Հրաւէր՝ մասնակցելու «Կալուածի քառալեզու մասնագիտական բառարան»ի ձեւաւորման
Սիրելի՛ ընթերցողներ,
Արմենակ Եղիայեան
ՆԱԽԱԲԱՆ
Ներկայ քառալեզու բառարանի ստեղծման գաղափարը սերած է 2006 թուականին Վիեննա հրատարկուած գերմաներէն-անգլերէն բառարանի մը գոյութենէն՝ իր 2.880 մասնագիտական եզրերով, անոր կողքին նաեւ Աւստրիոյ Առեւտրական պալատի կողմէ առցանց տրամադրուած գերմաներէն-ֆրանսերէն բառարանէ մը՝ հազիւ 300 եզրերով:
Անշարժ գոյքի պետական վկայեալ մասնագէտի հանգամանքովս, ինչպէս նաեւ որպէս հայորդի՝ վաղուց կը զգայի անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն նշուած բառարաններուն եզրերու քանակը ընդարձակելու, այլ ստեղծելու նաեւ հայերէն տարբերակ մը: Ներկայիս հասնելով մօտ 3.800 եզրերու՝ կը կարծեմ, թէ մասնագիտական արդի բառարանի մը պահանջքը լայնօրէն բաւարարած կ’ըլլամ: Կը շեշտեմ, որ ներկայ աշխատանքս ունի զուտ ակադեմական բնոյթ, ուստի զայն անվճար կը տրամադրեմ հետաքրքրուող ընթերցողներուն:
Գերմաներէնը, կարգ մը երկիրներու պաշտօնական լեզուն ըլլալով, բազմաթիւ եզրեր կը կիրարկէ տարբեր իմաստներով: Ասկէ զատ կան նաեւ հինցած եզրեր, որոնք այս կամ այն երկրի մէջ դեռ կը գործածուին: Ի դէպ, կացութիւնը տարբեր չէ անգլերէնին ու ֆրանսերէնին: Նկատի առնել շրջանային այդ բազմազանութիւնը կը նշանակէ զգալիօրէն դժուարացնել կամ նոյնիսկ անհնարին դարձնել ներկայ աշխատանքի հրատարակումը: Հակառակ անոր՝ անհրաժեշտ նկատեցի կազմել հայերէնի երկու աշխարհաբարները՝ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը առանձին:
Բաղդատմամբ մասնագիտական այլ բառգիրքերու՝ ներկայ բառարանը մատչելի է ո՛չ միայն մասնագէտներու փոքր շրջանակի մը: Արդարեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի ընթացքին վարձակալ կամ տանտէր է եղած կամ ալ հաւանաբար կը ծրագրէ ապագային կառուցել իր սեփական տունը: Հասկնալի է, թէ ոչ բոլորս ունինք հարկաւոր գիտելիքներ՝ իրաւաբանական, պետական-վարչական, շինարարական, ֆինանսաւորման, տնտեսական եւ այլ մարզերուն մէջ: Ուստի անշարժ գոյքի մասնագիտական եզրերը իմանալը կը դիւրացնէ հաղորդակցութիւնը շրջանի իշխանութիւններուն, փաստաբան/նոթարներուն, դրամա-տուներուն, ճարտարապետ/շինարար վարպետներուն, կառուցողներուն կամ շէնքի կառա-վարիչներուն հետ:
Արեւմտեան աշխարհի բազմաթիւ օրէնքներն ու մասնագիտական եզրերը Հայաստանի մէջ 1990 թվականներուն հետզհետէ կիրարկուեցան: Արեւմտահայերէնախօս սփիւռքը նորաբանութիւններու ստեղծման գծով իր կարգին չկարողացաւ դրական դեր մը խաղալ, քանի որ զուրկ էր պետական-վարչական կառոյցէ մը. ուստի արեւմտահայութիւնը նախընտրեց բազմաթիւ նորաբանութիւնները փոխառել արեւելահայերէնէն՝ վերածելով դասական ուղղագրութեան :
Ի դէպ, բառարանը արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի բաժնելը ունի իր առաւելութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ բնակարան վարձելու, տուն կամ հողատարած գնելու մտադիր սփիւռքահայերը եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ նման նպատակ ունեցող հայաստանցիները արագօրէն կը գտնեն իրենց որոնած եզրերը:
Բառարան մը պատրաստել դժուար է երեւակայել առանց արտաքին օգնութեան: Ներկայ բառարանի հայերէն տարբերակի մշակման գծով իր ցուցմունքերուն համար կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել պարոն Վարուժան Վարդանեանին (“Գնահատողներու hամահայկական խորհուրդ” ՀԿ նախագահ): Մասնագիտական գրականութեան հայթաթման եւ հայրենի մասնագէտներուն հետ կապեր ստեղծելու գծով երախտապարտ եմ պարոն Սեպուհ Պաղտոյեանին իր ցուցաբերած օգնութեան համար, իսկ բառարանագիր Լեւոն Թորոսեանին՝ իր թանկագին թելադրութիւններուն ու սրբագրութեան համար:
Համբարձում Յարթունեան
Վիեննա, մարտ 2022
hartunian.dr@aon.at