Կատարուեցաւ Սպանիոյ Մալակա Քաղաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բացումը
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»- 21էն 23 Յուլիսին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան հովուական այցելութեամբհասաւ Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալակա քաղաքը: Այցելութեան նպատակը Մալակայի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»ի եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւններն էին:
Արարողութենէն առաջ Սսրբազան հայրը, ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Շնորհք աբղ. Սարգսեանի՝ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու համար յառաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցերը:
Ժողովէն ետք, Խաժակ արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ ընթերակայութեամբ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդին` կատարուեցաւ եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»ի արարողութիւնը եւ սրբապատկերներու օծման կարգը:
Արարողութեան աւարտին, սրբազանը, խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն՝ ըսաւ, որ այս եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր հայերու տունը: Ան նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր բարերարներուն, որոնք մտայղացած եւ միասնականօրէն իրականութիւն դարձուցին Սպանիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ, ի դէպ, առաջին հայկական եկեղեցին է ամբողջ Սպանիոյ տարածքին:
Յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններուն, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ մը, որուն ընթացքին կատարուեցան Կոմիտասի Պատարագէն հատուածներ եւ կոմիտասեան ազգային երգեր: