Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը այսուհետեւ երկու հատորով
Գոհունակութեամբ կը յայտնենք թէ նկատի առնելով որ արտասահմանէն թէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն, հայ եւ ոչ-հայ ուսումնասէրներու կողմէ Հայկազեան hայագիտական hանդէսին առաքուած գիտական բարձրորակ հետազօտութիւնները մեծապէս աւելցած են, Հանդէսի խմբագրութիւնը, Հայկազեան Համալսարանին տնօրէնութեան հետ համամտութեամբ, որդեգրեց տարեկան երկու գիրք հրատարակելու որոշումը:
Հետեւաբար, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի իւրաքանչիւր հատոր այսուհետեւ լոյս պիտի տեսնէ երկու գիրքով:
1970 թուականէն հրատարակուիլ սկսած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը ցարդ հրատարակած է 41 հատոր, աւելի քան 22,000 էջ հայագիտական նիւթ, 1420 յօդուած, շուրջ 700 աշխատակիցներու միջոցով:
Հանդէսը զուտ հայագիտական բնոյթ ունի եւ կը հրատարակէ հայութեան անցեալին եւ ներկային, Սփիւռքին, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն կենսագործունէութեան առնչուող գիտահետազօտական նիւթեր: