ՄԻ՛ ԸՍԵՐ ՈՒ ԳՐԵՐ, ԱՅԼ…
- Մի՛ ըսեր ու գրեր՝ ի պահանջեալ հարկին,
Այլ ըսէ ու գրէ՛ ի պահանջել հարկին:
***Ի պահանջել հարկին պատրաստ ենք զէնքի դիմելու:
Մի՛ըսեր ու գրեր՝ անգամներ,
Այլ ըսէ ու գրէ՛ բազմիցս կամ քանիցս:
***Բազմիցս (=քանիցս) զգուշացուցինք զինք վերահաս վտանգէն:
- Լողացող թիւ
Գիւտը կը վերաբերի «Արմէնպրես»-ին. հրամեր էք.
–Գիւմրիում ԼՂ-ից բռնի տեղահանուած 2290 անձ կայ: Թիւը, սակայն, լողացող է:
Լողացող թիւ:
Ահա քեզի առեղծուած մը, հայագիտութեան վերջին նուաճումներէն:
Կարդալով շարունակութիւնը՝ կը նկատենք, որ «լողացող» ենթադրաբար կը նշանակէ… անկայուն, տատանող, փոփոխական:
Ո՞ւր եւ ե՞րբ բուսաւ այս դարձուածքը,− Աստուած գիտէ եւ «Արմէնպրես»-ը:
Բայց իրապէս գիտէ՞:
Կ’անդրադառնա՞յ, որ սա մէկ յիմար թարգմանութիւնն է՝ ով գիտէ ո՛ր լեզուէ: Ֆրանսերէն չէ, իտալերէն չէ, անգլերէն չէ, պարսկերէն, թրքերէն ու արաբերէն ալ չէ, հապա ի՞նչ է,− վստահաբար ռուսերէ՛ն: Որ է արեւելահայուն երկրորդ մայրենի լեզուն հոն, ուր ան առաջնայինը չէ, ինչպէս Մարգարիտա Սիմոնեանինն է, օրինակ, եւ քանի մը միլիոն ուրիշներու, որոնք վաղո՜ւց հայերէնը հին ձորձի մը պէս գցած են իրենց ուսերէն եւ նորոգուած են, «նորոգ զարդարուած են» Հիւսիսի երկինքին տակ:
* * *
Զարմանալի բաներ կը պատահին երբեմն:
Հազիւ աւարտեր էի վերի հատուածը, երբ աչքիս ինկաւ հետեւեալ կիրարկութիւնը. «Կոնկրետ գծի ֆիքսում, որ Ադրբեջանի մօտ լողալու տեղ չլինի…»(Ստյոպա Սաֆարեան, «Հայկական ժամանակ»):
Ինծի չպատահէր ալ, որո՞ւ պիտի պատահէր նման բան մը:
Ուրեմն նախադասութիւնը նոյնութեամբ ղրկեցի հայրենի մէկ բարեկամիս՝ խնդրելով լողալու-ին մեկնաբանութիւնն ու ծագումը: Եւ գուշակութիւնս իրականացաւ. ան հաստատեց, որ բառս ռուսերէնէ մեքենական թարգմանութիւն է: Գալով իմաստին՝ ապա այստեղ խուսանաւել է ան, որ կը նշանակէ ճկուն ու խորամանկ շարժումով սպրդիլ, դուրս գալ անհաճոյ կացութենէ մը:
Հականիշը, այս պարագային, պիտի ըլլայ՝ ֆիքսել, ինչպէս գրած է հեղինակը, այսինքն՝ հաստատել, անշարժացնել, սեւեռել:
Այս պարագային ալ գլուխ կը ցցէ այն ցաւագին հարցումը. երբ այսքան հոմանիշներ ունի այս օտարաբանութիւնը, ինչո՞ւ չգոհանալ ազգայինով, հայեցիով, սեփականով…ինչո՞ւ:
- Ահա եւ ուրիշ մը՝ աւելի պատկերաւոր ու բարացուցական.
—դետալացուած մանրամասնութիւններ…
Գիւտը կը պարտինք «Առաջին լրատուական»-ին:
Դետալացված-ը՝ ֆրանսերէն détaillé, անգլերէն detailed ծանօթ բառերն են, որոնց երկուքն ալ կը նշանակեն… մանրամասն(ուած):
Ուրեմն «մանրամասն(ուած) մանրամասնութիւններ»…
Կը պատկերացնէ՞ք, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ արեւելահայը հասցնել լեզուամտածողութիւնը, աւելի ճիշդը՝ լեզուական միմոսութիւնն ու զաւեշտը:
Նոյն կայքէն անբարդոյթ կը հնչեն՝
—պարալիզացուած – անդամալուծուած
—մարգինացնել – լուսանցքայնացնել
—լեգիտիմացնել – օրինականացնել
—ուտիլիզացնել – գործածել, ի կիր արկանել
Եւ… մնացեալը, քանի մը հազար ուրիշներ՝ մեծ խնամքով պահուած ու գուրգուրուած, կը գտնէք Նուազի լը Գրանդի ամպագոռգոռ աւատապետին քով:
Եւ այս ու նմանները կիրարկողները այլապէս այնքան համակրելի ու մանաւանդ իրենց ասպարէզին մէջ այնքան յաջողակ լրագրողներ են, որոնց ի լուր զայրանալու, ըմբոստանալու, թշնամանալու փոխարէն՝ թաքուն կը մղկտայ սիրտդ, թէ ինչո՛ւ այս այսպէս եղած է, ինչո՛ւ այնքան համակրելի տղոց ու աղջիկներու կարելի չէ եղած մեսրոպեան վճիտ ու մաքուր հայերէնի կիրքը, նախանձախնդրութիւնն ու ճաշակը ներարկել. ո՞վ է ասոնց սկզբնապատճառը, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնար ուղիղ հունի մէջ դնել նմանները եւ չէ ըրած, թերացած է:
Կամ թէ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս սկսիլ սրբագրութեան դաժան ու տաժանելի փորձը, երբ այնքա՜ն մեծ է աւերը՝ աշխարհականին թէ հոգեւորականին ալ բերնին մէջ, այո, հոգեւորկանին, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի լիրբ հանդէս կու գայ հայրենի աշխարհիկ կայքերէ՝ իր կարգին աղաւաղելով հայերէնը՝ առանց ամչնալու ո՛չ կարգէն, ո՛չ սքեմէն ու ո՛չ մօրուքէն:
Եւ չես կրնար հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս հոն՝ հայրենի հողին վրայ այս ընթացքով որքա՞ն պիտի կարենայ տոկալ հայն ու հայերէնը, քանի սփիւռքը կրծող վտանգը դիմակ փոխած ու հասած է մինչեւ Արաքսի միւս ափը, այն վերջին ենթադրեալ «ապահով» կայանը, որուն այնքան յոյսեր կապած ենք:
- Հաւասարապաէս ընդունելի են`
–իւրաքանչիւրս գիտէ կամ իւրաքանչիւրս գիտենք:
–իւրաքանչիւրդ գիտէ կամ իւրաքանչիւրդ գիտէք:
Բայց՝ իւրաքանչիւրը գիտէ:
Արմենակ Եղիայեան