Ուսուցչաց Հիմնարկէն Ամանորեայ հրատարակութիւններ
Հոգ չէ թէ բազում գիտելիքներ ամբարուած ըլլան փոքրածաւալ բջջային հեռախօսի մը կամ նոյնիսկ արդիաշունչ ժամացոյցի մը մէջ՝ նոյնն է կարգ մը բաներ միշտ կը պահեն իրենց անզուգականութիւնը։
Այդ տեսակներէն է Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի սեղանի օրացոյցը, որ երկար տարիներէ ի վեր իր յայտնութիւնով ուրախութիւն կը պատճառէ։
Ահա այս տարի ալ մեր ձեռքին ունինք 2024-ի սեղանի օրացոյցը, որուն միայն գոյնն է տարբեր եւ մնացեալ ամէն ինչ այդ աւանդութեան հաւատարիմ։
Այս տարի սեղանի օրացոյցի հետ համարեայ նոյն օրերուն ստացանք նաեւ վաստակաւոր կրթական մշակ Իւղաբեր Կէօքօղլու Պոյաճեանի կողմէ պատրաստուած համառօտ բառարան մը։ Այս աշխատութիւնը երկլեզու է նախ հայերէնէ թուրքերէն եւ ապա թուրքերէնէ հայերէն։ Հոն նիւթերը դասաւորուած են որոշ գլուխներով։ Առաջին բաժինը կը բովանդակէ բայերը։ Ապա «Մեր Տունը» խորագրի տակ հաւաքուած են տնական զանազան իրեր։ Երրորդ բաժնի մէջ կը ծանօթանանք ընտանիքի անդամներու եւ ազգականական ածականներուն։
Մարմինը, մարմին մասնիկները, անդամները եւս առանցին հատուած մը կը կազմեն։ Նոյնպէս առանցին հատուածներով ներկայացուած է հիւանդութիւնները, առողջապահական հաստատութիւնները եւ բժշկական պիտոյքները։ Անասունները եւ անոնց ձայներու անուանումները ու շարունակաբար ձուկերու, թռչնազգիներու, միջատներու, բանջարեղէններու, պտուղներու, ընդեղէններու, համեմներու անուանումները իրենց փոխադարձ իմաստներով կը ճոխացնեն այս գիրքը։
Տակաւին տեղ գտած են ծառերն ու ծաղիկները, արհեստները, արհեստաւորները, երկրաչափական եզրերը, մամինները, երկայնութեան, ծանրութեան, պարունակութեան, ծաւալի եւ մակերեսի չափերը, աստղագիտութիւնը, մոլորակները, աշխարհագրական ծանօթութիւնները, մետաղներ, գոհարեղէններ, գոյներ, տարուայ եղանակները, ամիսները եւ շաբթուայ օրերը մինչեւ իսկ երկիրներու եւ քաղաքներու ընդհանուր ցուցակ մը։
Իսկապէս հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս, որ իր կարգին կը թելադրէ բառաշինութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Կան բազում հարցական կէտեր, որոնց կարգին ձուկերու անունները։ Այս ցուցակին մէջ կը տարուինք ակամայ մտածելու թէ որքան տեղին է այս անուանումները, եթէ անոնք ընդհանրապէս ներշնչուած են թրքերէն անուանումներէն։ Օրինակի համար որքանով տեղին է ծիծեռնաձուկ կոչումը թրքերէնով ծանօթ «քըրլանկըչ պալըղը»ի փոխարէն։ Յայտնի է, որ թրքերէնի բառաշինութեան պահուն նկատի առնուած է այս ձկան պոչի ձեւը, որ պիտի յիշեցնէ ծիծեռնակի պոչը։ Ուրեմն կրնանք պնդել թէ այստեղ բառաշինութեան ներշնչումը կու գայ թրքերէնի լեզուամտածողութենէն։
Նոյն օրինակները կարելի է շարունակել թրաձուկով կամ լեզուաձուկով, նոյնպէս կատուաձուկով։
Ամէն պարագայի լեզուական տարակարծութիւնները ընդհանրապէս իրենց լուծումները կը գտնեն ժողովուրդի գործածութեան մէջ։ Հասարակութիւնն –է, որ կը ճշդէ ստեղծուած բառի մը գործնականութիւնը։ Այս նոյն անունները ուրիշ լեզուի մը հետ բաղդատելով հայերէնի վերածելը թերեւս ալ բոլորովին տարբեր պատկեր մը կրնայ գոյացնել։ Եւ եթէ խնդրոյ առարկան ձուկերն են, թերեւս աւելի տեղին պիտի ըլլար պատշաճեցումներու համար փոխանակ թրքերէնի, դիմել շատ աւելի հարազատ կերպով յունարէնի։