Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան ժանրին, ուր տողերն ու նախադասութիւնները կրնան չկէտադրուիլ, անկաշկանդ մնալ, իսկ հոն պարզուած պատկերները նուազագոյն բառերով ամէնէն խորքայինը կրնան արտայայտել: «Բանաստեղծի մը ոտանաւորները հասկնալու համար հարկ է ծանօթանալ անոր ապրած ժամանակաշրջանին, տիրող իրավիճակներուն եւ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, իսկ մենք` Տէտէեանի բանաստեղծութիւններու ստորագրման ժամանակաշրջանի մահկանացուներս, անոր իւրաքանչիւր ոտանաւորը կարդալով, կը տեսնենք ընկերային ու քաղաքական հարց մը` սեղանին դրուած: Հարցեր, զորս ապրած ենք, տեսած, զգացած` մեր իսկ մորթին վրայ, եւ երբ դժուարացած ենք արտայայտել զանոնք բառերով ու բարձրաձայնել, գրողն ու բանաստեղծը հասած են ժողովուրդի կողմէ իրենց վստահուած այդ առաքելութիւնը կատարելու», հաստատեց Խրոյեան` աւելցնելով, որ քառօրեայ պատերազմէն մինչեւ քառասունչորսօրեայ պատերազմ, անցնելով լիբանանեան տագնապէն եւ «Քորոնա»-ի համավարակէն, Տէտէեան երգած է ցաւն ու վիշտը, ապրած է տառապանքն ու յուսախաբութիւնը, սակայն անոր տողերուն տակ չեն մարած յոյսն ու հաւատքը, կ՛ապրի սէրը տակաւին, ու կայ վստահութիւն մը` ապագայ սերունդներու վրայ:
Այնուհետեւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց հատորէն փունջ մը բանաստեղծութիւններ:
Հատորը ներկայացուց զայն կազմող եւ խմբագրող, հայրենի արուեստաբան, գրականագէտ, փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, թէ Տէտէեանի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուի ազատութեամբ, ինքնասուզումով: Ապա ներկայացուց գիրքը` չորս մասերէ բաղկացած ու անդրադարձաւ անոր արժանիքներուն: Առաջին բաժինը` «Ալեկոծումներ»-ը, անձնական, սիրային, քնարերգական բանաստեղծութիւններու շարք է, որ ներկայիս բացակայ է մեր գրականութեան մէջ: Երկրորդ բաժինը կը կոչուի «Հին երգեր, նոր վէրքեր», ուր կը տեսնենք տարբեր զգացումներ, ապրումներ, մարդկային ներաշխարհի տարբեր կողմեր չափաւորուելով դարձած են բանաստեղծութիւն, եւ շարքը ցոյց կու տայ քնարական հերոս, որովհետեւ միշտ կարելի չէ նոյնացնել հեղինակը քնարական հերոսին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ բանաստեղծութիւններու այդ շարքին մէջ ներկայացուած անձը, որուն ապրումները եւ խոհերը արտայայտուած են հոս, այդ տողերուն քնարական հերոսն է` հարուստ եւ գեղեցիկ աշխարհ ունեցող, եւ այս բանաստեղծութիւնները կարդալով` ընթերցողը կը նկատէ, որ շատ բան հարազատ, ծանօթ է իրեն, եւ հրաշալի է, որ բանաստեղծը այս բոլորը յանձնած է թուղթին: Հոն կան մեր ձգտումները, ապրումները, հիասթափութիւնները, եւ այսպիսով բանաստեղծը կը դառնայ իր ժամանակի տարեգիրը, արձանագրողը` բանաստեղծութեան ձեւով: Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, թէ Տէտէեանի արժանիքը այն է, որ ան չի հետեւիր գրական հոսանքներու կամ ուղղութիւններու, այլ` կը գրէ` ինչպէս որ պէտք է գրուի, որ` բանաստեղծի ներքին ազատութիւնը, անկեղծութիւնը եւ անկաշկանդ հոգեվիճակն է, աւելցնելով, որ այս իմաստով ինք Տէտէեանի բանաստեղծութիւնը կը համարէ հայեցի բանաստեղծութիւն, որ այսօրուան մեր գրականութեան մէջ փնտռուող որակ է: Երրորդ բաժինը` «Անայգաբաց գիշերին», հայ գրողի համար ծանօթ վիճակ է: Բանախօսը նկատել տուաւ, որ գրականութիւնը, ժողովուրդի ապրած հոգեկան ապրումներուն, ցնցումներուն, հիասթափութիւններուն, դառնութիւններուն տարեգրութիւնը պէտք է ըլլայ, հաստատելով, որ Տէտէեանի գիրքին երրորդ բաժինը այդ բոլորին արձագանգն է: Ե. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ սփիւռքի կեանքի հոգերը, տագնապները կան գիրքին մէջ` անուղղակիօրէն արտայայտուած եւ արձանագրուած հակիրճ, յատուկ եւ գեղեցիկ կտորներով: Հատորին չորրորդ եւ վերջին բաժինը կը կոչուի «Դիմադարձութիւն», որ մէկ կողմէ շարունակութիւնն է երրորդ բաժինին, սակայն, միւս կողմէ, խորհրդածութիւններու լայն դուռ կը բանայ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ Խաչիկ Տէտէեան լաւ գիրք մը գրած է, եւ լաւ գիրքը ամէն օր չի ծնիր, եւ շնորհաւորեց բանաստեղծը իր հրաշալի գիրքին համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի կնքահօր` Սարգիս Պուտագեանին, հայրենի գրականութեան հանդէպ իր ունեցած յարգանքին եւ հոգածութեան համար:
Վարուժան արք. Հերկելեան իր սրտի խօսքին մէջ ներկայացուց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանը, որ մնայուն ներկայութիւն է վեհարանին մէջ, որուն գրասենեակին դուռը միշտ բաց է եւ հիւրընկալ` գրողներու, խմբագիրներու, ուսուցիչներու, առաջնորդներու, որոնք հոն հանդիպելով` կը զրուցեն առօրեայ հարցերու, Լիբանանը, սփիւռքը եւ մասնաւորաբար հայրենիքը յուզող ընդհանրապէս ո՛չ հաճելի իրադարձութիւններու մասին: Ան ըսաւ, որ քիչեր գիտեն, որ Խ. Տէտէեան քառասուն տարիներու երկայնքով բանաստեղծ է, իր ներաշխարհին մէջ կրող ու աճող հազարաւոր տողերու ծանրութիւն ունեցող բանաստեղծ: «Իր տողերուն մէջ անկեղծ է, խուզարկող եւ փնտռող, թափանցիկ, յանդուգն եւ խիզախ, համարձակ ու արձակ, անկողմնակալ, ազնիւ ու բարի եւ մանաւանդ ջերմ հաւատացեալ մը` իր Արարիչին, իր ցեղին, իր արմատներուն եւ յատկապէս Լուսաւորչի կանթեղին, անկէ շողարձակուող մեր հնչեղ ու զուլալ շարականին, մեր գրականութեան եւ մշակոյթին ընդհանրապէս, աւելցնելով, որ իր մարդկային սեղմ մարմնին մէջ կը կրէ հսկայ աշխարհ մը, լեռնաշխարհ մը, իր վայրի բաժանումներով եւ հոն ապրող իրերանման, բայց տարբեր աշխարհներ կրող մարդեր: Հոն, իր հանդիպած յուսաբեկումներուն, անարդար վճիռներուն, անողորմ վերաբերումներուն, ունայնութիւններուն, այլանդակութիւններուն, կեղծաւորութիւններուն, ատելութիւններուն, դասալիքներուն, երկպառակութիւններուն, քայքայումներուն, կորուստներուն, հոգեկան սնանկութիւններուն, տեղատուութիւններուն, իրարամերժութիւններուն եւ դաւաճանութիւններուն դիմաց ինք կը մնայ բնական ու ոչ դերասան, թափանցիկ ու ոչ դիմակաւոր արարած, ցաւակից ու ցաւակիր եւ ոչ վարձկան եղեռամայր եւ ուրախութեանց անկեղծ խնդակից` առանց ճերմակի եւ սեւի խտրութեան: Բանաստեղծը տակաւին չունեցաւ հանդարտիկ պահ մը, որ իր օրհներգութիւններով, սիրերգութիւններով եւ գովերգութիւններով, որոնց փաստերը կը յորդին իր հանդարտ տողերուն մէջ, իր աշխարհը ստեղծէ եւ բաշխէ շրջապատին, սիրելիներուն ու բոլորին անխտիր», ըսաւ Վարուժան արք. Հերկելեան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յորդորեց զայն` քալել մարդկութեան յաւերժաքայլ ընթացքով դէպի ապագաները սրբահրաշ:
Սեդա Խտըշեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ բանաստեղծութիւնը գրական գեղարուեստական խրթին ոճ մըն է, իւրայատուկ եւ հետաքրքրական, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ շատ մը յատկանշական տարրեր, եղանակ, պատկերներ, երաժշտականութիւն, կշռոյթ, գեղեցիկ լեզու եւ ըսելու ոճ, բայց եւ այնպէս բանաստեղծութիւնը այսօր հետաքրքրական եւ առինքնող է շատ փոքր թիւով գրասէրներու, եւ մարդիկ այլեւս առհասարակ գիրք կամ բանաստեղծութեան գիրք չեն գներ: Ան ողջունեց Խաչիկ Տէտէեանի գիրքերուն երրորդ հատորը` սփիւռքի անապատին մէջ բացուող ծաղիկի մը նման: «Խաչիկին անունը, այս առումով, բերկրանք կը պատճառէ եւ յոյս կը ներշնչէ` հաւատալու մեր ներքին ձայնին, որ կրնանք յուսալ տակաւին նոր արեւածագերու», հաստատեց Խտըշեան` աւելցնելով, որ շատ բան կարելի է ըսել Խաչիկ Տէտէեանի մասին` իբրեւ ինքնատիպ մտածողի, սեփական ոճ ունեցող բանաստեղծի, համամարդկային ապրումներով տագնապող եւ մանաւանդ ժամանակակից կեանքի մեկնաբանի:
Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ իր փնտռած նիւթերէն մին տուեալ գրողին քաղաքացիութեան դրսեւորումն է` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի նուիրուած Տէտէեանի բանաստեղծութիւնները: Ըստ անոր, «Երազէն անդին»-ի երեք հատորներն ալ լի են տագնապող, տառապող, խորհող մարդու զգացումներն ու մտածումները արտացոլացնող քերթուածներով, որոնք մանրակրկիտ պեղելու պարագային, կը յայտնաբերուին լիբանանցիութենէ ծնունդ առած խորհուրդներ: Վերադառնալով ուղղակիօրէն Լիբանանին նուիրուած քերթուածներուն` Արմէն Իւրնէշլեան ըսաւ, որ Լիբանանի պատերազմին մասին Տէտէեան գրած է 1985-էն 1989-ի միջեւ, իսկ յետպատերազմեան նոյնքան անհեթեթ վիճակին մասին` 2005-2007: Հատորի շարքերուն մէջ կը յայտնուի պատերազմի արհաւիրքներով պարուրուած Լիբանանը` շա՜տ լեցուն յուսահատութեամբ, ցաւով, վախով, մերթ` վերականգնումի յոյսով պատարուն, որուն սակայն շուտով կը յաջորդէ հերթական յուսախաբութիւնը եւ սպասումը, լաւ օրերու անվե՜րջ սպասումը, որ կարմիր թելի նման կ՛անցնի բոլոր քերթուածներուն մէջէն: Իւրնէշլեան յայտնեց, որ բանաստեղծին հոգին, բոլորիս պէս եւ բոլորիս հետ (որ լաւագոյն վկայութիւնն է բանաստեղծի կոչումին Տէտէեանի հաւատարմութեան), կը տարուբերի լաւատեսութեան եւ յուսաբեկումի ալիքներուն մէջ, աւելցնելով, որ 2005-ին եւ յաջորդ տարիներուն գրուած բանաստեղծութիւնները կը թուին ըլլալ աւելի լաւատեսական, կարծես թէ սպասումը հասած է ակնկալուած հանգրուանին, ուստի բանաստեղծը կը յայտարարէ բոլորիս ուրախութիւնը, սակայն չ՛ուշանար յուսախաբութիւնը, սարսափն ու պատերազմը կ՛ընդգրկեն նաեւ բառերը: Բարեբախտաբար Տէտէեան բանաստեղծին բառերը այդ կորուսեալ ճշմարտութեան բացայայտումին ու անընդհատ յիշեցումին կը ծառայեն, թէկուզ ծանր, սարսափազդու պատկերներով, բայց` միշտ իրականութեան հետամուտ, որով կը յայտնուի մեզի քաղաքացիական գիտակցութեան տէր եւ ջատագով բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանը:
