Պատմական Ակնարկ՝ Սուրիահայութեան. Տիգրան Գաբոյեան
Հայերու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ դարաւոր պատմութիւն ունի, առաջին ցայտուն արձագանգը կը հասնի Մեծն Տիգրան թագաւորի ժամանակաշրջանէն (Ն.Ք. առաջին դար), երբ Հայաստանը կը համարուէր մեծ կայսրութիւն, ծաւալած Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, ընդգրկելով Սուրիան, Լիբանանն ու Պաղեստինը եւ մաս մը Եգիպտոսէն: Բոլոր յիշուած տարածաշրջաններուն մէջ հայերուն թիւը յատկանշելի կը համարուէր, գալիք դարաշրջաններուն զանազան թագաւորութիւններու, կայսրութիւններու, ցեղախումբերու յաջորդականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ (ներառեալ Սուրիոյ) հայութեան թիւի տատանումներու պատճառ դարձան: Սուրիան ըլլալով պատմական Հայաստանի դրացի տարածք՝ միշտ ամենամօտ վայրերէն էր հայ ժողովուրդի թէ՛ գործունէութեան դաշտ հանդիսանալու եւ թէ բնակութիւն հաստատելու առումով: Երկրորդ յատկանշական արձագանգը հայութեան ներկայութեան Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ, Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան կայացումէն կու գայ (11-րդ դարէն մինչեւ 14-րդ դար): Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան սահմանները կ՚երկարէին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան ծովեզերեայ բաժնէն մինչեւ ներկայ Թուրքիայի Միջերկրական ափի հարաւ-արեւելեան մասերը: Այդ ժամանակաշրջանին հայերը աշխոյժ ներդրում ունեցած են Սուրիոյ հողատարածքի տարանցիկ վաճառականական ճամբաները ապահովելու եւ ընդհանուր տարածաշրջանի ընթացող քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական գործունէութեան մէջ: Կիլիկիոյ թագաւորութեան հանգումով՝ հայութեան զանգուածներ տեղաւորուեցան թագաւորութեան Սուրիոյ ու Լիբաբանի մէջ մերձակայ մասերը: Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հայութեան ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ մեծ փոփոխութիւններու չենթարկուեցաւ, իսկ Մեծ եղեռնէն ետք նոր հանգրուան մը բացուեցաւ Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղակայուած հայերուն համար: Անոնք՝ ստուար թիւով կիներ, մանուկներ ու ծերեր գացին Սուրիոյ տարածքի Տէր Զօր անապատը։
Մեծ եղեռնի հետեւանքով յառաջացած հայ ժողովուրդի նշանակալից ներկայութիւնը Սուրիոյ հողին վրայ ունեցաւ դրական ազդեցութիւն՝ նոյն Սուրիոյ բարգաւաճման ու զարգացման գործին մէջ: Յիշարժան իրականութիւն է որ, Սուրիոյ մէջ մարդկային բարձր վերաբերմունք ցուցաբերեցին հայազգի վերապրածներուն եւ այդ հանդիսացաւ խթանը հայ ժողովուրդի պատմութեան շարունակութեան Սուրիոյ հողին վրայ: Մեծ եղեռնէն վերապրածները կազմեցին ներկայ սուրիահայութեան առաջին սերունդը, որուն թիւը 1940-ական թուականներուն հասաւ մինչեւ 300 հազարի։ Առաջին հանգրուան կրնանք համարել վերապրած սերունդի կայացումը որբանոցներու ու հաւաքական գաղթավայրերու մէջ, ուր դպրոց-եկեղեցի կառուցելու առընթեր, ընթացաւ նոր կեանքի մը սկսելու գործը: Որբերն ու մեծ թիւով կիներ վերակազմաւորուեցան իբրեւ ամուր մէկ մասնիկը հայութեան, որ տեւեց երկուքուկէս տասնեակ (1915-1940 թուականներու միջեւ)։ Այս մէկը դժուար հանգրուան մըն էր, երբ հայ զանգուածը Սուրիոյ իրականութեան մէջ անմիջական ու կայուն ներթափանցում չունէր, պարզապէս ստացած ահաւոր հոգեկան ու նիւթական վնասներն ու կորուստները գիտակցելու ու հնարաւորինս ամոքելու շրջան մըն էր: Լեզուի, սովորութիւններու ու ապրելակերպի հսկայ տարբերութիւններու շուքին տակ հայ զանգուածը ապրեցաւ փակ կեանքով:
Երկրորդ հանգրուանը կը պարփակէր 1940-ական թուականերէն մինչեւ 1970 թուականներու սկիզբը ու բնորոշ էր այս շրջանին Սուրիոյ լիակատար քաղաքացի հանդիսանալու հայ անհատին ջանքը։ Այդ քաղաքացիութիւնը իր բոլոր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով՝ հայութիւնը դանդաղօրէն կ՚ընդելուզէր սուրիական իրականութեան հետ, պահելու կողքին իւրայատուկ ու զատորոշուած մշակոյթն ու ապրելակերպը: Սուրիոյ ապրած քաղաքական վերիվայրումերը՝ սկսեալ անկախացումէն (1948), հասնելով յաջորդական յեղաշրջումներ, որոնք հայութեան վրայ ձգեցին իրենց ազդեցութիւնը ու կամաց-կամաց տասնամեակներու ընթացքին հայութիւնը Սուրիայէն ուղղուեցաւ զանազան երկիրներ ու կազմեց ներկայ հայկական սփիւռքին մէկ մասը: Միաժամանակ կազմակերպուած երկու ներգաղթները դէպի Խորհրդային Հայաստան (1947, 1971), պակսեցուցին հայութեան թիւը Սուրիոյ մէջ: Այս հանգրուանին հայութիւնը մէկ կողմէ կրցաւ վերակազմակերպուիլ ու իր հայկական դիմագիծը պարզել, իսկ միւս կողմէ կարողացաւ անբաժան մէկ մասնիկը դառնալ Սուրիոյ երիտասարդ հանրապետութեան:
Երրորդ հանգրուան. 1970-ականենէն մինչեւ 2011 թուականի ժամանակահատուածը կը բնորոշուի իբրեւ ոսկէ հանգրուան Սուրիոյ մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան, այս ժամանակաշրջանին բարգաւաճեցաւ թէ՛ սուրիահայ հաւաքական եւ թէ անհատական կեանքը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Սուրիոյ յարաբերական անդորրութիւնը առիթ ընծայեց այս վերելքին ու ստեղծուած իրավիճակը խթանեց սուրիահայ զանգուածին մեծ դերակատարութիւն ունենալու թէ՛ Սուրիոյ կերտումին եւ թէ հայ իրականութեան մէջ: Թիւի առումով սուրիահայութիւնը չունեցաւ բարձրացում տարբեր պատճառներէ մեկնած, բայց որակական մեծ քայլեր կրցաւ կատարել ընծայուած պայմերուն մէջ: 1980-ական թուականները ականատեսը եղան նոր սուրիահայ սփիւռքի մը կայացման Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ, ուր քաղաքացիի հնարաւորութիւնը չտրուելով՝ սուրիահայը գաղթեց իբրեւ Սուրիոյ քաղաքացի, կազմելով ենթահայկական գաղութ մը, որ կը սերի Սուրիայէն, ոչ թէ պատմական Հայաստանէն:
Չորրորդ կամ ներկայ հանգրուան. Այս հանգրուանը կը սկսի Սուրիոյ ապրած վերջին իրադարձութիւններուն հետ (2011-էն սկսեալ): Սուրիահայութեան մեծ զանգուած մը գաղթեց զանազան ուղղութիւններով ու խախտուեցաւ հայութեան ներազգային ու քաղաքացիական կեանքը՝ մեկնած քաղաքական ու պատերազմական վիճակէն: Հաւաքական կարողութեան կողքին, Սուրիա հայրենիք հասկացողութեան, հայ անհատներ, ինչպէս ուրիշ սուրիացիներ, չդիմացան ստեղծուած պայմաններուն ու հեռացան Սուրիայէն, այս հանգրուանը ցարդ բաց կը մնայ իր ընթացող յարափոփոխութիւններով:
Բ.- Սուրիոյ տարածքին հայերու տեղաւորման պատկերն ու քանակը
