«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ
Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական եւ մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւնը ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ՝ պատմելու, նորութիւններ փոխանցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու հանգրուաններու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ։ Ի վերջոյ հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական հոգին յայտնաբերել, զարգացնել եւ վերելքի մղել ծաղկահասակ տարիքի սերունդին մօտ թաքնուած հոգեմտաւոր արժէքները։ Ահա առանցքային առաջին կիզակէտին՝ պատմումի հիմնաքարին վրայ հաստատուած է դժուարին բայց նպատակաուղղուած ուսուցանելու մարդակենցաղ առաքելութիւնը։
Այս հասողութեամբ է, որ լոյս տեսաւ Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակութեամբ պատկերազարդ «Հեքիաթներ»-ու գեղատիպ երկրորդ հատորը հրատարակուած՝ Երեւանի մէջ 2023 թուին։ Հեղինակը չէ շեղած պատմումի ժանրին օժանդակութեամբ ուսուցանելու արուեստին վրայ կեդրոնանալու իր դիտաւորութենէն, նոյն ուղղութիւնը պահելով իր նախորդ «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ»-ու առաջին հատորին մէջ, հրատարակուած՝ Երեւան 2021 թուականին, հատորները լոյս տեսած են Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլին մեկենասութեամբ ։
Բայց երբ պատմում ըսենք, պէտք է հասկնալ նաեւ հեքիաթներու դիտաւորութիւնը, բարոյախօսութեան նպատակը եւ մանաւանդ ընտրութեան խրատիչ ու թելաթրիչ թիրախը, որոնք հիմնական ուղղութիւններն են, պատմումի դժուարին եւ երբեմն շատ խրթին գործին մէջ։ Այլ խօսքով ինչպիսի հեքիաթներ, թեմաներ, բովանդակութիւններ ընտրել, որոնք պիտի կարողանան այդ մանկավարժական նպատակը, կարդացողին աճման տարիքի ուղղորդումը, տարիքային յանձնարարութիւնները, դաստիարակչական շաւիղը աւելի հեզասահ եւ հրապուրիչ դարձնել։ Առաւել եւս անոնք կը միտին, մեր դեռատի սերունդին, պատանիներուն՝ հոգեբարոյական, կենցաղային, իմացական ներաշխարհը արտացոլելու, ընդարձակելու, զարգացնելու, հարստացնելու եւ գլխաւորաբար ազնուացնելու համար։
Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ, հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով, ժամանակակից մանկապատանեկան պահանջները բաւարարելու մտադրութենէն, փոխանցելիք միտքը ճկուն եւ արդիական մoտեցումով ներկայացնելու դիտաւորութենէն։ Այս հատորի արգասիքը ամփոփուած է 9 հեքիաթներու՝ հայ եւ օտար նշանակալից համահանդէսի մը պուրակով եւ պատումներու վտակներով, որոնք միանալով առաջին հատորի 18 հեքիաթներուն հետ, միասնաբար իբրեւ հաւատարիմ ուղեւորներ կը յատկանշուին իրենց՝ պատմողական հաճելիութեամբ, նիւթի մատուցումի կենսունակութեամբ, լեզուական շքեղութեամբ, դիւրըմբռնելիութեամբ, աշխուժութեամբ եւ զուարճութեամբ, իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատուկ բոյրն ու թոյրը, իմաստային նրբերանգները։
Երկրորդ հատորին մէջ յիշուած վերնագիրներուն ընդմէջէն կարելի է կռահել անոնց բովանդակութիւնը, ինչպէս՝ «Ոսկի Բադը», «Խելացի Նապաստակը», «Ագահ կաթնավաճառը», «Կարմիր ծաղիկը», «Երեք Թիթեռնիկները» «Եղեգնուհին», «Երեք տիկնիկի գաղտնիքը» եւ այլն։ Բնութեան, կենդանական, բուսական, մարդկային եւ երբեմն երազային, առասպելական, տնտեսական եւ այլաբանական խորքով նիւթաբարոյական շեշտադրումներով, պատումներու դրսեւորումներով։
Հատորի հեքիաթներու ընտրութիւնը իրենց մոգական հետաքրքութեամբ եւ գրաւչութեամբ տարածուն եւ ճոխամիտ հորիզոններ կրնան բանալ մեր պատանի ընթերցողներուն դիմաց, որոնք վստահաբար պիտի հարստացնեն նաեւ մեր մանկական գրականութեան պաշարը, ընկալուած հեքիաթներու ժառանգութիւնը:
