Մինաս Փիւնիկի «Փիւնիկեան Ափերէն» Հատորին Շնորհահանդէսը
Հինգշաբթի, 23 Մարտի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի համալիրի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութիս ծանօթ կրթական մշակ, թերթերու խմբագիր եւ աշխատակից, հասարակական գործիչ՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեանի (Փիւնիկ) «Փիւնիկեան Ափերէն» հատորին շնորհանդէսը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ առաջնորդարանի «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին, ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Սանուց միութեան եւ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան, բարձր հովանաւորութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Օրուան հանդիսավարուհի Լորա Գույումճեանի բացման խօսքի ջերմ եւ հայաշունչ խօսքերը, դաշնակահարուհի Արմինէ Ղազարեանի սրտաշարժ կատարումները, «Զուարթնոց»ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանի տպաւորիչ խօսքը, բայց մանաւանդ հատորը ներկայացնող Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեանին ելոյթը, բոլորը իրենց համով հոտով ելոյթներով հմայեցին ներկաները։ Բոլոր մասնակցողները արժանացան երկարատեւ եւ ջերմ ծափահարութիւններու։
Հայերէնի վաստակաշատ սերնդակերտ Գույումճեան մեծ վարպետութեամբ ձեռնհասօրէն վարեց ամբողջ ձեռնարկը։
Այդ երեկոյ, մեղրահամ հայերէն մը լսուեցաւ ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան։ Բոլոր ելոյթ ունեցողները մեծապէս գոհ ձգեցին հանդիսականները։
Գույումճեան իր բացման եւ բարի գալուստի խօսքին մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը եւ անոր կրթական, գրական, մշակութային եւ հասարակական հարուստ վաստակը։ Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ բարի գալուստի եւ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակի գաղափարի ընկեր, ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այս խիստ շահեկան գիրքին հրատարակութեան համար եւ խօսեցաւ Գոճայեանի մարդկային նկարագիրի սքանչելի գիծերուն ու անոր «ազնիւ, համեստ, արթուն մտքի տէր, ապրելու եւ վերապրելու կամքին» մասին, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն եւ նորանոր հրատարակութիւններ ու յաջողութիւններ։
Ելոյթ ունեցաւ շնորհաշատ դաշնակահարուհի դոկտ. Արմինէ Ղազարեան դաշնակի վրայ երկու անգամ, խռովելով բոլոր ներկաներուն հոգիները, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու։
Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան անձնապէս եւ «Զուարթնոց»ի անունով սրտանց շնորհաւորեց հեղինակը: «Շատ ուրախ եմ Մինասին գիրքին հրատարակութեան համար, ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ան ինչպիսի դժուար օրեր ունեցած է առողջական տեսակէտէն, բարդ գործողութիւններ ունեցաւ եւ հասաւ մինչեւ մահուան շեմը, բայց բուժուած՝ վերադարձաւ շնորհիւ իր բժիշկներուն եւ կողակիցին՝ Նազիկին հոգատարութեան ու խնամքին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մինաս Գոճայեան ինծի համար կը ներկայացնէ հայերէնի տիպար ուսուցիչի կերպարը, իր հայագիտական բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք, կ՛անցնի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, ապա Ամերիկայի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը, ուր կը դասաւանդէ հայ լեզու եւ գրականութիւն»։
Ան նաեւ ցաւ յայտնեց՝ ըսելով. «Մեր ամէնօրեայ վարժարաններուն մէջ հայ լեզուն կը դասուի իբրեւ երկրորդական կամ երրորդական լեզու։ Հայկական վարժարաններու գլխաւոր առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ հայ լեզուն եւ առաջնակարգ տեղ ունենայ հայկական վարժարաններուն մէջ»։
Այնուհետեւ ան շատ հաճելի կերպով Գոճայեանի դպրոցական կեանքէն յուշ մը պատմեց, խորապէս գոհ ձգելով ներկաները։
