«Կովերու Պարտէզ»ի Վիճայարոյց Վաճառքը Կ՛ալեկոծէ Երուսաղէմի Հայութիւնը
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ արձանագրուած զեղծարարութիւնը թէեւ արժանի արձագանգը չէ գտած հայ մամուլի սիւնակներուն վրայ, բայց կը զբաղեցնէ համաշխարհային լրատուամիջոցները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք անգլիական հանրածանօթ BBC լրատուամիջոցի թղթակից Եոլանտա Քնելի մշակած լրատուութիւնը.
Երուսաղէմի հայ համայնքը մասնաբաժին ունի Երուսաղէմի հին քաղաքի ամէնէն սուրբ քրիստոնէական վայրերուն եւ իրենց սեփական թաղամասին, որ թաքնուած է անոր հարաւ-արեւմտեան անկիւնը, ուր կ՛ապրին շուրջ 2000 հայեր։
Բայց այժմ համայնքը վտանգի տակ կը զգայ իր իսկ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն կողմէ անշարժ գոյքի մշուշոտ գործարքի մը պատճառով։ Զայրացած քաղաքացիներու բողոքին դիմաց, հայոց պատրիարքը կը թաքնուի, իսկ անարգուած հոգեւորականը, որ կը հերքէ իր մեղքը, փախած է Քալիֆորնիա։
Պարզուած է, որ հայկական թաղամասին շուրջ 25 տոկոսը 99 տարուան համար վարձակալութեամբ վաճառուած է աւստրալիացի խորհրդաւոր հրեայ գործարարի մը։
Հողատարածքը կը ներառէ ինքնաշարժներու կայանի մեծ տարածք մը՝ Հին քաղաքի պատերու ներքնամասը եւ կը հանդիսանայ բաց հողի սակաւաթիւ տարածքներէն մէկը։ Շատ մը հայեր յոյս ունէին, որ վայրը օգտագործուի իրենց փոքրիկ, նեղացող համայնքի երիտասարդ զոյգերու համար մատչելի բնակարաններ կառուցելու նպատակին։
Ըստ շատերու տեսած ոչ-պաշտօնապէս ծրագիրներուն՝ օսմանեան ժամանակաշրջանէն մնացած համալիր մը, որուն մէջ կան հինգ հայ ընտանիքներու բնակարաններ, ճաշարան մը, խանութներ եւ ճեմարանէն մաս մը՝ վաճառքին մաս կը կազմեն։ Շատեր կը վախնան, որ այդ ծրագիրին գործադրութիւն կրնայ ազդել համայնքին կենսունակութեան վրայ։
Սակայն, հակասութիւնը շատ աւելի լայնատարած է։ «Այդ պատմական հողը, որ մեզի կը պատկանի 700 տարիէ ի վեր, մէկ ստորագրութեամբ կրնանք կորսնցնել, ինչ որ պիտի ազդէ մեր մշակութային առօրեայի վրայ։ Անիկա կը փոխէ Երուսաղէմի պատկերը, ամբողջ խճանկարը», կ՛ըսէ համայնքային գործիչ Յակոբ Ճերնազեան։
Հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեան կը խոստովանի, որ ստորագրած է պայմանագիրը, սակայն ան կ՛ըսէ, թէ զինք խաբած է կալուածներու պատասխանատու հոգեւորականը, որ կ՛աշխատէր իր մօտ։
Այս հոգեւորականը պաշտօնանկ եղաւ, իսկ աւելի ուշ թէժ տեսարաններ եղան, երբ զայն վտարեցին Հայկական թաղամասէն, ուղեկցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան, որովհետեւ բնակիչները կը բացագանչէին «դաւաճան»։
Վերջերս շատ մը հայեր կը միանան բողոքի ցոյցերուն՝ մենաստանի իր սենեակներուն մէջ մնացող պատրիարքին պատուհանին տակ։ Անկէ կը պահանջեն չեղեալ յայտարարել հողի գործարքը։
Ծայրայեղական հրեաներու կողմէ Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումներու լոյսին տակ, որոշ հայեր այդ վաճառքը կը տեսնեն իբրեւ քրիստոնէական ներկայութեան վնաս պատճառելու գործողութիւն։
«Քաղաքի տեսքը, անոր դիմագիծը շատ կը փոխուի», կ՛ըսէ Արտան, որ կ՛ապրի Հին քաղաքին մէջ եւ կը դժգոհի, որ կրօնական եւ ազգայնական ծայրայեղականները արդէն իրենք իրենց համարձակ կը զգան Իսրայէլի քաղաքականութեան դէպի աջ շեղումին պատճառով։
«Փողոցները քալող քահանաները կը յայտնեն, որ վերաբնակիչները իրենց վրայ կը թքնեն։ Մարդիկ չեն ուզեր քաղաքին մէջ տօնածառեր տեսնել, իսկ ճաշարաններու վրայ կը յարձակին առանց որեւէ պատճառի», կ՛ըսէ ան։
Հայ երէցները կ՛ըսեն, որ նախապէս յաճախակի եղած են մօտեցումները վերաբնակիչներուն, որոնք կ՛ուզէին հող գնել իրենց թաղամասին համար եւ ընդարձակել հրեաներուն ներկայութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ։ Հայկական թաղամասը կը գտնուի Հրէական թաղամասի կողքը, ինչ որ յատկապէս ցանկալի կը դարձնէ այդ տարածքները։
Կարօ Սանտրոնի, որ Երուսաղէմի հին ընտանիքներէն է, կ՛ըսէ, որ հայերը պատմականօրէն գումար կը նուիրեն այս սուրբ քաղաքին՝ իրենց հոգեւոր հայրենիքին, հող գնելու համար, եւ որ եկեղեցին իրաւունք չունի վաճառելու այդ հողը։
«Այս է, որ կը զայրացնէ մեզ, այս հողերը կը պատկանին հայ ազգին, անոնք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան չեն պատկանիր» կ՛ըսէ ան։