Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանին մէջ Տեառնընդառաջը նշուեցաւ
Հալէպի Կրթասիրաց-Չէմպէրճեան վարժարանին մէջ յաւուր պատշաճի նշուած է Տեառընդառաջի բարեբաստիկ տօնը։
Այս մասին կը կարդանք Վարժարանի դիմատետրի էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած կարճ թղթակցութիւնը նշելով նաեւ, որ վարժարանի երկարամեայ տնօրէնն է հալէպահայ նուիրեալ գործիչ Տիար Անդրանիկ Պօղոսը։
Ստորեւ թղթակցութիւնը.
Ուրբաթ 11 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի եւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի աշակերտները, վարժարանի բակէն ներս մեծ խանդավառութեամբ յիշատակեցին քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, ներկայութեամբ՝ վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտաքճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, տնօրէն Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեանի, մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգուշեանի եւ ուսուցչական կազմին:
Մեսրոպաշունչ երգերով եւ ուրախ տրամադրութեամբ աշակերտները նշեցին Տեառնընդառաջի տօնը: Տօնական մթնոլորտի մէջ, մանկապարտէզէն երկու փոքրիկներ աւանդական խառոյկը հրավառեցին:
Վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան աշակերտներուն պարզաբանեց 40-օրեայ Յիսուս մանուկի տաճար ընծայման տօնին խորհուրդը եւ աղօթեց, որ Քրիստոսի օրհնութեամբ աշակերտները իրենց ուսումնական կեանքէն ներս յաջողութիւն գտնեն: Ան յայտնեց, թէ Աստուած կարգ ու կանոնով ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, հետեւաբար աշակերտներուն թելադրեց, որ կարգապահութեամբ եւ կարգ ու կանոնով հետեւին իրենց դասերուն:
Այս առիթով, քահանայ հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն:
Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար Ալ Ասատին, որուն իմաստուն ղեկավարութեան ներքոյ կը վայելենք սուրիական հայրենիքին բարիքները եւ մեր գործօն մասնակցութիւնը կը բերենք անոր պայծառացման:
Փոքրիկ աշակերտները լապտերներ բռնած վերադարձան իրենց տուները, եկեղեցի յաճախելով զանոնք լուսաւորելու օրհնուած ճրագով։