Յիշելով անհետացած գրողը…
Այս տարի լրացաւ գրողի անհետացման 175-ամեակը, եւ այդ առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագիտական հանրապետական եռօրեայ գիտաժողով։
Գիտաժողովի համակազմակերպիչներն էին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառը, Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։
Յագեցած գիտաժողովի օրերու ընթացքին բացայայտուեցան աբովեանագիտութեան նոր եւ ուշագրաւ կողմեր, բազմակողմանի կերպով քննուեցան Խաչատուր Աբովեանի գրականութիւնը, կեանքը, գործունէութիւնը: Մասնակիցները՝ անուանի գիտնականներ, հայագէտներ, երիտասարդ հետազօտողներ, խօսեցան Աբովեանի վէպերու, միւս ժանրի գործերուն մասին, ներկայացուցին անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ արծարծուած բազմազան նիւթեր, այլ գրողներու եւ Աբովեանի գրական կապերը, Աբովեանը՝ մամուլի էջերուն մէջ, անոր նամականիի արուեստը եւ տարատեսակ այլ նիւթեր:
Խաչատուր Աբովեանի կեանքէն կարեւոր բացայայտումներու կողքին կան նաեւ առեղծուածներ եւ քիչ ուսումնասիրուած էջեր: Առեղծուածներէն մէկը, անշուշտ, անոր անհետացումն է:
1828-1829 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի հետեւանքով սկսած է հայերու զանգուածային արտագաղթ, եւ շուրջ 90 հազար հայեր հարկադրուած լքած են իրենց հայրենիքը: Խաչատուր Աբովեանի անհետացման վարկածներէն մէկը կը կապուի այս հանգամանքին հետ. կ՚ըսուի, թէ ժամանակի ցարական հակահայկական քաղաքականութիւնը չէր կրնար ազատամիտ Աբովեանի վրայ բացասական ազդեցութիւն մը չունենալ:
Մասնագէտներ ուսումնասիրած են, թէ պատմական այդ ժամանակաշրջանին ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուէին Աբովեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները: Ռուսաստանի նկատմամբ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող Աբովեանի մօտ յառաջացած են գաղափարական շրջադարձի բոլոր նախադրեալները, ան տեսած է, որ ձախողուած են կրթական-լուսաւորչական ծրագիրները եւ, ընդհանրապէս, իրականութիւն չեն դարձած սեփական պետականութիւնը վերականգնելու հայ ժողովուրդի բոլոր ձգտումները: Ցարիզմի հայահալած քաղաքականութեան դէմ ընդվզելու արդիւնքը 1848 թուականի ապրիլեան օր մը մեծ գրողի առեղծուածային անհետացումն էր, որու մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր յայտնի չեն:
Գրող Ակսել Բակունցի տեսակէտով, Աբովեանը գացած է 1848 թուականի եւրոպական յեղափոխութիւններուն մասնակցելու:
Ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան կը կարծէր, թէ Աբովեան անձնասպանութիւն գործած է:
Հայագէտ, աղբիւրագէտ Պիոն Յակոբեան նոյնպէս հակուած էր Աբովեանի անձնասպանութեան կամ ծպտեալ տեղ մը ապրած ըլլալու վարկածին:
Ժողովուրդի մէջ նոյնպէս տարածուած էր անձնասպանութեան վարկածը:
Պատմաբան Վարշամ Աւետեան փորձած է համոզել, թէ Աբովեանը սպանուած է իր պարտապաններու ձեռքով:
Բազմաթիւ վարկածներէն մէկն ալ Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու վարկածն է, որը պնդած է պատմաբան Վլատիմիր Ղազարեան:
Խաչատուր Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու հաւանականութեան մասին մէկ այլ փաստարկ բերած է Սուրբ Էջմիածնի ճեմարանի ուսուցիչ Ստեփան Կանայեանց: Ան կը պատմէ, որ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն Աստրախանի իր ընկերոջմէ 1983 թուականին ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնուէր, թէ ռուս գրող Չերնիշեւսքին Աստրախանի մէջ հայերուն պատմած է, թէ ինք Սիպերիա աքսորուած ժամանակ տեսած է հայազգի Խաչատուր Աբովեանը:
Հանելուկային կերպով անհետացած Խաչատուր Աբովեանի անունը պահած են անոր ժառանգները:
Հանրութեան քիչ յայտնի են նաեւ Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները: Գրողը Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ ըլլալով պաշտօնավարած ժամանակ՝ 1838 թուականին, կը հանդիպի 18-ամեայ Էմիլիէ Լոոզէին, որուն հայրը գերմանացի էր, մայրը՝ էսթոնուհի: Շարունակուող հանդիպումներն ու զրոյցները աստիճանաբար կը դառնան ջերմ ու անկեղծ եւ տարուան երկրորդ կէսին կ՚աւարտին փոխադարձ սիրոյ խոստովանութեամբ:
Աբովեան քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւորական էր, իսկ Էմիլիէն՝ այլազգի, լուտերական երիտասարդուհի մը…
Անհրաժեշտ էր արտօնութիւն ստանալ առաքելական եւ լուտերական եկեղեցիներու կրօնական մեծերէն, հրաժեշտ տալ հոգեւոր կոչման, որմէ ետք միայն կնքել ամուսնական դաշինք: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ:
23 յունուար 1839 թուականին Սինոդը կը լսէ Թիֆլիզի նահանգական դպրոցի տեսուչ Խաչատուր Աբովեանի դիմումը եւ դրական լուծում կու տայ:
Էմիլիէն կը համաձայնի, որ պսակադրութիւնը կատարուի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հայ քահանայի կողմէ, ան նաեւ համաձայնութիւն կու տայ, որ իրենց երեխաները նոյնպէս մկրտուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ հայկական դաւանանքին համաձայն: Խաչատուր Աբովեան իր կարգին կը պարտադրուի, որ երբեք պիտի չբռնանայ իր կնոջ դաւանանքին: Ամուսնական դաշինքը կը կազմուի եւ կը վաւերացուի Թիֆլիզ, 6 օգոստոս 1939 թուականին: Պսակադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ 10 դեկտեմբեր 1839 թուականին:
Ամուսնութեան յաջորդ տարին՝ 31 մայիս 1840 թուականին, կը ծնի անոնց առջինեկը՝ Վարդանը, իսկ 1843 թուականի յունիսին՝ դուստրը՝ Զարմանդուխտը:
Վարդան ութ տարեկան էր, երբ կը զրկուի հօրմէն: Անոր յետագայ խնամքն ու դաստիարակութիւնը կը մնայ մօր՝ Էմիլիէի վրայ, որ ամուսինին առեղծուածային անհետացումէն ետք կ՚ապրի քսաներկու տարի եւ կը մահանայ 1870 թուականին:
Ինը տարեկանէն Վարդան կը յաճախէ Թիֆլիզի ազնուական կիմնազիոնը, ապա Ներսիսեան դպրոցը: Կաթողիկոսը նախատեսած էր անոր կրթութիւն տալ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի արեւելեան լեզուներու բաժնէն ներս, սակայն հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով Վարդան կ՚ելլէ Ներսիսեան դպրոցէն, միեւնոյն ատեն կը զրկուի Լազարեան ճեմարանի մէջ ուսանելու հնարաւորութենէն:
Մօր՝ Էմիլիէի մեծ ջանքերուն շնորհիւ ան 1854-1859 թուականներու միջեւ կ՚ուսանի Խարքովի մասնաւոր կրթարանի մը մէջ, ապա կը փոխադրուի Թորպատ եւ 1860 թուականին կը դառնայ համալսարանի ուսանող, այն համալսարանին, ուր հայազգի պատանիներէն առաջինը ընդունուած եւ աւարտած էր իր հայրը: Նիւթական սուղ պայմաններուն պատճառով Վարդան Աբովեան համալսարանը չ՚աւարտեր: Համալսարանի ղեկավարին արտօնութեամբ քննութիւն կը յանձնէ՝ կիմնազիոնի ուսուցիչի կոչում ստանալու համար եւ եօթ տարի կը դասաւանդէ ռուսաց լեզու, պատմութիւն, գեղագրութիւն՝ Էսթոնիոյ նախ Ֆելին գիւղաքաղաքին մէջ, ապա՝ Թալլին քաղաքի զանազան ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
1869 թուականին մօր խնդրանքով Վարդան կը վերադառնայ Անդրկովկաս եւ անմիջապէս ուսուցիչի պաշտօն կը վարէ Ախալքալաքի մէջ: Պայմանները կը ստիպեն անոր, որ 1875 թուականին փոխադրուի Էջմիածին, ուր հինգ տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, այնուհետեւ տասը տարի կը բնակի եւ կ՚աշխատի Երեւանի թեմական դպրոցը:
Վարդան Աբովեան մահացած է 1896 թուականի նոյեմբերին, յուղարկաւորուած է Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակը: Ան ամուսնացած էր Կատարինէ Եարալեանին հետ, ունեցած են ութ զաւակ, որոնցմէ Խաչատուրը, Վահանն ու Պետրոսը մահացած են մանուկ հասակին: Վարդան Աբովեանի միւս երեք տղաքը՝ Կոնստանդինը, Լեւոնը, Աշոտը եւ երկու դուստրերը՝ Շուշանիկը, Վիքթորիան մեծցուցած ու կրթութեան տուած է մայրը՝ Կատարինէ Եարալեան-Աբովեանը, քանի որ Վարդանը կանուխ մահացած էր, երբ երեխաները տակաւին մանուկ էին:
ԶԱՐՄԱՆԴՈՒԽՏԻ ՃԻՒՂԸ
Բոլորովին այլ կերպով կը դասաւորուի Խաչատուր Աբովեանի դստեր՝ Զարմանդուխտի կեանքը: Ան հինգ տարեկան էր, երբ զրկուեցաւ հօրմէն: Աւարտելով Երեւանի իգական կիմնազիոնը՝ Զարմանդուխտը շուտով կ՚ամուսնանայ Երեւանի մէջ հարկահաւաքի պաշտօնով աշխատող Գրիգոր Եակովլեւիչ Պոժովսքիին հետ: Անոնք կ՚ունենան հինգ զաւակ՝ չորս աղջիկ՝ Եուլիանա, Օլկա, Զինաիտա (չորրորդին անունը յայտնի չէ) եւ մէկ որդի՝ Վլատիմիր:
Զարմանդուխտին ամուսինը ապրած է մինչեւ 1906 թուականը: Ան հիւանդ ու հաշմանդամ էր եւ երեխաներուն խնամքն ու դաստիարակութիւնը, մեծ կարիքի ու զրկանքներու պայմաններով, ինկած էր Զարմանդուխտի ուսերուն:
Զարմանդուխտի միակ տղան՝ Վլատիմիր Պոժովսքին, ընտանիքին ամենափոքրն էր, սակայն յետագային կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ մօր, քոյրերուն ու անոնց երեխաներուն միակ խնամատարն ու կարիքները հոգացողը եղաւ կրտսեր զաւակը:
Վլատիմիր շատ կապուած էր մօրը, բարձր կը գնահատէր անոր բացառիկ ջանքերը երեխաներու ուսուցման ու դաստիարակութեան գործին մէջ: Իր կարգին ջանք չէր խնայեր երախտահատոյց ըլլալու մօրը, որ ապրեցաւ 66 տարի եւ մահացաւ 1909 թուականին:
Հայ մեծ լուսաւորիչի տոհմածառին քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր սերունդին շուրջ 90 մարդոցմէ 28-ը կեանքէն կանուխ հեռացած են, իսկ մնացած 62 հոգիէն 20-ը չեն հասած նոյնիսկ չափահասութեան: Մնացեալը իրենց կեանքը նուիրած են գիտութեան, հինգը եղած են տոքթոր-փրոֆեսէօրներ, եօթը՝ գիտութեան թեկնածուներ:
Խաչատուր Աբովեանի ժառանգները ընթերցողներու սեղանին դրած են զանազան գիտութիւններու գծով աւելի քան 250 գիտական աշխատութիւն, անոնք եղած են ազնիւ, գործունեայ, հայրենասէր եւ մարդասէր անձինք:
ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Անհետացումէն եւ երկար ժամանակ գրողէն լուր չունենալէ յետոյ, սկսուած է անոր յիշատակի պահպանումը՝ ենթադրելով, որ ալ ողջ չէ հայ մեծ գրողը: Արդէն խորհրդային տարիներուն անոր յիշատակի եւ ոգեկոչումի ձեռնարկները յաջորդած են մէկը միւսին: Խաչատուր Աբովեանի անունով բազմաթիւ կարեւոր անուանակոչումներ տեղի ունեցած են:
Գրողի անունը կը կրէ Երեւանի կեդրոնական ու գեղեցիկ փողոցներէն մէկը: Աբովեան փողոցը կը սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն եւ կը հասնի մինչեւ Յաղթանակի զբօսայգի տանող հրապարակը: Ճիշդ այդ վայրին մէջ ալ կանգնեցուած է Խաչատուր Աբովեանի արձանը, որու քանդակագործը Սուրէն Ստեփանեանն է: Աբովեանի արձան մըն ալ դրուած է իր թանգարանի բակին մէջ։ Ընդհարապէս, Խաչատուր Աբովեանը Երեւանի մէջ արձան ունեցած հայ առաջին գրողներէն է:
Հայաստանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկը՝ մանկավարժական համալսարանը. կը կրէ «Խաչատուր Աբովեա»ն անունը: Աբովեանի անհետացման 100-ամեակին առթիւ կատարուած է այդ անուանակոչութիւնը եւ մինչեւ հիմա մեծ լուսաւորիչի ու մանկավարժի անունը մանկավարժներ պատրաստող ամենահին համալսարանին վրայ է:
Մեծն Աբովեանի անունը կը կրէ քաղաք մը Հայաստանի մէջ, որ կը նկատուի Երեւանի արբանեակ քաղաքը: Զայն Աբովեան կոչուած է 1961 թուականին:
Մեծ գրողի անունը կը կրէ Երեւանի մանկական երկաթուղիի զբօսայգին: Երեւանի մէջ Խաչատուր Աբովեանի անունով կայ երկու դպրոց: Գրողի անունով դպրոցներ կան Սեւանի, Հրազդանի, Վաղարշապատի մէջ: Երկու դպրոց եւ մէկ փողոց ալ Աբովեանի անունով անուանակոչուած էին Արցախի մէջ…
Անշուշտ, Խաչատուր Աբովեանի յիշատակի ամենանուիրական վայրը անոր տունն է Քանաքեռի մէջ, ուր այսօր կը գործէ թանգարանը: Թանգարանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, որ անցեալին այս տունը գոց եղած է: Կը պատմեն, որ ուխտաւորները իրենց համբոյրը եւ սիրտին խօսքը կը դրոշմէին անոր պատերուն, հող կ՚առնէին ու կը հեռանային:
Աբովեանասէր ժողովուրդը մեծ փափաք ունէր՝ թանգարան տեսնել այն խրճիթին տեղ, ուր ծնած է մեր նոր գրականութեան հիմնադիրը: Այդ բաղձանքը իրականացաւ միայն 1939 թուականին: Այն ժամանակ Աբովեաններու տոհմական տան հիւրասենեակի պատերուն հապճեպօրէն ամրացուեցան քանի մը ցուցանմոյշներ, որոնք կը պատմէին մեծ լուսաւորիչի կեանքի ու գրական-մանկավարժական գործունէութեան մասին, իսկ կից մառանին մէջ ի ցոյց դրուեցան տնային գործածութեան զանազան իրեր: 1948 թուականի սեպտեմբերին, Աբովեանի անհետացման 100-ամեայ տարելիցի առթիւ, թանգարանի ցուցանմոյշները հարստացան, իսկ հինգ տարի անց՝ 1953 թուականի գարնան, վերափոխուած կից շէնքին մէջ բացուեցան նոր ցուցասրահներ: Աբովեանի կեանքի ու ստեղծագործութեան մասին պատմող նիւթերը փոխադրուեցան հոն՝ խրճիթին մէջ ձգելով միայն կենցաղային գործածութեան իրեր: 1964 թուականի որոշման մը մէջ միջթանգարանային խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ գրողին տուն-թանգարանը պէտք է հանդիսանայ Աբովեանի՝ մեր ժողովուրդին մատուցած մեծագոյն ծառայութիւնները գնահատելու լաւագոյն արտայայտութիւն, Աբովեանի կեանքն ու գործունէութիւնը մարդոց հասցնելու միջոց մը, օճախ մը, որ արդի թանգարանային սկզբունքով կառուցուած ու կահաւորուած հաստատութիւն մը պիտի ըլլայ: Կարճ անց այդ ժամանակուայ մշակոյթի նախարարութիւնն ու Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան կաճառը կը նախաձեռնեն նոր ցուցադրութեան աշխատանքները: Առաջին ցուցադրութեան մէջ իսկ այցելուն հնարաւորութիւն ունէր ուսումնասիրելու Աբովեանի կեանքն ու գրական-մանկավարժական գործունէութիւնը: Բարեկարգումներ կատարուեցան, Քանաքեռ տեղափոխուեցաւ Ա. Տէր-Մարուքեանի՝ 1913 թուականին Փարիզի մէջ կերտած Խաչատուր Աբովեանի արձանը եւ դրուեցաւ մեծ գրողի հայրական տան դիմաց: Շէնքը տակաւին բաւարար պայմաններ չունէր Աբովեանի ողջ ժառանգութիւնը ներկայացնելու համար եւ մտաւորականութեան պահանջով 1978 թուականին կառուցուեցաւ ցուցասրահներու նոր շէնքը: 2010 թուականին ցուցասրահը վերանորոգուեցաւ, բաժինները համալրուեցան եւս երկուքով, ինչպէս նաեւ նոր ու արժէքաւոր նիւթերով:
Այսօր թանգարանը, աբովեանական շունչով լեցուած, ամէն օր իւրովի կը ներկայանայ այցելուին: Հոն յաւերժ կ՚ապրի հայ գրականութեան լուսաւորիչի անունը: 214 տարի առաջ ծնած եւ 175 տարի առաջ անհետացած գրողի շունչն ու ոգին միշտ ներկայ է այդ տան մէջ:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ», Պոլիս