- Յոգնակիի չարաշահում
Ի՞նչ կը մտածէք հետեւեալին մասին.
«Վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» («Ազդակ», 15-3-20225, էջ 1):
Դուք ի՞նչ թիւով կը գրէիք հաղորդակցութիւններ-ը.
Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի:
* * *
Մենք այլապէս գիտենք, եւ յօդուածին բովանդակութիւնն ալ կը հաստատէ, որ վարչապետը խօսած է՝ մէյ մը Թրուտոյի հետ, մէյ մըն ալ Պլինքընի հետ: Այս պայմաններու մէջ լեզուական ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կը թելադրէ, առաւել եւս կը պարտադրէ, որ յոգնակի կիրարկենք հաղորդակցութիւններ-ը:
Հաղորդակցութիւնը փոխարինենք կենցաղային առօրեայ արարքով մը՝ բանաձեւելով Թորոսի եւ Մարկոսի նարինջ ուտելը. ո՞րն է ճիշդը.
–Թորոսը եւ Մարկոսը նարի՞նջ կ’ուտեն, թէ՞
–Թորոսը եւ Մարկոսը նարինջներ կ’ուտեն:
Ես չեմ հաւատար, որ գտնուի ողջախոհ հայ մը, որ ըսէր ՝ «նարինջներ կ’ուտեն»:
Այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ այս միտքը արտայատողին նպատակը Թորոսին ու Մարկոսսին կերած նարինջներուն քանակը նշել չէ, այլ նարինջ ուտելու արարքը, իրողու-թիւնը: Վերը մէջբերուած լուրին նպատակը իր կարգին վարչապետին ունեցած հաղորդակ-ցութեան քանակը չէ, այլ իրողութեան, գործողութեան հաստատումը, հաղորդումը:
Հիմա պահ մը ենթադրենք, թէ որոշած ենք մեզ ընկալողը իրազեկել կերուած նարինջի քանակութեան, ապա այդ պարագային կրնան ներկայանալ անհամար պարագաներ.
–Թորոսը եւ Մարկոսը մէկական նարինջ կերան:
–Թորոսը մէկ նարինջ կերաւ, Մարկոսը՝ երեք:
–Թորոսը նարինջ մը կերաւ, Մարկոսը՝ բազմաթիւ նարինջներ կերաւ:
–Թորոսը եւ Մարկոսը՝ իւրաքանչիւրը բազմաթիւ նարինջներ կերան:
Այլապէս «վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» կառոյցը քանակական ոչ մէկ յստակաութիւն կը բերէ խօսքին՝ բացի թելադրելէ, թէ… վարչապետը գլուխները արդուկելու չափ հաղորդակցութիւն ունեցած է մէկուն ու միւսին հետ: Մինչ մենք բոլորս, անկիւնի նպարավաճառը ներառեալ, գիտենք, որ ան շատ-շատ մէկ-երկու անգամ հաղորդակցած է մէկուն ու միւսին հետ: Ու վե՛րջ:
* * * Շատ խօսած ու շատ գրած եմ, որ առանց նախադրութեան հետ առհասարակ յոգնակի խնդիր չի կիրարկուիր. չենք ըսեր, պէտք չէ ըսենք՝ «առանց նախապայմաններու»,− ինչպէս տիւ ու գիշեր կը կարդանք այս օրերս, այլ պէտք է ըսել «առանց նախապայմանի»:
Առանց նախապայմանի-ն արդէն կը վանէ առկայ նախապայմաններու ամբողջութիւնը, ոչ մէկին կը խնայէ ան, ալ ի՞նչ տեղիք կը մնայ բառը յոգնակի կիրարկելու:
- Վերացականութիւն եւ յոգնակի թիւ
Լեզուն կը խորշի յոգնականացնելէ վերացական գոյականները եւս:
Սակայն ընթացիկ կանոնները չեն վերաբերիր Պարոյր Աղպաշեանի գրիչին, վասնզի անոր «գիրը ուրիշ գրէն է»:
–Իրենց գձուձ եսականութիւններուն հանրահաշիւները («Պայքար», թիւ 353):
–Տիրող հակասական եռուզեռներուն մէջ (անդ):
–Գալիք ընտրութիւնները իրենց կայացումներով (անդ):
–Յղի են անյեղելիութեան հաւանականութիւններով (անդ):
–Յօգուտ մարդկութեանց յարաբերութիւններու նպաստի[1] (թիւ 255):
–Ամէն ինչ ձգուած էր ինքնահոսութեանց ու կամայականութեանց, ապիկարութեանց եւ անջատողականութեանց (թիւ 260):
–Սկսաւ հանդէս գալ … հովերգութիւններով[2] (թիւ 261):
–Հակառակ օժանդակութիւններուն եւ խնամատարութեանց (թիւ 262):
–Հայրենական տագնապներուն ու հրատապութիւններուն (անդ):
–Այս ոճով կարելի էր հաշուեյարդարներ տեսնել (անդ):
* * *
Հանրահաշիւ, իր իմաստին թելադրանքով, կ’ընդգրկէ տուեալ հաշիւներու ամողջու-թինը, ըստ այսմ՝ որեւէ քանակութիւն մէկէ աւելի հանրահաշիւ չի կրնար ունենալ:
Եռուզեռ մը, որքան ալ տարածուն ըլլայ ան, մէ՛կ ըլլալէ չի դադրիր. օրինակ՝ «Ռուսերու ներխուժումը արտասովոր եռուզեռ մը յառաջացուց ամբողջ Հայաստանի տարածքին»,− որ կը նշանակէ եռուզեռ կը տիրէր Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր գաւառները՝ ամէն տեղ, եւ այս բոլորը թարգմանուած է մէկ եռուզեռ եզակիով:
Նոյնը պիտի չկարենայինք ըսել խճողում-ի պարագային. օրինակ՝
«Յորդ անձրեւ(ներ)ը խճողումներ ստեղծեց քաղաքի տարածքին»,− ուր յոգնակի կիրարկեցին խճողում-ը, քանի ան աւելի շօշափելի, համրելի երեւոյթ է:
Ուրիշ մերժելի յոգնակի մըն է ընտրութիւններու կայացումներ-ը. ընտրութիւնները որքան ալ բարդ ու երկարատեւ եղած ըլլան, կը կազմեն մէ՛կ արարում, մէ՛կ կայացում, եւ կարելի չէ յոգնականացնել այս վերջին բառը:
Մարդկութիւն կը նշանակէ «Երկիր մոլորակի մարդոց ամբողջութիւն», հետեւաբար չի կրնար մարդկութիւններ գոյութիւն ունենալ, որպէսզի ըսենք մարկութեանց:
Այլանդակութիւն մըն ալ խնամատարութեանց-ն է…
Պատկերացուցէք անկելանոց մը, որ կը պատսպարէ 1000 զառամեալ, որոնց օրնիբուն կը ծառայէ մօտաւորապէս 100 հոգինոց անձնակազմ մը: Արդ, օր աւուր տրուած խնամքներու այս առասպելական քանակութիւնը հետեւեալներէն ո՞ր կառոյցով պատշաճ է ներկայացնել.
–Անկեալներու խնամատարութի՞ւնը, թէ՞
–Անկեալներու խնամատարութիւնները:
Լեզուական ամենատարրական ճաշակը պիտի թելադրէր՝ խնամատարութիւնը: Չեմ շարունակեր…
[1] Յօգուտ…նպաստի՝ կրկնաբանութիւն (ի օգուտ= ի նպաստ):
[2] Հովուերգութիւն… ըսել կ’ուզուի: Արմատը հովիւ է, ան pastoral-ին թարգմանութիւնն է:
Pasteur=հովիւ, pastoral=հովուական, հովուերգութիւն (իւ > ու):
Իսկ հովերգութիւն բառ գոյութիւն չունի: