Արդեօք արձակի օր կա՞յ, կը մտածեմ. եթէ ըլլար, պիտի իմանայինք, իսկ եթէ չկայ, ինչո՞ւ չկայ: Արդեօ՞ք բանաստեղծութիւնը նահանջի մէջ է, այդ պատճառով անոր «օր» տրամադրուած է, որ գոնէ տարին մէկ օր մարդիկ յիշեն եւ անդրադառնան անոր:
Այս տրամաբանութեամբ ուրեմն պէտք է շատ «օրեր» ըլլան տարուան մէջ, որովհետեւ վերջերս այնքան բան նահանջի մէջ է, ինչպէս օրինակ՝ մարդկային սկզբունքներու օր, իրար օգնելու օր, բարիք կամենալու օր եւ այլն:
Այս մտմտուքներուս մէջ էի, երբ ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ յօդուած մը աչքիս զարկաւ. անտուն կատուի մը մասին յօդուած մը, շատ լուրջ կերպով եւ խիստ սրտցաւութեամբ գրուած: Հոն կ’ըսուի թէ ամէն տարի, 12 ամիսներու ընթացքին 2,1 միլիոն անտուն կատուներ տուն կ’ունենան եւ փողոց մնալու դժխեմ ճակատագրէն կրնան փախչիլ: Կ’ըսուի նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ 60 միլիոն կատուներ անտուն են եւ յաճախ փողոցներու վտանգներուն կ’ենթարկուին. «Անպայմանօրէն պէտք չէ կենդանասէր ըլլալ, տեսնելու համար թէ որքան ծանր է կացութիւնը այս կատուներուն համար»: Եւ, խնդրեմ, կատուներն ալ օր ունին եղեր, 8 Օգոստոսը «կատուներու օր» է եղեր:
Կը մոռնամ նախկին ըսածներս՝ մարդկային սկզբունքներու օր, իրար օգնելու օր, բարիք կամենալու օր … Ուրեմն մարդ արարածը կատուի մը չա՞փ ալ չկայ: Ժամանակին «Շունի կեանք»-ը անտուն-անտիրական, դժբախտ ըլլալ կը նշանակէր, յետոյ երբ շուները սկսան յարգ ունենալ եւ տուներ ու հոգատարութիւն, «Շունի կեանք»-ը այլ իմաստ ստացաւ: Հիմա կարգը եկեր է կատուներուն:
Բայց չէ՞ որ մարդ արարածը ամէնէն բարձրն է կենդանական աշխարհին եւ անոր տիրակալը. ինչպէ՞ս ուրեմն շունն ու կատուն կ’անցնին առաջ, մարդը ետեւ ձգելով:
Ուրեմն ա՛յս է ամբողջ խնդիրը՝ աշխարհին տիրել, որպէսզի ոչ միայն իրենց ժողովուրդը, այլ եւ շուներու եւ կատուներու միլիոնաւոր բազմութիւնները արժանապատիւ կեանք մը ունենան:
Իսկ այն միլիոնաւոր երիտասարդները, որոնք փոքրիկ փամփուշտի մը կամ արկի մը զոհ կ’երթան, բոլոր այն կիները, որոնք իրենց տուները լքելով կը բռնեն գաղթականութեան ճամբան, բոլոր այն երեխաները, որոնք ծովերու մէջ խեղդամահ կ’ըլլան, ո՞վ կը մտածէ անոնց մասին, ո՞վ «օր» կը նշէ անոնց համար: Բայց մի՛ մոռնաք, մի՛ մոռնաք 8 Օգոստոսը, «Կատուներու օր»-ը:
Ժամանակը չէ՞ արդէն «Գաղթականութեան օր» կամ «Գաղթականներու օր» ունենալու, հիմա որ բազմաթիւ երկիրներ դարձան գաղթականներու կամ գաղթականներ ընդունելու երկիրներ:
Ի՞նչ իմաստ ունի «օր»ը սակայն, եթէ տօնախմբութիւններէն ետք, յաջորդ օրն իսկ պիտի մոռնանք զայն եւ շարունակենք ընել ինչ որ կ’ընէինք մէկ օր առաջ: Ի՞նչ իմաստ ունի օր սահմանել, երբ այդ սահմանումը նաեւ լուծումներ պիտի չբերէ իր հետ, երբ վիճակը բարելաւելու ձեւեր պիտի չհայթայթէ:
Եւ բարկութիւնս մեղմելու համար կը փորձեմ ինքզինքս համոզել, որ ամէն բան կը սկսի «ամենայն չարեաց աղբիւր»էն, որուն դէմ կարծես աշխարհն իսկ անզօր է, հետեւաբար մեր բոլոր ճիգերն ալ անզօր կը մնան:
Բարեբախտաբար «Մայրերու օր»ուան շնորհաւորանքները կը մխիթարեն զիս, մանաւանդ երբ մատղաշ երիտասարդուհի մը իր էջին վրայ կը գրէ՝ «Մայրս օրի պէտք չունի, մայրս ամէն օր սքանչելի է»:
Մայրերու օրէն աւելի, սակայն, զիս լաւատեսութեամբ պարուրողը Շիրակի Մարզային գրադարանի (Հայաստան) կազմակերպած սփիւռքահայ բանաստեղծութեան փառատօնն է, «Բանաստեղծութեան օր»-ին առիթով յայտարարուած: Հոն մէկ ծածքի տակ իրենց անուններով եւ ստեղծագործութիւններով հաւաքուած են Սփիւռքի 34 բանաստեղծներ (թէեւ մէկ քանի մոռացումներ եղած են), բոլորն ալ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող:
Այս փառատօնը մէկ կողմէ եթէ լոյսին կը բերէ սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծութիւնը,- որ մեռած չէ, հակառակ կարգ մը յոռետեսներու կարծիքին,- միւս կողմէ կարծես շնչելու վայր մը կ’ապահովէ արեւմտահայերէնին, Հայաստանի մէջ: Այս առումով խիստ գնահատելի է Անի Չալեանի ճիգը Շիրակի Մարզային գրադարանէն ներս եւ զիս ուրախութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ Անին Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողուհի եղած է, եւ այսօր իր ամբողջ աշխատանքը ի գործ կը դնէ հայերէնին, մանաւանդ արեւմտահայերէնին համար:
Անգամ մը եւս այս օրը հաւասարակշռութեան կու գայ իր լաւով-վատով, սեւով ճերմակով, բայց մանաւանդ մարդ արարածին անբեկանելի յոյսով:
Մարուշ Երամեան
«Գանձասար»