Շ․ Մանկասարեանի հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ ալ նշմարելի է, դիտումնաւոր հեռատես առաջադրութիւն մը, անոնք չեն կեդրոնացած միայն հայկական իմաստալից հեքիաթներու ընտրութեան վրայ, այլ խօսքով միայն սեփականով չբաւարարուելու միտումով։ Հեղինակը օտար ազգերու հեքիաթներու ընդմէջէն, փորձած է մատուցել անոնց պատմումի մօտեցումները, մտահորիզոնը, իմաստասիրութիւնը, դատողութիւնը, թելադիր միտքը, մշակութային ժառանգութեան այլազանութիւնը։ Իրականութիւն մը, որ հեղինակը համամշակութային շրջագիծով մը, բազմաշերտ հիւսուածքով մը պարուրած է իր պատումները, մանաւանդ կայծակնային փոփոխութիւններով շրջապատուած համասփիւռքեան մեր կեանքի ինչեւիցէ պայմաններուն մէջ ։
Հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ նաեւ տարուած թարգմանական տաղտկալի վաստակին բարեյաջող արգասիքը, հեղինակը ձեռնհասութեամբ կատարած է թարգմանական խնամատար աշխատանք մը առնչուած՝ ոճի, պատկերացումներու, աշխարհայեացքի, օգտագործած բառամթերքի եւ այլն։
Ակնարկի իսկ չի կարօտիր՝ գեղազարդ, յղկուն ու քնքուշ արեւմտահայերէնի հրապուրիչ պատմումի լեզուն, ամէն մէկ հեքիաթի աւարտին յաւելեալ բացատրողականներով, համեստ բառարանի մը օգնութեամբ օժանդակելու ընթերցողը։ Հեղինակը իր հեքիաթներու լեզուով, ներկայացուցած պատումներով կը հաստատէ մեր ինքնութեան, գոյատեւման անփոխարինելի խարիսխին՝ բիւրեղ մայրենին օգտագործելու եւ անոր կառչած մնալու, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու գրաւականը։ Գնահատանքի վայել աշխատանք մը, մանաւանդ գլուխը առած սրարշաւ դէպի համաշխարհայնացում սուրալով եւ բազմալեզու սլացքով վազող մեր այժմու հայ աշխարհին մէջ, նման հայերէն հեքիաթներու հրատարակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան հրամայականի գործնականացումին մէկ վկայութիւնն է։
Նշանակալի է նաեւ հեքիաթները արեւմտահայերէնով ներկայացնելու Շ․ Մանկասարեանի աշխատանքը։ Հոս կարելի է ընդգծել երկու հիմնական օգտաշատ նպատակներ՝ նախ դիւրամատչելիութիւնը, նկատի առնելով, որ որոշ հեքիաթներ գրուած ըլլալով արեւելահայերէնի բարբառային ասոյթներով եւ ասացուածքներով, աւելի դիւրըմբռնելի պիտի դառնան արեւմտահայ պատանիներուն եւ հետաքրքրուող զանգուածներուն համար, իսկ երկրորդը այն է, որ հեղինակը իմանալով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական ընկալումներու փափկութիւնները, ճարտարապէս տիրապետելով նաեւ լեզուի երկու ճիւղաւորումներու լեզուամտածողական նրբութիւնները, իր լաւագոյնը մատուցած է անխախտ պահելով հեքիաթներու խորքը, պատմողական իմաստին ընկալումը, յատկութիւնը եւ որակը։ Բարեհաճոյ եւ օգտաշատ կամրջում մը իրագործելով նոյն լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ։
Ի վերջոյ հայ մայրն է, որ պահ մը պիտի մանկանայ եւ իր համեղ ու արդար մայրական կաթի դիեցումին հետ, այս հեքիաթներու գիրքերը կարդալով, իր զաւակներուն պատմելով, բարոյական սնունդ մը պիտի փոխանցէ, որ պիտի հրաշափոխուի հոգեպարար սնունդի։ Իսկ հայ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, նման հեքիաթներու օժանդակութեամբ եւ պատմելու, բացատրելու, խրախուսելու իրենց տաղանդով պիտի զրնգացնեն մեր մատղաշ սերունդներուն ականջները, պիտի ազնուացնեն անոնց ներաշխարհը եւ վեհացնեն անոնց հոգեմտաւոր վսեմութիւնը։
Իսկ հայ դպրոցն ու հայկական մշակութային միութիւնները, կեդրոնները, յանձն պիտի առնեն «Հեքիաթներ»-ու եւ նման մանկապատանեկան գեղազմայլ եւ խորիմաստ գիրքերը ներկայացնելու, կարդալու, պատմելու, բացատրելու եւ մանաւանդ պատմումի աշխատանոցներ, մրցոյթներ կազմակերպելու, մեր շուրջ բոլորած մատղաշ սերունդին զարգացման ի խնդիր։ Սատար հանդիսանալով հայ մանկական գրականութեան գոհարները ծանօթացնելու նոր սերունդին, սրտի մօտեցնելու հոն ամբարուած դաստիարակչական եւ բարոյախօսական խորքը, բացայայտելու անոնց գրական եւ գեղարուեստական արժէքները: Հաւատալով, որ նման ձեռնարկներու ծրագրումը անհրաժեշտութիւն մըն է, ի սէր հայ պատանիներուն եւ մատղաշ սերունդին առաւել հայացումի թիրախին։
Մեր սրտի մաղթանքն է, որ Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու այս շարքը շարունակուի, չընդհատուի անոր երթը, նոր եռանդով ու սլացքով տոգորուած տեւականացուի, կենսաւորուի նոր հատորներով, վսեմացնելով մեր հայ նորահասակ սերունդը, որ մեր ազգին ապագայի հիմնական նպատակակէտն է ։
Սրտահաճոյ ընթերցումի մաղթանքերով՝
Արա Սայեղ
Աղբիւր՝ darperag21.net