«Փիւնիկեան Ափերէն» գիրքը ներկայացուց առաջնորդարանի շաբաթօրեայ վարժարաններու տեսուչ, հայոց լեզուի ուսուցիչ՝ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան, որ արհեստավարժ բանասէրի զեկոյցով մը ներկայացուց գիրքին գեղարուեստական կառոյցը, հատորի բովանդակութիւնը, որ երախտիքի եւ շնորհակալութեան կեցուածք մըն է Լիբանանի, Միջին Արեւելքի արաբ երկիրներու, Կիպրոսի եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, իրենց բնակարաններէն ու հայրենիքէն տեղահանուած հայերուն տուին ապաստան. Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը մէկն էր անոնցմէ։
Ապա ան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը՝ նշելով թաղամասերուն մէջ ապրած ժողովուրդին կեանքէն հեղինակին յուշերը՝ Լիբանանէն,՝ Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն։
Հմուտ բանասէրի խղճամիտ աշխատանքով Յովհաննէս սարկաւագ իր կեցուածքով, շատ տպաւորիչ հրապարակախօսի ձայնով, գեղեցիկ հայերէնով իրեն վստահուած նիւթը հոյակապ կերպով ներկայացուց՝ արժանանալով ներկաներուն երկարատեւ ծափահարութեան։ Առաջնորդը եւ հեղինակը ջերմ խօսքերով գնահատեցին Յովհաննէս սարկաւագին զեկոյցը։
Դաշնակահարուհի Արմինէ Ղազարեանի երկրորդ ելոյթէն ետք, գիրքէն ընթերցում մը կատարեց հեղինակին կողակիցը եւ պաշտօնակիցը Նազիկ Պալեան Գոճայեան, «Մեր Թաղերու Ժողովրդային Համալսարանը» պատմուածքէն, որ կը ներկայացնէ այդ շրջանի հայութեան կեանքը, զբաղումները եւ թէ ինչպէս սափրիչ Սամի Կարոյի խանութը հայկական գիրքերու վարձակալման վայր մըն էր։ Գիրքին մէջ կը կարդանք այդ թաղեցիներուն կեանքէն առնուած պատառիկներ, որոնք մեծ հաճոյքով կը կարդացուին։ Գոճայեանի խիստ հաճելի ընթերցումը խորապէս գոհ ձգեց ներկաները, միտքով եւ մտածումներով իրենց ծննդավայր հայրենիք Լիբանանի քաղցր օրերը յիշելով, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց կազմակերպիչներուն, առաջնորդին եւ գիրքը հոյակապօրէն ներկայացնող՝ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեանին եւ յատուկ խօսք ուղղեց զինք յարգող եւ պատուող ներկայ հոծ գրասէր բազմութեան։
Նշենք, թէ այդ երեկոյ, հակառակ տեղացած առատ անձրեւին, հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր «Համբար» սրահը, իսկ առաւել քան 30 ներկաներ յոտնկայս հետեւեցան ձեռնարկին։
Առաջնորդին փակման եւ սրտի խօսքը հանդիսացաւ այս ձեռնարկի թագն ու պսակը։ «Իսկապէս այս երեկոն բացառիկ երեկոյ մըն է, պիտի ըսէի նաեւ՝ լուսաւոր երեկոյ մըն է, որովհետեւ որքան ալ մենք կարիք եւ անհրաժեշտութիւն կը զգանք արեւի ճառագայթներու ջերմութեան, մարդ արարածն ալ իբրեւ հոգեւոր էակ, իր հոգիի խորքին մէջ այլ ջերմութեան մը կարիքը ունի։ Ես պիտի ըսէի՝ կարիքը ունի Աստուածային ջերմութեան», ըսաւ սրբազանը։
Ապա ան գնահատեց բոլոր ներկաները, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու եւ խոնարհելու «վաստակաշատ գրող եւ կրթական մշակ, հասարակական գործիչ՝ տիար Մինաս Գոճայեանին»։
Սրբազանը գիրքը բնորոշեց՝ իբրեւ «Յաւերժի Ճամբորդ», որ շատ երկարակեաց կեանք ունի եւ մեծապէս գնահատեց Գոճայեանը, որ Աստուծոյ կողմէ իբրեւ հարստութիւն իրեն վստահուած տաղանդը եւ շնորհները շատ լաւ ձեւով տնտեսած ըլլալով՝ վերադարձուց Տիրոջ։
Սրբազանի Պահպանիչով վերջ գտաւ այս անմոռանալի հոգելից երեկոն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը։
Սրտագին կը շնորհաւորենք մեր թանկագին ընկերոջ՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը այս հատորին հրատարակութեան եւ շնորհահանդէսին առիթով, մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք։
Նշենք, թէ այս գիրքէն եկած գումարին մեծ մասը պիտի յատկացուի Լիբանանի մէջ պաշտօնավարող հայ լեզուի ուսուցիչներուն։
Հատորէն օրինակ մը ունենալու համար դիմել հեղինակին՝ հետեւեալ հասցէով. minaskojayan@gmail.com։