեկեանի վէպերում (Երկուորեակների արեւը, Ապուշների ուղեւորութիւնը)»
Լիզա Քարիմեան, «Հակաքաղկեդոնականութիւնը Հայաստանում. Զ. դարի սկզբին. Դուինի 506ի ժողովի դաւանական ուղղուածութիւնը» Սամուէլ Խաչատրեան, «Քննութիւն մը ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդահաճութեան հատումին. Հայաստանի պարագան»
Մարի Ալիք Գարամանուկեան, «Սփիւռքը Հայաստանի մէջ. սուրիահայերու ներգաղթը Հայաստան ու համարկումը»
Սիւզաննա Բարսեղեան, «Սփիւռքի մամուլն «Ethnic Media» հասկացութեան ենթախորքում»
Լուսինէ Տանաջեան, «Կրօնական վարքագծի որոշ առանձնայատկութիւններ Թեհրանի եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքներում»
Հրանդ Խաչատուրեան, «Մշակոյթ եւ հոգէախտաբանութիւն. Այնճար հայաւանին պարագան»
Զաւէն Մսըրլեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցութեան հարցը Թուրքիոյ մէջ (Էթնօընկերաբանական հետազօտութիւն)»
Անժելա Ամիրխանեան, «’Գայլ’ բառով բաղադրուած բոյսերի անուններ հայերէնում»
Յակոբ Չոլաքեան, «Ընդհանուր տեսութիւն Քեսապի բարբառի բուսանուններուն վրայ»
Մոհամմադ Բ. Մալէք Մոհամմադի, «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնների պատմութիւնից»
Լալիկ Խաչատրեան, «Հինհայերէնեան յարադրութիւնների փոխակերպումը բարդութիւնների՝ գոյական+բայ > բայ կաղապարով (տարժամանակեայ հայեցակէտ)»
Հայկ Նազարեան, «Հայկական հակօդային պաշտպանութեան զօրքերի զարգացումը 1994ի մայիսեան զինադադարից մինչեւ 2016ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները (Բ. մաս)»
Սեդա Գալստեան, «Էջեր Անտոն Քոչինեանի արխիւից (1966-74)»
Վահրամ Շեմմասեան, «Քափուչինեան Ս. Պօղոս առաքելութիւնը Մուսա Լեռան մէջ, 1919-39»
Վազգէն Հախոյեան, «Ալեքսանդրապոլի գաւառի 1920-21ի կոտորածները»
Կարէն Մկրտչեան, «Րաֆֆու պատմագիտական ժառանգութիւնը պարսկահայ գաղթօճախի մասին Մշակի էջերում (1872-78)»
Միհրան Ա. Մինասեան, «Անտիպ տեղեկագիր Տենէք-Մատէնի (Քեսկինի) մասին (1900 Թ.)»
Էլինա Մխիթարեան, «Արցախեան հասարակութիւնը ճգնաժամի պայմաններում (փախստականների եւ տեղահանուած անձանց խոցելի խմբերի օրինակով)»
Վահրամ Հովեան, «Միջդաւանական համագորդծակցութիւնը Քեսապում Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին»
Անահիտ Խեչոյեան, «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի աշխատութիւններ (ՀԱԻԱ) – 4»
Վաչիկ Աւագեան, «Հենրիկ Բախչինեան, Հայ միջնադարեան բանաստեղծութիւնը, հինգ հատորով»