«Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Զօհրապ Գրագէտը»
Տաղանդաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի զաւակը՝ Վահէ Օշական, աններելի մեղք մը գործած էր, «Բագին»ի մէջ հրատարակելով յօդուած մը գրագէտ, նորավէպերու անմրցելի վարպետ եւ մեծանուն նահատակ Գրիգոր Զօհրապին դէմ:
Չգտնուեցաւ ընթերցող մը, մտաւորական կամ ոչ-մտաւորական խաւերէն, որ գայթակղած չըլլար կարդալով այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած արտառոց, ծանրօրէն վիրաւորական եւ տրամաբանութեան հետ կապ չունեցող դատաստանը Գրիգոր Զօհրապի մասին: Մանաւանդ որ այդ անիրաւ դատաստանը կ՛ըլլար Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին նուիրուած «Բագինի»ի բացառիկ թիւին մէջ: Այսինքն այն օրերուն, երբ բոլորը, Վահէ Օշականն ալ այդ բոլորին կարգին, կը գտնուէին պարտադիր այլ ինքնաբուխ յարգանքի մը հարկադրանքին տակ, նահատակներու յիշատակին հանդէպ:
Եթէ նոյնիսկ ճիշդ ու արդար եղած ըլլար այդ անճիշդ եւ անարդար դատաստանը, Վահէ Օշականը իրաւունք չունէր այդ օրերուն սեւով ճերմակի վրայ գրելու բերան չառնուելիք սա խօսքերը.
– Զօհրապի գրական խառնուածքը արդէն սկսած էր մեռնիլ, երբ սպաննեցին զինք:
– Արեւմտահայ գրականութիւնը մեծ բան մը չկորսնցուց իր անհետացումով:
– Եթէ պահ մը բաղդատենք զինք Արփիարեանի մը, Եսայեանի մը կամ նոյնիսկ Չօպանեանի մը հետ, Զօհրապի զուտ գրական ու ազգային դիմագիծը կը տժգունի:
– 1893էն անդին Զօհրապ հատ ու կտոր պատմուածքներ նետեց սովահար խմբագիրներու կոկորդը, գրուած անհոգ ու ինքնաբաւ, «ամաթէօրական» գրիչով մը:
– Զօհրապ ունի մտածումի «պտըլիկ կառուցում մը» եւ սակայն «կայ կեանքի իրողութեան խորունկ թափանցում մը» (ի՛նչ հակասութիւն պտըլիկ մտքի մը պարագային), բայց չկայ, չէ եղած երբեք Զօհրապ գրագէտը:
Ուրեմն, խտացնելով՝
ա) Գրիգոր Զօհրապ ֆիզիքապէս չմեռած, մեռնելու վրայ էր արդէն «գրական» մահով: Որովհետեւ․
բ) Արժէք մը չէր ան արեւմտահայ գրականութեան համար:
գ) Տժգոյն էր ոչ միայն անոր գրական, այլեւ, լա՛ւ լսեցէք՝ ազգային դիմագիծը, բաղդատմամբ իրենց անուններով յիշուած երեք գրողներուն, «նոյնիսկ Չօպանեանի մը հետ»:
դ) Գրագէ՞տ, քա՝ւ լիցի. Գրիգոր Զօհրապ գրականութեան «ամաթէօր» մը էր, քանի որ․
ե) Ճարտասան եւ անմրցելի իրաւագէտ Գրիգոր Զօհրապին մտածելու կարողութիւնը ունէր «պտըլիկ կառուցում» միայն, եւ, ի միջի այլոց՝
զ) երբեք գոյութիւն չէ ունեցած Զօհրապ գրագէտը…
Կրնայի՞ք երեւակայել ասկէ աւելի անճիշդ ու այլանդակ ելոյթ մը, ըսելու համար պարզապէս, թէ մեր գրական պատմութեան մէջ իր բարձր դիրքը գրաւած սքանչելի գրագէտ եւ արուեստագէտ Գրիգոր Զօհրապը գրական ոչնչութի՛ւն մըն էր, առանց այլ եւ այլի …
Մինչեւ այսօր բազմատասնեակ գրադատներ եւ գրողներ պանծացուցած են անոր անմրցելի տաղանդն ու ստեղծագործութիւնները եւ չէ գտնուած մէկը, որ նմանօրինակ անիրական ու այլանդակ կարծիքներու մէկ աննշան մասն իսկ արտայայտած ըլլայ վարկազրկելու, պզտիկցնելու, զէրոյի վերածելու համար վաւերական գրագէտը: Եւ ահա Վահէ Օշականն էր, որ ամենայն համարձակութեամբ, կանգնելով գրական բեմի մը յառաջամասին վրայ, ըսաւ չըսուելիք, բերան չառնուելիք բաներ, որոնք վարկաբեկիչ էին միայն ու միայն իրեն համար:
Այդպէս շարժելով կը ձգտէր աղմո՞ւկ ստեղծել իր շուրջը, թէ ինքզինքը ներկայացնել իբրեւ բոլորովին ինքնատի՛պ, բայց ամէն բան ծուռ տեսնող «գրադատ» մը, որ գիտէ վերջ ի վերջոյ, թէ «եկեղեցին շինողն ալ կը յիշուի, քանդողն ալ»: Գրադատական այս մարզին մէջ, հետեւաբար, կ՛ուզէր ան յիշուիլ միշտ իբրեւ քանդող, միշտ իբրեւ բացասական գրիչ մը։
Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթի Մեծ Եղեռնի նուիրուած, 25 Ապրիլ 1920 բացառիկ թիւի առաջին էջի առաջին սիւնակին վրայ, Յակոբ Օշական ստորագրած է յօդուած մը նահատակ գրագէտ Գեղամ Բարսեղեանի յիշատակին: «Ճակատամարտն ալ, յայտնօրէն, «կարծիքի ազատութիւնը» յարգած ըլլալու համար տեղ տուած է այդ գրութեան, որ անողոք դատաստանով մը կը հարթէր իրեն հասակակից գրողներուն հետ նաեւ ինքզինքը:
Կարդացէք հետեւեալ հատուածը եւ զարմացէք․
– Անիկա (Գեղամը) ցաւն ունէր միջակութեանը մեր սերունդին, որ Մեծարենցով կը սկսեր ու իր լաւագոյն դէմքերուն մէջն անգամ խոստում մը միայն մնաց:
– Ու տառապանք մըն է ինծի նորէն, հոս կրկնել իմ մէջս իր ցաւը՝ մեր խեղճ, մեր միջակ սերունդին, որ հորիզոններ նշմարեց ու չհասաւ անոնց պարագրկումին, որ երազեց իր արուեստը մեհեանել ու գնաց փայտի կամ քարի տակ իր հոգին խեղդելու կամ ապրեցաւ, իր պարմանութեանը մէջ, մեծ խաւարումը մեր պատմութեան:
– Ատկէ դուրս եղողնե՞րը: Անոնք ուրուականներ են ու անոնց միսերը գերեզմանի չափ տժգոյն են ու մահատիպ:
Միջակութի՛ւն մը, ուրեմն, Մեծարեցն ու անոր պատկանած «խեղճ ու միջակ» սերունդը, Դ. Վարուժանէն, Ռ. Սեւակէն, Գեղամէն ու անոնց դասակիցներէն սկսեալ մինչեւ ինքը, Յ. Օշականը, որոնք արժէք… չդարձա՛ն այլ « խոստում մը միայն մնացին» …
Հապա « մեր պատմութեան մեծ խաւարումէն» դուրս եկողնե՞րը, այսինքն Մեծ Եղեռնէն վերապրողնե՞րը, պարզապէս «ուրուականներ, գերեզմանի չափ, տժգոյն ու մահատիպ»…
Ինչպէ՞ս հաշտեցնել, սակայն այս տարօրինակ դատաստանը տարիներ ետք հրատարակուած Յ. Օշականի մէկ այլ ընդարձակ ուսումնասիրութեան մէջ («Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան»), ուր, օրինակի համար, զեղուն գնահատանքի արդարագոյն տուրքը կ՛ընծայուի ի միջի այլոց մեծահամբաւ Դ. Վարուժանին, որ ծնունդով, տարիքով մաս կը կազմեր «Մեծարենցով սկսած եւ իր լաւագոյն դէմքերուն մէջ անգամ խոստում մը միայն մնացած խեղճ ու միջակ սերունդին»։ Եւ խորհիլ, որ այդ «Համապատկեր»ին մէջ նոյն այդ սերունդը ստացած է «Արուեստագէտ սերունդ» որակումը…
Գրական ամբողջ սերունդի մը եւ մինչեւ իսկ ի՛ր հասցէին այսքան անճիշդ ու անարդար վճիռ արձակողը, «Հարթենք»ներուն ախոյեան Յակոբ Օշականը միայն կրնար ըլլար, իր ատենին: Իսկ որդի Օշական ընտրած էր ճամբան, արժէքը անարժէք հռչակող եւ լոյսը խաւար տեսնող ծուռ ու այլանդակ կեցուածքով։
Զօհապի մասին որդի Օշականի անարդար դատավճիռը «գրադատի» իր արժանիքը ժխտող փաստաթուղթ մը դարձաւ Զօհրապին ու Զօհրապներուն պաշտամունքը ունեցող գրասէր բազմութեանց համար:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
www.hairenikweekly.com