Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի 100ամեակի Տօնախմբութիւն
Ս. Խաչ Մայր տաճարի համայնքը կը պատրաստուի տօնախմբելու եկեղեցւոյս հարիւրամեակը՝ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի:
Ս. Խաչ Մայր տաճարը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջին հայ եկեղեցին (հիմնուած 1922ին), տասնամեակներ շարունակ տէր եղած է այս շրջանը հաստատուած պանդուխտ հայորդիներու եւ իբրեւ հոգեւոր ու մշակութային լուսաւոր փարոս՝ յոյս, լոյս եւ հաւատք ներշնչած է անոնց հոգիներուն մէջ:
Տաճարիս նուիրուած յառաջադրեալ յոբելենական տօնախմբութիւնները նկատի ունին եւ պիտի ընդգրկեն հետեւեալ միջոցառումները եւ տօնակատարութիւնները.
– Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022ի երեկոյեան ժամը 7ին՝ ժամերգութիւն եւ խունկի ու խաչերու օրհնութիւն եւ բաշխում:
– Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022ին՝ Խաչվերացի եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առթիւ, հանդիսաւոր եպիսկոպոսական Ս. պատարագ, ռեհանօրհնէք եւ մատաղօրհնէք՝ առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ:
– Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2022ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ՝ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ծխականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ միասնաբար տօնելու եւ մասնակցելու Ս. Խաչ Մայր տաճարի հարիւրամեակին նուիրուած եկեղեցական եւ ժողովրդային ձեռնարկներուն:
Մանրամասնութիւններու համար դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ (323) 727-1113 թիւին:
(Յայտարարութիւնը՝ եկեղեցիէն)