Հայ Գրադարանապետերու Եւ Արխիւապետերու Միջազգային Միութիւն
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր հովանիին տակ սկսած է գործել նորակազմ՝ Հայ գրադարանապետերու եւ արխիւապետերու միջազգային միութիւնը, ի մի բերելու համար այդ ոլորտներուn մէջ աշխարհի տարածքին գործող հայ մասնագէտները։
Միութիւնը պիտի կազմակերպէ համացանցային հաւաքներ եւ պիտի կազմէ յատուկ յանձնախումբեր, արժէքաւոր հնատիպ հատորներ ապահովելու, զանոնք պահպանելու, հայութեան մասին կամ հայերէն գիրքերու ամբողջական արխիւներ կազմելու, թուայնացման եւ շարք մը այլ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով։
Միութիւնը մէջտեղ եկած է Քոնկրեսի գրադարանին կողմէ «Հայոց ջարդերը» եզրը «Հայոց Ցեղասպանութեան» փոխելու նպատակով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն Նորա Աւետեանի եւ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարանէն Անի Պոյաճեանի առաջնորդութեամբ յաջողած արշաւին յաջող աւարտէն ետք։ Նշեալներուն միացած են նաեւ մէջ Լեւոն Աւտոյեան (Քոնկրեսի գրադարանէն, հանգստեան կոչուած) եւ Սեդա Այգանեան Մաթէոսեան (Ազգային Վահան Եւ Անուշ Շամլեան վարժարանէն) ու Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան հետ խորհրդակցելով այս քայլին դիմած են։
Անդամակցիլ փափաքողները կրնան դիմել bdermatossian2@unl.edu հասցէին կամ կրնան դիմումնագիրը ամբողջացնել https://societyforarmenianstudies.com/apply-for-membership/ կայքէջին վրայ։