Կատարուեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Յիշատակին Նուիրուած Յուշաձողի Բացումը

Շաբաթ, 11 Յունիսին, Լոս Անճելըս գաւառի Լա Վըրն քաղաքի Mill Park-ի զբօսայգիի մէկ բաժինը անուանուեցաւ այդ քաղաքի բնակիչ, Լա Վըրն համալսարանի Ամերիկահայ քոլեճի հիմնադիր եւ նախագահ, «Մաշտոց» գքոլեճի հիմնադիր եու նախագահ եւ երեք ամերիկեան համալսարաններու մէջ դասախօս դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի անունով։
Այդ օր տեղի ունեցաւ նաեւ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին նուիրուած պուրակին եւ յուշաձողի պաշտօնական բացման շատ տպաւորիչ եւ յիշարժան արարողութիւնը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Rotary Club միջազգային կազմակերպութեան Ամերիկայի տնօրէնութեան խորհուրդին կողմէ։ Ներկայ էին միջազգային ակումբի ղեկավարները, Լա Վըրն քաղաքի հին եւ նոր քաղաքապետները, ոստիկանապետը՝ ոստիկաններու ջոկատին հետ, Լա Վըրն համալսարանի տնօրէնութիւնը եւ «Մաշտոց» քոլեճի ուսուցչական կազմը եւ բազմաթիւ ուսանող-ուսանողուհիներ, ընտանիքի անդամները եւ ամերիկահայ ազգային ու կրթական կեանքին նուիրումով ծառայած այս ղեկավարին մեծաթիւ ծանօթներէն բաղկացած հոծ բազմութիւն մը։
Արարողութիւնը սկսաւ «Մաշտոց» քոլեճի ուսանողուհիներէն Անճելա Ամիրեանի «Սքանչելի Շնորհք»ի եւ «Կիլիկիա»ի՝ ջութակի վրայ հոյակապ կատարումով։ Հանդիսավարն էր Լա Վըրն քաղաքի Rotary Club-ի Լա Վըրն մասնաճիւղի ատենապետուհի Տեպի Տես, որ ողջոյնի եւ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց հանգուցեալի զաւակը՝ պատուելի դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեանը, աղօթքով սկսելու համար արարողութիւնը, ապա հրաւիրուեցաւ հանգուցեալի մեծ որդին՝ Ճէյմզ Տէր Եղիայեանը, որ շատ ամփոփ կերպով խօսեցաւ իր հօր գործունէութեան մասին։ Անոր յաջորդեց Rotary Club-ի Լոս Անճելըս գաւառի նախագահ Շարոն Ճանսըն, որ խօսեցաւ հանգուցեալին ձգած անջնջելի ազդեցութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Թիմ Հաբըրնին, որ նման այգի մը տրամադրեց այսպիսի մարդու մը, որուն մբողջ կեանքը խաղաղութիւն, սէր եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւն սերմանելն էր։
Մեր կողմէ յիշենք, թէ հանգուցեալ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ճամբորդած է առաւել քան 40 երկիրներ Rotary Club ժողովուրդներու մէջ խաղաղութիւն, սէր եւ համերաշխութիւն քարոզելով եւ այս յուշաձողին վրայ իր գիտցած 4 լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն գրուած է հետեւեալ նախադասութիւնը. «Թող խաղաղութիւն տիրէ համայն աշխարհի վրայ»։
Պատուելի դոկտ. Ճանի Տէր Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Rotary Club-ի ղեկավարներուն, Լա Վըրնի քաղաքապետներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնեցին այս գեղեցիկ պուրակը իր հօր անունով անուանելուն, ապա հրաւիրեց իր մայրը, որպէսզի փակման խօսքը ըսէ։
Անժելա Տէր Եղիայեան հրապարակախօսի սքանչելի ելոյթով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եղողներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս այս յուշաձողին ու պուրակի բարեզարդման աջակցողներուն։
Հոյակապ երգչուհի Լիզա Ճէսպայի եւ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցան «Տէրունական Աղօթքը» եւ «Հոյակապ Օրհնութիւն» աղօթքները։ Անժելա Տէր Եղիայեանի ժապաւէնի հատումով վերջ գտաւ այս շատ ճոխ եւ մեզի համար հաճելի անակնկալ հանդիսացող ձեռնարկը։
Ողբացեալ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի բարի յիշատակը բազմաթիւ ծանօթներու, ընկեր-ընկերուհիներու, ուսանողներու եւ ազգայիններու սիրտին եւ միտքին մէջն է ու միշտ պիտի մնայ։ Իսկ Rotary Club-ի բոլոր անդամներուն եւ ղեկավարութեան մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր ազգակիցին նման յարգանք մը մատուցելնուն համար։
Անոնք, որոնք կը փափաքին այս պատմական յուշաձողի եւ պուրակի ծախսերուն մասնակցիլ՝ իրենց նուէրները կրնաք ուղարկել La Verne Rotary Foundation Memo-ին մէջ գրելով Garbis Memorial եւ չէքերը ուղարկել P.O. Box 151, La Verne, CA 91750. բոլոր նուէրները տուրքէ զերծ են։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