Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (ա./գ. մաս)
Երկխօսութիւն՝ առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնով արտայայտութեան երեւոյթին հետ
Նախաբան
Աւելի քան տարի մը առաջ, համաճարակին հետեւանքով պարտադրուած ինքնարգելափակումը այլակերպեց մեր օգտագործած ֆիզիքական թէ՛ թուային տարածքները։ Մեր առջեւ գոցուած դռները կարելիութիւն տուին մեզի կտրելու տարբեր սահմաններ եւ ստեղծելու (կամ վերստեղծելու) տարածքներ, որոնց գոյութիւնը մեր կեանքին մէջ նոյնքան շեշտուած չէր, մեր առօրեայ հեւքին պատճառով. նման տարածքներ էին, օրինակի համար, պատշգամը, տանիքը, ընկերային ցանցերը։ Մեր ամէնօրեայ նոր հոգերը՝ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու թիւին աճ, համաշխարհային տնտեսական տագնապ, ընկերային, կրթական եւ ընտանեկան բռնութեան հարցեր, աշխարհով մէկ բռնկած բողոքի ցոյցեր եւ այլն դարձան այս նոր (կամ նորոգուած) միջավայրերուն հիմնական առանցքը՝ առաւելաբար ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուող անձնական հաղորդակցութիւններ եւ ստեղծագործական գրառումներ զարգացուցին շատոնց սպասուած երեւոյթ մը՝ հայատառ արեւմտահայերէնի առցանց շեշտուող ներկայութիւնը։ Ձիւնագնդակի պէս աճեցաւ թիւը արեւմտահայերէնով արտայայտուողներուն՝ անձնական թէ՛ հաւաքական նախաձեռնութիւններու ճամբով, ու կարծես վերակենդանացան շուրջ տասնամեակ մը առաջ Դիմատետր-ի եւ տարբեր ցանցատետրերու ճամբով կատարուած առցանց արեւմտահայերէնին թափ տալու զանազան ձեռնարկներ։
2020-ի կիսուն, նախքան Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը եւ Արցախի պատերազմին բռնկումը, փորձեցի այս յօդուածով մէկտեղել, ներկայացնել եւ երկխօսութեան մէջ մտնել առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնով արտայայտութեան մերօրեայ երեւոյթին հետ։ 2021-ի աւարտին, կը վերադառնամ յօդուածին՝ առաջին հերթին յետադարձ հայեացքով ամփոփելու համար նախորդ տարուան շարժումը եւ յառաջիկայ յօդուածներով անդրադառնալու համար նոյն ճամբան բռնած ծրագիրներուն։
Բազմաթիւ հասարակութիւններու մօտ համացանցին օգտագործումը առաջին շրջանին տեղի կ՚ունենար համակարգիչներ ունեցող խանութներու միջոցով, որոնք «Նէթուըրք» կամ «Նէթ» կը կոչուէին։ Համացանցային կապ գործածել փափաքողը կ՚ուղղուէր այս վայրերէն մէկը եւ չնչին գումար մը վճարելով կը ստանար համացանցային կապի ծառայութիւն։ Ժամանակի ընթացքին այս տարածքը փոխադրուեցաւ տուները եւ աւելի ուշ՝ մեր ձեռքերուն մէջ, խելախօսներու ճամբով։ Զուգահեռաբար, մերթ ընդ մերթ բազմացան համացանցի կայքերը, երեւան ելան բջիջային հեռաձայնի տարբեր ծրագիրներ եւ ստեղծուեցան ցանցեր, որոնք հանդիպման վայրեր եղան տարբեր տարածքներու պատկանող հասարակութիւններու։ Այս մէկը ձեւով մը ստեղծեց միջմշակութային յարաբերութիւններ՝ ընկերութիւններու մակարդակներու վրայ, որոնք դրսեւորուեցան գրաւոր, տեսողական եւ լսատեսողական եղանակներով։
Թուիթըր