Ահարոն Շխըրտըմեան եւս տուաւ իր վկայութիւնը` դիտել տալով, որ Խ. Տէտէեանի քերթողութիւնը հարազատ է հայ մարդու հոգիին, սրտին եւ մտքին, աւելցնելով, որ անոր յոյզերը, տողերը, ապրումները միտք կ՛արտայայտեն եւ բառակոյտ չեն: Անոր լեզուն պարզ է, ոճը` հաղորդական, համակիչ եւ դիւրըմբռնելի, եւ անոր հպանցիկ, գողտրիկ ապրումները իրենց ինքնատիպութեամբ կը տարբերին իրեն ժամանակակից շատ մը բանաստեղծներու ձախող թռիչքներէն: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ Տէտէեան ունի ինքնօրինակ մտածողութիւն, անկեղծ է իր թռիչքներուն մէջ եւ իր ապրումներուն մէջ քայլ կը պահէ մեր ազգային, հայրենական կեանքը յուզող բացասական երեւոյթներուն հետ, եւ անոր հայրենասիրական երգերուն մէջ նկատելի է քնարերգութիւնը, աւելցնելով, որ Տէտէեան չի պատկանիր նոյն միջավայրին մէջ ապրող բանաստեղծներու այն հոյլին, որոնք արեւելահայերէնով կ՛արտայայտեն իրենց քերթուածները: «Երազէն անդին» երրորդ հատորով Տէտէեան իր ընթերցողներէն արժանապէս պիտի ստանայ իրապաշտ եւ վաւերական բանաստեղծի գնահատականը», եզրափակեց Շխըրտըմեան:
«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հրատարակութիւն, առաւել եւս հրատարակութեան ներկայացման առիթով իւրաքանչիւր նման համախմբում կը մղէ մեզ, մամուլի պատասխանատուները, այս պարագային` «Ազդակ»-ի ընտանիքը, նոր ծրագիրներ մշակելու, նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու, աւելցնելով, որ օրաթերթի հրատարակութեան առընթեր, տարբեր գործառոյթներ եւս կ՛իրականացուին «Ազդակ»-ի յարկին տակ` լսարաններէն մինչեւ թուայնացման աշխատանքներ, յաւելուածներու եւ բացառիկներու հրատարակութիւններէն մինչեւ հարցախոյզերու իրականացումներ, մինչեւ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան վարժողական ծրագիրներ: Գանտահարեան հաստատեց, որ Խաչիկ Տէտէեանի հեղինակած հատորին շնորհահանդէսը «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած գիրքերու շնորհահանդէսի շղթային կարեւոր մէկ օղակն է: Երեւոյթը «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան մտածել տուաւ, որ մամուլ-հրատարակութիւն այս առնչութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւորուիլ, եթէ մնայուն ֆոնտ մը քաջալերէ մեր յօդուածագիրները` իրենց հետեւողական աշխատակցութիւնները մէկ հատորի մէջ խմբելու եւ հրատարակութեան յանձնելու: Ան ըսաւ, որ «Ազդակ» իր գործառոյթներուն կ՛աւելցնէ նոր եւ անհրաժեշտ ուղղութիւն մը: Մեր թերթի էջերուն մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարեր պիտի հրատարակուին հատորի տեսքով եւ ապա ներկայացուին հանրութեան նման ներկայացումներով եւ շնորհահանդէսներով: Բովանդակութիւնները բազմատեսակ են` հայագիտական, գրական, բանաստեղծական, պատմական թէ քաղաքագիտական, մշակութայինի եւ գաղափարականի առընթեր: Գանտահարեան բացատրեց, որ իրենց նպատակն է յատկապէս երիտասարդները քաջալերել, որպէսզի հետեւողականօրէն աշխատակցին եւ հարստացնեն «Ազդակ»-ի էջերը եւ ապա հատորի հեղինակ դառնան, աւելցնելով, որ այս առումով նախատեսած են համագործակցութիւնը խորացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային գրադարանի մամուլի բաժնին, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնին, Ազգային ակադեմիայի տարբեր հիմնարկներուն եւ ազգային արխիւին հետ:
Խօսելէ ետք Մինաս Պուտագեանի յիշատակին վերակառուցուած խմբագրատան, ապա անոր արդիական տեսք ստացած «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի հաստատման փուլերուն մասին` Գանտահարեան յայտարարեց, որ նոր ծրագիրի իրականացման համար դարձեալ նեցուկ ունին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլը, որ ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին` կը հաստատէ «Ազդակ»-ի մատենաշարի ֆոնտ` իրենց մեծ մօր` Սիրուհի Պուտագեանի անունով, որուն տուած կեանքի դասերը եղած են մարդկային եւ ազգային արժէքներու հիմնական առանցքը, որուն հիման վրայ դաստիարակուած են Պուտագեան ընտանիքի անդամները: Ժառանգուած այդ արժէքները կը վերաբերին նաեւ` հայ մամուլին, հայ գիրքին, գաղափարական ու քաղաքական գրականութեան, հայ մշակոյթին: Իր խօսքի աւարտին, Շահան Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլին, որուն շնորհիւ «Ազդակ»-ը կը շարունակէ մշակել եւ իրականացնել նոր ծրագիրներ:
Ապա խօսք առաւ հատորի հեղինակ Խաչիկ Տէտէեան, որ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երեկոն կազմակերպող եւ հարստացնող անձերուն: Առաջին հերթին` «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որ թէ՛ վերջին 2 հատորներու շնորհահանդէսին, թէ՛ այս Գ. հատորին առիթով առաջարկեց եւ կազմակերպեց այս շնորհահանդէսը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, որ սիրայօժար ստանձնեց երեկոյի նախագահութիւնը, օրուան բանախօս, գիրքի խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին, որուն բծախնդիր հետապնդումին արդիւնքն են երեւանեան 3 հատորներու հրատարակութիւնը, իրենց սրտի խօսքերով այս երեկոյի մասնակիցներուն, նաեւ` հայրենի գրող եւ գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանին, որ սիրայօժար կարդաց եւ կարեւոր թելադրութիւններ կատարեց նախքան անոր վերջնական կերպարանք ստանալը, Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին, որ միշտ եղած է քաջալերն ու մղիչը իր գրական գործունէութեան, Սարգիս Պուտագեանին, որ ինքնակամ ստանձնեց այս հատորին մեկենասութիւնը եւ այս երեկոյի կազմակերպման մէջ բերաւ իր բծախնդիր ու ժրաջան մասնակցութիւնը: Տէտէեան նկատել տուաւ, որ երբ Սարգիս Պուտագեանին հարց դրած է հատորը նուիրելու մէկու մը, ան ըսած է, որ ինչ որ ըրած է, իր անձը երկրորդական նկատած է, եւ ինչ որ տուած է, ազգին տուած է` առանց որեւէ ակնկալութեան, սակայն ինչ որ ըրած է, լուռ կերպով իրեն նեցուկ եղած է