Սեպտեմբերի 19-ին Նիւ Եորքի մէջ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարեց 2024 թ. «Օրօրա»ի հերոսներու անունները, «Քլինթոն» համաշխարհային նախաձեռնութեան ամենամեայ միջոցառման ընթացքին։ Այս հերոսներէն մէկը դարձաւ «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրը։ Շնորհման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2024 թ. Մայիսին, Լոս Անճելես։ 2024 թ. «Օրօրա» մրցանակի դափնեկիրը կը ստանայ 1.000.000 ԱՄՆ տոլար պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու եզակի հնարաւորութիւն՝ աջակցելով կարիքի մէջ գտնուող անձերու։
«Մենք ուրախ ենք յայտարարել այն երեք բացառիկ անհատներու անունները, որոնց ընտրած ենք որպէս 2024 թ. «Օրօրա»ի հերոսներ։ Անոնք տարբեր են իրենց կենսափորձով, բայց կը միաւորուին մարդկութեան ծառայելու նուիրումով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ցուցաբերէ արտասովոր խիզախութիւն եւ նուիրուածութիւն՝ օգնելով այլոց վտանգաւոր իրավիճակներուն՝ մէկ կողմ դնելով սեփական ապահովութիւնը ու բարեկեցութիւնը»,- ըսաւ «Օրօրա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ, Լոնտոնի կայսերական կաճառի Կլոպալ առողջապահական նորարարութիւններու ինստիտուտի համանախագահ Լորտ Արա Դարզին»։
2024 թուականի «Օրօրա»ի հերոսներն են.
Ապտուլհատի ալ-Խաուաճա (Պահրէյն/Դանիա)՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, որ խիզախօրէն պաշտպանած է Պահրէյնի ամենախոցելի համայնքներու իրաւունքները, յատկապէս անոնց, որոնց իրաւունքները պարբերաբար խախտուած են։ Ան քանի մը անգամ ձերբակալուած է, 2011 թ. Պահրէյնի ապստամբութեան ժամանակ խաղաղ ցոյցեր առաջնորդելու համար։ Որպէս հետեւանք՝ Ռազմական ատեանը անոր դատապարտած է ցմահ բանտարկութեան։
Տենիս Մուկվեգէ (Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն)՝ կինեքոլոկ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ով 1999 թուականէն սկսեալ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ պատերազմի ժամանակ սեռական եւ սեռային ինքնութեան բռնութեան ենթարկուած կիներուն եւ կը պայքարի սեռային հաւասարութեան համար ու բռնաբարութիւնը որպէս պատերազմի զէնք գործածելուն դէմ, Գոնկոյի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Բժ. Մուկվեգէն արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, եւ 2018 թուականի Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին։
Նասրին Սոթուդէ (Իրան)՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ով 2003 թուականէն այս կողմ հանդէս կու գայ որպէս փաստաբան՝ ներկայացնելով իրանցի ընդդիմադիր գործիչներու, երիտասարդ բանտարկեալներու եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպաններու շահերը, անոնց կարգին՝ այն կիներու իրաւունքները, որոնք ձերբակալուած են Իրան պարտադիր լաչակ կրելու դէմ բողոքելու համար։ Իր գործունէութեան պատճառով Նասրին Սոթուդէն բազմիցս բանտարկուած է եւ որպէս պատիժ ենթարկուած է նաեւ մեկուսեալ բանտարկութեան։
2024 թուականի «Օրօրա» մարդասիրական մրցանակի առաջադրումներու փուլին, ներկայացուած էր 732 դիմում՝ ներառեալ 675 հերոսի թեկնածու։ Դիմումները ստացուած են 75 երկրէ, անոնց կարգին՝ ԱՄՆ, Քենիա, Հայաստան, Նիճերիա, Գերմանիա, Փաքիստան, Գանատա, Հնդկաստան, Մեծ Բրիտանիա, Չեխիա, Վրաստան եւ Իրան։