1 Մարտ 2020-ին, երբ պսակաձեւ ժահրը տակաւին անորոշ վախով կը պատէր Լիբանանը, @HayerenShahen անունով թուիփ մը (Թուիթըր օգտագործող) իր Թուիթըր-ի վրայ կը դայլայլէ՝ «Երէկ Պուրճ Համուտ կը քալէի կոր, կին մը կ’ըսէր՝ «քորոնան տաք օդին կը մեռնի եղեր, էհ հիմա օդը տաքնայ նէ քորոնան կ’երթայ՝ ժարատնե՞րը (մարախները) կու գան…»։ 15 Ապրիլին, @kayane_jal-ը կը գրէ. «Միայն ես եւ երկրորդ յարկի Խաթուն թանթիկը թիք_թօքի վիտէօ չըրինք։ #Պսակաձեւ_խենթութիւն #վերջը_լաւ_չէ»։ 21 Մայիսին, Լիբանանէն @galyavakian կը գրէ «Աս քահրապան կաղանդի ծառի լոյսի պէս կ’երթայ-կ’երթայ կու գայ կոր քանի շաբաթէ։ Հիմա լոյսերը փոխելու ատեն չէ, գիտեն չէ՞։ Մեր քովը վրայ վրայի օրը 6 ժամ չեն տար կոր։»
Երբ պրպրտենք, կը տեսնենք, որ շարքը երկար է նման հասարակ, ամէնօրեայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող հայատառ արեւմտահայերէնով Թուիթ-ներու, որոնք ընթերցողին տրամադրութեան տակ կը դնեն բովանդակութիւն մը, որ իրական եւ անմիջական է՝ յաճախ համեմուած անձին ու անոր ապրած միջավայրին յատուկ սրամտութեամբ։ Շահէն Արապօղլեանին հետ զրոյցի ընթացքին, ան կը մանրամասնէ Թուիթըր-ի վրայ աչքառու այս երեւոյթը ու դիտել կու տայ, որ Թուիթըր-ի մշակոյթին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ պատկանելիութիւնը, որովհետեւ այս հարթակը օգտագործող իւրաքանչիւր անհատ ունի իր հետաքրքրութիւնները (նիւթ, ընկերային շարժում, հռչակաւոր դէմք եւ այլն) եւ կը հետեւի նման հետաքրքրութիւններ ունեցող Թուիթըր-եան համայնքին ու ատոնց մասին կը դայլայլէ։ Արդ, Թուիթըր-ի վրայ կը յառաջանան նոր հասարակութիւններ եւ տարածքներ, որոնց անդամները կը միաւորուին հասարակ յայտարարով մը։ Շահէն կ՚ըսէ, որ արգելափակման օրերուն ազատ ժամանակի պատճառով եւ այլ հարթակներու վրայ Թուիթըր-էն առնուած նիւթերու տեղադրումին հետեւանքով, բարձրացաւ թիւը Թուիթըր-ի աշխարհ մուտք գործողներուն, որոնց համար հոն արծարծուող նիւթերն ու հարթակին համեմատաբար երիտասարդ օգտատէրերուն հետ շփումը աւելի գրաւիչ էր քան Դիմատետր-ի միջին տարիքի համայնքը:
Թուիթըր-ին վրայ տարբեր գաղութներու հայ Թուիփ-ներուն փոխ-յարաբերութիւնը մատնանշումի արժանի այլ երեւոյթ մըն է։ Անոնցմէ ոմանք զիրար արտացանց արդէն կը ճանչնային, իսկ ոմանք ալ միայն առցանց հանդիպած են ու մշակած են յարաբերութիւն մը, որ անցած է նաեւ Թուիթըր-էն դէպի այլ հարթակներ եւ տարածքներ։ Հայկական Թուիթըր-ին նիւթերը կը տարուբերին հայկական հարցերու, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, Արցախի ներկայ իրավիճակին, հայկական աւանդապահութեան, Հայաստան-Սփիւռք ժողովրդական մակարդակի յարաբերութիւններու, մինչեւ իսկ՝ անձնական անհանգստութիւններու եւ անձկութիւններու շուրջ։
Թուիթըր-ի վրայ արեւմտահայերէնով հայքու բանաստեղծութիւն կը գրէ ամերիկահայ @IraganGarin-ը, եւ արեւմտահայերէնի օգտագործման հոլովոյթին մասին խօսելով, կը յայտնէ, որ Թուիթըր-ի վրայ հայերէն կը գրէ ինքն իրեն համար եւ ոչ թէ ուրիշներուն համար. ըստ իրեն, կարեւոր է, որ հայերէնով կարենայ արտայայտուիլ՝ նկատի առնելով, որ անգլերէնը աւելի սահուն կը խօսի: Ան կը շեշտէ նաեւ, որ արտացանց իր կեանքին մէջ կը փորձէ առաւելաբար հայերէն խօսիլ իր հայ ընկերներուն հետ՝ եթէ նոյնիսկ անոնք անգլերէն խօսին։ Միւս կողմէ, ան կը ջատագովէ հայոց լեզուին պահպանութիւնը եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը. @IraganGarin պարտականութիւն կը նկատէ այդ փոխանցումը կատարելը, որովհետեւ արեւմտահայերէնը մեր ինքնութիւնը ամրապնդելու միակ միջոցն է:
Ինսթակրամ
Ինսթակրամ եւս կ՚ապրի արեւմտահայերէնի ծաղկում մը։ Հոս ալ գոյութիւն ունին առօրեայ սփիւռքահայ կեանքին անդրադարձող ստեղծագործական զանազան գրառումներ, որոնք կը բաժնուին քանի մը խումբերու, ինչպէս՝ ինքնատիպ պարունակութիւն ունեցող, թարգմանուած, այլ հարթակներէ առնուած, դաստիարակչական, քաղաքական, աքթիվիզմ, մանկական եւ այլն։
Bghbchag անունով հանդէս եկող էջ մը իր առաջին գրառումը տեղադրած է 8 Մայիս 2020-ին. հոն կ՚երեւի Ուիլիամ Սարոյեանը, Արա Կիւլերի ոսպնեակով, ու ձեռքին բռնած Հայաստանէն իր հետ տուն տարած քար մը։ Bghbchag-ը իրեն յատուկ ոճով նկարին վրայ զետեղած է խօսքի պղպջակ մը եւ մէջը գրած՝ «Կենաց այս քարքարոտ օրերուն»՝ իբրեւ թէ Սարոյեանը կ՚ըսէ ատիկա։ Նոյն սրամտութեամբ օգտագործած է Մարտիրոս Սարեանի գծագրած կիներէն մէկուն կիսանդրին ու խօսքի պղպջակին մէջ գրած՝ «Մէկը ինծի չի հասկնար կոր». այլ նկարի մը մէջ կը տեսնենք Սերգէյ Փարաջանովը, խոշորացոյցով նայելու պահուն, ու նկարին վրայ գրուած՝ «Եկուր հոգերդ աւելի մօտէն նայիմ»։
Bghbghcag-ին հետ առցանց մեր գրաւոր հաղորդացկութեան ընթացքին ան կը գրէ`
Եթէ պարզ պատասխան կ՚ուզես, ես արեւմտահայերէնի զարգացման աքթիվիստ եմ, երկլեզու ուսուցման (Bilingual Education-ի) Մագիստրոս ունիմ եւ հիմա ուսուցիչ եմ հայերէնի։ Նաեւ այս էջը օրագիրի նման է ինծի համար։ ։) Եթէ երկար պատասխանը կը նախընտրես, հետեւեալն է՝ շատ յաճախ կը տեսնենք խիստ ուսուցում հայերէն լեզուի դասարաններու մէջ եւ դուրսը՝ ուր աշակերտները/սորվողները կը վախնան արտայայտուելէ եւ կը հեռանան լեզուէն։ Այս էջը շատ պզտիկ նպաստ մըն է (contribution), ուր խօսողները, սորվողները եւ կարդացողները աւելի հանգիստ կարենան կարդալ իրենց միտքին արտայայտութիւնները/զգացումները՝ եթէ ինծի պէս կը զգան 🙂 Կարեւոր է «safe space» [ապահով տարածք] հայթայթել բոլորին։ Յուսամ այդ նպատակին հասնելուն բաժին մըն է այս էջը։ Բոլոր նկարներուն խօսքերը թէ՛ անձնական մտածումներս են թէ ալ աղուոր բան մը, որ հասարակութեան մէջ լսած եմ: Խօսքերն ալ կը փորձեմ, որ կրցածիս չափ զուգադիպին նկարին հետ: Ամէն նկար թէ՛ հայ նկարիչ է թէ ալ հայու մը պատկերը:
Շարքը երկար է արեւմտահայերէն փոփ-մշակոյթներու հետաքրքական կերպով առցանց ներկայացնողներուն։ atta.ache-ը օրինակ, «Սուրճ Խմողին Սուրճ չի պակսիր», «Սիրտ չունիմ» գրառումներով խօսակցական լեզուն առցանց կը տեղադրէ։ Նոյնը տեղի կ՚ունենայ սեփական գծագրութիւններով khorodig-ի պարագային՝ «աղբ թափողը խոզ է», «have a կուտ day», «ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք»։ Հետաքրքրական է par_ou_design էջը, որ իր գրառումներուն մէջ հայերէն բառ մը հայատառ, լատինատառ եւ անգլերէն լեզուով, գեղեցիկ ձեւաւորումով կը հրամցնէ։ Ինքնատիպ ստեղծագործութիւններով հանդէս կու գայ նաեւ lotash-ը, որուն գծագրած պատկերներն ու անոնց ընկերացող գրութիւնները կը ներկայացնեն հայկական փոփ- մշակոյթի հարուստ բաժին մը, որ սփիւռքահայու ամէնօրեայ կեանքին մէջ տիրական՝ բայց ոչ անպայման գիտակից ներկայութիւն է՝ օրինակ, 17 Մայիսին տեղադրած իր գրառումներէն մէկը՝ «ամմօ» վերնագիրով, գծապատկեր մըն է եւ ցոյց կու տայ չիպսերու եւ լոլիկի դարաններու ու պատէն կախուած պանանին առջեւ սիկարէթով նկարուած հասարակ խանութպան մը։ Խորագիրին մէջ lotash կը գրէ, թէ նկարը կը նուիրէ Լիբանանի նպարավաճառներուն։ Միջին Արեւելքի հայ գաղութի «բնակիչը», եթէ նոյնիսկ Պուրճ Համուտ բնակած չըլլայ, պիտի հասկնայ վերագրումը, որովհետեւ Արեւելքի մէջ ժողովրդական նեղ թաղերուն մէջ նման խանութներ տեսնելը բնական երեւոյթ է:
Աղուոր բաներ-ը եւս ունի իր իւրայատուկ ներկայութիւնը Ինսթակրամ-ի վրայ, ուր կը զետեղէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու օգտագործած յատուկ դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ, հայ գրականութենէն տողեր, բառագիտութիւն, ինչպէս նաեւ գրառումններու ճամբով կը բարձրացնէ համասփիւռքեան եւ միջազգային ընկերաքաղաքական անմիջական խնդիրներ։ Աւելին՝ տարբեր գաղութներ իրար կամրջումի իմաստով, Աղուոր բաներ ունի նաեւ աշխատանոցներու շարք մը, ուր տարբեր անձեր, վարելով առցանց կամ արտացանց ծրագիրներ, արեւմտահայերէնով արտադրութիւններ կ՚իրականացնեն՝ օրինակ, հարցազրոյցներ, տեսերիզներ եւայլն։
Ուրոյն ներկայութիւն ունի carla.types-ը, որ իր էջին մէջ կը ներկայացնէ «բանաստեղծութիւնի նմանող բաներ, գրուած Սովետէն մնացած գրամեքենայով»։ Կլենտէյլ ծնած carla.types մեր առցանց զրոյցին ընթացքին կը նշէ, որ իր ընկերները՝ տեսնելով իր անձնական հաշիւին վրայ տեղադրած կարճ բանաստեղծութիւնները, քաջալերած են զինք սկսիլ հանրութեան տրամադրելի հաշիւ մը, եւ հետեւաբար ինքնամեկուսացման օրերուն ժամանակ ունեցած է գրելու, Երեւանեան ծանօթ Վերնիսաժէն գնած գրամեքենային վրայ շարելու եւ Ինսթակրամ-ի վրայ տեղադրելու։
Մտածեցի, որ հետաքրքրական կ՚ըլլայ ժամանակակից նիւթեր ժամանակավրէպ գործիքի մը վրայ ներկայացնելը։ Մարդոց կողմէ ընդունելութիւնը հոյակապ է. բնաւ չէի պատկերացուցած, որ այսքան մարդոց սրտին պիտի խօսին գրութիւնները։ Շատերէ ստացած եմ նամակներ, ուր կը գրեն, որ էջը կ՚օգնէ կոր իրենց հայերէնին հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու. «մարդիկ հայերէնով կը կարդան ամրապնդելու իրենց լեզուն։ Մարդիկ հայերէնով կը կարդան կոր իրենց պարզ կեանքին առնչուած նիւթերու մասին եւ ասոր համար անոնք հետաքրքրուած են։ Հայերէնը, իբրեւ ապրող լեզու, միայն հայկական նիւթեր արծարծելու համար չէ։ Մենք կրնանք «միմ»-երու, Նէթֆլիքսին, Սթարպաքսին եւ այլ նիթերու մասին խօսիլ, եւ այս էջը կ՚ընէ այդ մէկը ու ատոր համար շատեր կը սիրեն զայն։
Սփիւռքահայու իրականութեան մէջ հայկական եւ ոչ հայկական մշակոյթներու միացման կէտ կարելի է համարել Ինսթակրամ-ի Punախօսը, որ հայերէն եւ օտար բառեր իրար հետ շաղախելով բառախաղեր կ՚ընէ՝ օրինակ, «Highաստանը ամէն բանէ վեր», «Սբ Սարkiss», «love բաւ ցաւ», «Աwarայրի ճակատամարտ», «#quarանդին գնա, վիրուս կայ», «iSirds» եւայլն, եւ այս բոլորը ինքնատիպ գծագրութիւններով։
Այս հարթակին վրայ կարելի է գտնել նաեւ ուսուցողական էջեր. Օրինակ, western_armenian էջը, որ հայերէն բառերու անգլերէն իմաստը ներկայացնելու կողքին կու տայ բառերուն փոխատառումը, նոյնահունչ բառերու բաղդատականներ, առածներ եւ անոնց թարգմանութիւնը, բարդ բառերու բառակազմութեան ձեւը եւ ասացուածքներ։
Ինսթակրամ-ի մէջ կը փորձեն տեղ ունենալ նաեւ կրօնական եւ դաստիարակչական էջեր, որոնք սոսկ ժամանցի տարածքին չեն պատկանիր, այլ իրենց գրառումներուն ընդմէջէն պատգամներ կը յղեն։ Օրինակ, իր առաջին գրառումը 5 Մարտին տեղադրած krisdonyaneroun_doune ինքնակենսագրականին մէջ կը գրէ, որ կը հետապնդէ հասկնալ կեանքի իրականութիւնները՝ միշտ Աստուածաշունչին Լոյսով։ Յատկանշական է այլ էջի մը՝ academ_ic-ին փորձը, որ ըստ իր մասին գրած երկտողին, ակադեմիայի աշխարհին արեւմտահայերէնով ծանօթանալու պզտիկ պատուհան մըն է եւ իր գրառումներուն մէջ թարգմանաբար կը ներկայացնէ ակադեմական աշխարհի տիտաններէն խօսքեր եւ կեցուածքներ։
Ինսթակրամին մէջ արեւմտահայերէնով պատգամ փոխանցող էջ մըն է BaymanChe–ն։ Անոր իւրայատկութիւնը իր լսատեսողական միջոցով արծարծած երիտասարդութիւնը յուզող տարբեր նիւթերն են, որոնք հիմնականօրէն լուսարձակի տակ կ՚առնեն առօրեայ խնդիրներ, ինչպէս ժողովրդավարական շարժումները, երիտասարդութեան մօտ անտարբերութիւն, մարդու արժէք, կատարուած իրողութեան առջեւ անզօրութիւն եւ այլ անմիջական հարցեր։ Այս հաշիւը վարող երիտասարդները շուրջ 2 վայրկեան տեւողութեան վիտէոյով մատչելի արեւմտահայերէնով մենախօսութիւն մը կը ներկայացնեն հարցի մը շուրջ։
Նոյնպէս, լսատեսողական միջոցը օգտագործելով, Meg.Vargyan անուան տակ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կ՚ըսեն, թէ նոյն հետաքրքրութիւնները ունին, միացած են զանազան նիւթերու մասին առցանց արեւմտահայերէնով խօսելու։ Ցարդ իրենց տեղադրած գրառումները կը բաղկանան պատմական նկարներէ, օրինակ՝ Ուրֆայէն, Մուսա լեռէն, որոնք յատուկ ներգործական արհեստագիտական կերպերով հինը նորոգուած եւ ժամանակակից ձեւով ներկայացուցած են։ Այս էջին մէջ կան նաեւ գիտական կամ այլ հետաքրքրական գիտելիքներ։
Արազ Գոճայեան
(ա./գ. մաս)
darperag21.net