կինը` Ժիւլին, հետեւաբար հատորը Ժիւլիին կը նուիրէ: Ան ըսաւ, որ սոյն երեկոն կ՛ընծայենք նաեւ Ժիւլիին եւ իր ճամբով բոլոր հայ կիներուն, որոնք տիպար ընտանիքի մօր ազնուական տիպարն են: Եզրափակելով իր խօսքը` Տէտէեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն, որոնք հակառակ Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն` իրենց ներկայութեամբ պանծացուցին երեկոն:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց Խաչիկ Տէտէեանը իր հրատարակած նոր հատորին առթիւ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մարդիկ առհասարակ ժամանակի ու միջավայրի պայմաններուն կը հետեւին եւ տիրող կենցաղային վիճակներուն համաձայն կ՛ապրին, աւելցնելով, որ Խաչիկ Տէտէեան չի համակերպիր այս ընթացքին, որովհետեւ ան կեանքի պատահարներուն քովէն անտարբեր անցորդ մը չէ, այլ ան տեսակէտ, համոզում եւ ուրոյն կեցուածք ունեցող անձ է: Առաջնորդը հաստատեց, որ անոնք, որոնք Տէտէեանի գրականութիւնը կարդալու առիթը ունեցած են, համաձայն պիտի գտնուին իրեն հետ, որ կեանքը ուղիղ եւ կարգապահ վիճակի մէջ պահելու պահանջէն կը ծնի Խաչիկ Տէտէեանի ներշնչումը: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Տէտէեան կը տագնապի, որովհետեւ կը զգայ, որ ներկայ համաշխարհայնացումի պայմաններուն մէջ մեր կեանքի նկարագիրը արագօրէն կը փոխուի, մեր ընտանեկան, համայնքային եւ համայնական կեանքին վերաբերող արժէքները կը խախտին ու կ՛ոտնակոխուին աւելցնելով, որ անոր ապրած տագնապը ընկերութեան մէջ արժէքներու հանդէպ արձանագրուող թերացումներն ու սայթաքումներն են: Ան կը տառապի, որովհետեւ ընկերութեան մէջ մարդկայինը հետզհետէ կ՛անշքանայ, բարոյականը կը չքանայ, ճշմարիտն ու արժէքաւորը կ՛անհետանայ, հայրենասիրութեան որակը օրըստօրէ կը նօսրանան, գուցէ եւ կ՛անհետանայ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչիկ Տէտէեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կ՛արծարծէ տարբեր նիւթեր, սակայն առաւելաբար կ՛անդրադառնայ մարդոց կեցուածքներուն, արժէքներու կորուստին ու անտեսումին եւ իր հիասթափութիւնները ազատօրէն արտայայտելով` կը յիշեցնէ, որ մարդ բարոյական ուղիղ կեցուածքի տէր պէտք է ըլլայ գործով, վարքով ու նկարագիրով: «Խաչիկին ապրած տագնապը ապագայով մտահոգ, ամէն հայ մարդու տագնապն է: Խաչիկը ըսելիք ունի եւ կը ջանայ գրիչով իր հաւատքն ու հաւատամքը դրսեւորել եւ փոխանցել իր շրջապատին, որպէսզի մեր համայնական կեանքէն ներս արձանագրուող շեղումները ուղղելու ճիգ կատարուի», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` վստահեցնելով, որ անոր մօտ ներշնչումն ու աշխատանքի եռանդը պիտի չդանդաղին, նաեւ մաղթելով, որ մեր հաւաքականութիւնը իր արձանագրած շեղումները սրբագրելով` ամէնօրեայ կեանքով շարունակէ պաշտպանել ազնիւն ու բարին, գեղեցիկն ու առաքինին», եզրափակեց առաջնորդը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագիրի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ` գիրքի մեկենասներ Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեան ամոլը:
«Ազդակ»