Հայութեան ներկայութիւնը արդի Սուրիոյ տարածքով եղած է զանազան տեղերու մէջ, ամենաշատը այդ ներկայութեան պատմականօրէն կեդրոնացած էր Հալէպի ու Քեսապի մէջ էր: Հալէպը իբրեւ հիմնական քաղաք պատմահայաստանի սահմաններուն քով, իսկ Քեսապը իբրեւ ամենամօտ վայրը հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան ու իբրեւ հայկական համարուող աւան: Մինչ այդ, ամենամեծ թուաքանակը հայութեան մնաց Հալէպի մէջ, ուր 1980-ական թուականներուն հասած է շուրջ 100 հազար հոգիի: Մեծ եղեռնի ենթարկուած հայերու մնացորդացը հանուած էին քայլքելու, որոնց վերջակէտը Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքն էր, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ յայտնի էր իբրեւ աքսորավայր: Աշխարհագրական տարածումով անապատէն փրկուածները մեծամասնութեամբ ապաստանեցան Հալէպ քաղաքը, նկատի առած Հալէպ քաղաքի կեդրոն ըլլալու հանգամանքը եւ հայկական տարրի պատմական ներկայութիւնը այնտեղ: Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան Քամիշլի քաղաքին մէջ նոյնպէս հայութեան ստուար ներկայութիւն ստեղծուեցաւ, իսկ միւս քաղաքաներուն մէջ հերթաբար հայերը բնակչութիւն հաստատած էին տարբեր ժամանակաշրջաններուն։ Հալէպ իբրեւ տնտեսական մեծ կեդրոն ներքաշեց հայ զանգուածի արհեստագիտական ու վաճառականական հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ եղաւ կրօնական ու վարչական նստավայր հայութեան համար։
Հալէպի իւրայատկութիւնը հայութեան համար մեծ էր նոյնինքն Մեծն Տիգրան թագաւորի շրջանէն, ուրիշ փոքրամասնութիւններու ալ առկայութիւնը նոյն քաղաքին մէջ միջազգագրական երանգ տուած էր քաղաքին: Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի մէջ նոյնպէս շուրջ 10 հազար հայեր բնակութիւն հաստատած էին, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովին վրայ գնտուող Լաթաքիա քաղաքը: Հայ զանգուածին ընդհանուր թիւը 1980-ական թուականներու կէսերուն կը հասնէր մինչեւ 150 հազարի։ Այդ թիւը ակամայ անկում կրեց 1990-ական թուականներուն, ուրիշ երկիրներ գաղթելու ու ծնելիութեան ցած մակարդակի պատճառով (յատկապէս բաղդատած արաբական աշխարհի բարձր ցուցանիշին): Սուրիոյ վերջին դէպքերու շուքին տակ հեռացած հայերուն թիւը դժուար է ճշդել, բայց բաւական մեծ թիւ կը կազմէ այդ մէկը, կարգ մը տուեալներ կը նշեն, որ օրինակ՝ Հալէպի հայ բնակչութեան կէսը գրեթէ հեռացած է քաղաքէն: Սուրիոյ բնակչութեան վերջին քսան տարուան ահռելի աճը վերափոխեց հայ տարրի ներկայութեան պատկերը, հակառակ պատմական ու մշակութային առաքելութեան:
Գ.-Հայ ժողովուրդին ներդրումը Սուրիոյ իրականութեան մէջ
Հայութեան ներկայութեան վաղեմութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, առիթ հանդիսացած էր տարածաշրջանի քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական պատմութեան գործօն մասնակիցը դառնալու: Հայ ժողովուրդի գիտական ու մշակութային ներդրումը մեծ եղած է կանուխ ժամանակներէն ու այն հանդիսացած է կամուրջ մը՝ արեւելեան ու արեւմտեան մշակոյթներուն միջեւ, թէ՛ նախաքրիստոնէական եւ թէ հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանին: Իսկ արդի Սուրիոյ պատմութեան ընթացքին հայերը կրցան արհեստագիտական ու մշակութային մեծ ներդրում ունենալ Սուրիոյ մէջ, սկսեալ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն: Արհեստներու տարաբնոյթ տեսակներով հայերը Սուրիոյ մէջ տնտեսական կեանքը զարգացուցին՝ ոսկերչական, մանր շինարարական, արտադրողական ու ճարտարագիտական հմտութիւններով: Հայերը վաճառականութեան ու առեւտուրի կալուածներէն ներս իրենց ունեցած խոր աւանդով՝ նմանապէս հարստացուցին Սուրիոյ այդ բնագաւառը: Հայերու ունեցած մշակոյթի եւ արուեստի ներդրումը անգնահատելի է Սուրիոյ մէջ, անհամար արուեստագէտներու, խումբերու, նկարչութեան, երգի-պարի, գրականութեան ու թարգմանչութեան գործերով: Առաջին թատրոնն ու երգչախումբերը ունեցան հայերը, թէեւ կարգ մը պարագաներու խմբային գործունէութիւնը կը դրսեւորուէր միայն ներհայկական շրջանակով, բայց իբրեւ ընդհանուր հասանելիութիւն եւ օգտաւէտութիւն արհեստավարժութեան եւ կիրառական հմտութիւններու միջոցաւ, Սուրիոյ մէջ համայնական եղաւ արուեստի եւ մշակոյթի տարածումը հայերու ջանքերով:
Կրթական ու գիտական ներկայութիւնը ընդգծելի էր նոյնպէս 1930-ական թուականներէն, երբ սկսան գործել հայկական լեզուով բացուող շատ մը դպրոցներ, դառնալով մէկ մասը Սուրիոյ կրթական համակարգին եւ ունենալով իրենց իւրայատուկ տեղը, անոնք փոխանցեցին գիտութիւն, արուեստ եւ ամենակարեւորը կարգապահութիւն ու ընդհանուր բարօրութեան հասնելու չափանիշներ:
Քաղաքական դաշտին մէջ հայերուն ներկայութիւնը Սուրիոյ իրականութենէն ներս եղած է միշտ սահմանափակ, այդ կը վերագրուի ցեղասպանութեան թողած ցնցումին ու հաւաքական քաղաքացիութեան ընկալման տարբեր մօտեցումին: Իշխանութեան մէջ պաշտօններու չձգտելով հայերը շահեցան տնտեսագէտ, արուեստագէտ ու արհեստաւոր անուանումներն ու համբաւը: Նկատի առնելով հանդերձ անհատական օրինակները պետական պաշտօնավարութեան մէջ, հայերը իրենց հաւաքական-կազմակերպչական կառոյցներով ջատագովը եղան օրինապահութեան եւ երկրի իշխանութիւններուն հանդէպ միշտ ընդհանուր բարեացակամութեամբ ու օրինականութեան ձգտումով: Քաղաքացիականի եւ ազգայինի ենթահողերու ճիշդ համադրութեամբ՝ սուրիահայութիւնը կարեւոր օրինակ հանդիսացաւ երկրի ծառայութեան իր գործով, կապը պահելով ազգային պատկանելիութեան ու քաղաքացի ըլլալու կոչման: Ստեղծագործական ու ընկերային դրութեամբ հայ անհատն ու հաւաքականութիւնը ստեղծեցին այդ օրինակելի միջավայրը, ուր երկրին ընդհանուր շահերը վեր դասուեցան ամէն ինչէ, առանց երկրի քաղաքական ղեկավարութեան ու քաղաքական վերիվայրումներուն մէջ անմիջական ներգրաւուածութիւն ունենալու: Խաղաղ համակեցութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ միջազգային օրէնքի շրջագիծերուն մէջ, սուրիահայութեան պաշտօնական, կրօնական ու աշխարհիկ կառոյցները նեցուկ կանգնեցան Սուրիոյ դատերուն ու արաբական պահանջատիրութեան:
Դ.- Սուրիահայութեան ստեղծած կառոյցներն ու հաստատութիւնները
Սուրիահայութիւնը իր հաւաքական եռուն կեանքով ստեղծած է շատ մը միութիւններ, ակումբներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, որոնք կրնանք դասաւորել հետեւեալ կարգով.
– Եկեղեցական կառոյցներ
Մեծ թիւով եկեղեցիներու եւ մատուռներու շինութեան կողքին, Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Սուրիոյ այլ քաղաքաներուն մէջ կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն առաջնորդարանները, անոնց յարակից հաստատութիւններով եւ մասնաճիւղերով հանդերձ: Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդարաններն ու կեդրոնները նոյնպէս կը գործեն Հալէպի, Դամասկոսի եւ Սուրիոյ բազմաթիւ այլ քաղաքներուն մէջ: Յատկանշական է Տէր Զօրի մէջ կառուցուած եկեղեցի-թանգարանը, ուր զետեղուած են ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերուն աճիւններէն նմոյշներ եւ վաւերագրութիւններ:
Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին կը համարուի ամենահին հայկական եկեղեցին (15-րդ դար), ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ հայկական եկեղեցիներ տարբեր ժամանակներուն կառուցուած են Սուրիոյ մէջ: Եկեղեցիներու կողքին յաճախ կառուցուած են թանգարաններ, ուր կը ցուցադրուին հոգեմտաւոր ոլորտին մէջ հայերուն ունեցած հարստութիւնները:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակէն մեկնած շատ գործունեայ չէին հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւնները, որոնք 19-րդ դարու վերջերէն արդէն յայտնուած էին հայ իրականութեան մէջ։ Այս կուսակցութիւնները Սուրիոյ մէջ ունին վարչական ու կազմակերպչական գործունէութիւններ՝ ներհայկական շրջանակներէն ներս: Անոնց ունեցած պատմական փորձը ուղղուած է սուրիահայութեան հաւաքական շահերը պաշտպանելու ու այդ շահերու համադրման՝ Սուրիոյ ընդհանուր շահերուն հետ: Քաղաքականութեան մասը դառնալու ջանքերը դիտուած են իբրեւ բարեկեցիկ կեանք ու արդար դատերու կողմնակից ըլլալու մէջ: Հայ դատի գործերով զբաղուող միութիւններ կան, ինչպէս նաեւ զանազան քարոզչական ու ծանուցողական մարմիններ կը ներկայացնեն զայն Սուրիոյ մէջ: Հայկական կազմակերպչական կեանքը ունի իր ղեկավարող մարմինները՝ ըլլան անոնք եկեղեցական ժողովներուն հովանիին տակ գտնուող կազմերը եւ ըլլան անոնք քաղաքական կուսակցութիւններուն ունեցած վարչական միաւորումները: Սուրիոյ պետական համակարգին մէջ ալ, որ գերագոյն կերպով կը հանդիսանայ խորհրդարանի մակարդակով, կայ մէկ հայ երեսփոխան, որ կը ներկայացնէ հայութիւնը, իսկ յաճախ կազմուած Սուրիոյ կառավարութեան կազմերէն ներս սովորութիւն դարձած է նշանակել մէկ հայ նախարար:
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրիահայ մշակութային կառոյցները բազմաթիւ են, անոնք կը բաժնուին գրական, թատերական, գեղանկարչական ու պարային-երգչախմբային գործունէութիւն վարող կառոյցներու: Հիմնական միութիւններէն են Համազգային մշակութային միութիւնը (ՀՄՄ), Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային միաւորը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը (ԹՄՄ), որոնց հովանիին տակ կը գործեն տասնեակ յանձնախումբեր, կեդրոններ եւ նկարչութեան ու գեղարուեստի ակադեմիաներ՝ Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ: Հիմնականօրէն այս մշակութային միութիւններու կողքին կայ նաեւ՝ Հայ համալսարանականներու շրջանաւարտաց մշակութային միաւորը, Հայ մտքի բարեկամները, Սուրիահայ գրողներու խմբաւորումը, ինչպէս նաեւ զանազան ուսանողական եւ ընկերա-մշակութային յանձնախումբեր, որոնք մշակութային գործունէութեամբ ալ զբաղուած են: Եկեղեցական կառոյցները ունին իրենց պատկանող գրադարանային ու քարոզչական խումբերը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու պատկանող հոգաբարձու ու խնամակալ յանձնախումբերու հովանաւորութեան տակ գտնուող մշակութային խումբերը:
ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրիահայութեան մէջ պատկառելի թիւ կը կազմեն բարեգործական կառոյցները, որոնք աղքատախնամութեամբ, կրթական կարիքներու հոգացման, զանազան տեսակի օգնութեան ու աջակցութեան նման գործերով կը զբաղին։ Անոնք ուղղուած են թէ՛ անհատներուն, թէ՛ միութիւններուն եւ թէ ժողովրդային զանազան խաւերուն։ Շատ մը պարագաներու ալ անոնց ծառայութիւններէն կ՚օգտուին ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ Սուրիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները՝ ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ կամ ասորի եւ այլն: Այդ հաստատութիւններէն կրնանք յիշել հիմնականապէս՝
– Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ անոր յարակից կազմակերպութիւնները,
– Սուրիոյ Հայ օգնութեան խաչը,
– Երեք յարանուանութիւններուն պատկանող բարեսիրական փոքրիկ միութիւնները:
Կարեւոր է յիշել նաեւ երկու մեծ ու տեւաբար գործունեայ կեդրոններ, որոնք սուրիահայերուն բարեսիրական հիմքով կը ծառայեն. ինչպէս՝ Հայ որբերու պատսպարանը եւ Հայ ծերանոցը։
Վերոյիշեալներու շարքին կարելի է դասել նաեւ պատշաճ թիւով հաստատութիւններ՝ ըլլան անոնք հայ կաթողիկէ, բողոքական կամ լատին եկեղեցիներուն պատկանող մարմիններ, որոնք տարուած են բարեսիրական գործունէութեամբ:
Ակնարկելի է նաեւ սուրիրահայ անհատներու հիմնած բարեգործական հիմնադրամները։
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայրենակցական միութիւնները ստեղծուած են պատմական Հայաստանի շրջաններու եւ քաղաքներու անուններուն հիման վրայ եւ որոնց հիմնադիրներուն ու անդամներուն նախահայրերը եկած են այդ վայրերէն: Օրինակ՝ Մարաշ, Քիլիս, Այնթապ, Տիգրանակերտ, Ուրֆա, Սասուն, Զէյթուն եւ այլն: Անոնց գործունէութիւնը կը սահմանուի զանազան մակարդակներով, բայց հիմնականօրէն անոնք կեդրոնացած են պահելու եւ տարածելու իրենց ծննդավայրերուն տոհմիկ ու ազգագրական մշակոյթն ու ապրելաձեւերը: Այդ հաստատութիւնները նոյնպէս կարելի է դասել մշակութայիններու շարքին, բայց, պէտք է ըսել, որ իւրայատուկ է հայրենակցական միութիւն մը հիմնելու եւ յառաջ տանելու հասկացողութիւնը:
ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲՆԵՐ
Սուրիահայերը առաջիններէն էին, որոնք զարգացուցին մարմնամարզը Սուրիոյ մէջ իր զանազան ճիւղերով, մանաւանդ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ եւ գագաթնակէտին հասաւ ֆութպոլի մէջ: Սուրիոյ մէջ հիմնուեցան մեծագոյն երեք հայկական ակումբներ, որոնք զանազան մարզական խաղեր կիրառող խումբեր ունեցան ու տակաւին ալ ունին, ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական խաղեր:
Հայկական մարզակումբները Սուրիոյ մէջ եղած են ախոյեաններ երկրի ֆութպոլի առաջնութեան մէջ եւ շահած են զանազան բաժակներ ու մրցանակներ՝ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն: Միաժամանակ հայ ֆութպոլիստները եղած են Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականին աստղերը եւ հայ մարզիչները մեծ դեր ունեցած են թէ՛ երկրի ֆութպոլի եւ թէ՛ ազգային հաւաքականին զարգացման կապակցութեամբ: Անհատական մակարդակով ալ զանազան մարզաձեւերէ ներս բազմաթիւ մարզիկներ եղած են Սուրիոյ ախոյեաններ. օրինակ՝ թենիս, փինկ-փոնկ, քարաթէ, քունկֆու, պիլարտօ, աթլեթիզմ եւ այլն: Սկաուտական խումբերը նոյնպէս (որոնք այսպէս կամ այնպէս կ՚առընչուին մարզական աշխարհին հետ) իրենց նուագային, արշաւային ու բանակումային գործունէութիւններով մնայուն ներկայութիւն եղած են եւ տակաին են Սուրիոյ մարզական ու երիտասարդական կեանքին մէջ: Սուրիոյ առաջին սկաուտական շարժումներու հիմնադիրները կը համարուին հայկական ակումբները՝ 1930-ական թուականներէն սկսեալ:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԵՐ, ՏՊԱՐԱՆՆԵՐ, ՄԱՄՈՒԼ
Սուրիահայերը իրենց կազմակերպուած կեանքի առաջին օրերէն ունեցած են հրատարակչական մեծ գործունէութիւն: Գեղարուեստական, գիտական ու քաղաքական եւ այլ տեսակաւոր գրականութեան հրատարակութիւնները կատարուած են պաշտօնական զանազան կողմերու պատկանող տպարաններու կողմէ, որոնցմէ ամենահիմնականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Բերիոյ թեմին պատկանող «Արեւելք» տպարանն է: «Արեւելք» տպարանը ունի երկար տպագրական պատմութիւն այլազան բնագաւառներու մէջ, սկսեալ հարսանեկան հրաւիրագիրներէ, մանկական նկարազարդումներէն մինչեւ մասնագիտական գիրքեր ու պարբերականներու հրատարակումն ու տպումը:
Եղած են տարբեր փոքրիկ տպարաններ կարգ մը յարանուանութիւններուն պատկանող: Կ՚արժէ անդրադառնալ նաեւ հրատարակչական մասնաւոր եւ անհատական ընկերութիւններուն, անոնք նոյնպէս մեծ գործ կատարած են հայ եւ արաբ գեղարուեսական ու գիտական գրականութիւն հրատարակելով եւ ներկայացնելով Սուրիահայ տարաբնոյթ միութիւններուն տեսակաւոր պարբերականները, տարեգիրքերն ու ծանուցողական-լրատուական ու տեղեկագրային հրատարակութիւնները շարունակաբար լոյս տեսած են Սուրիոյ մէջ: Հայերէն լեզուով դասագիրքերն ու պարբերաթերթերը յատկանշական արժէք կը ներկայացնեն արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դաշտին մէջ: Տպագիր մամուլի աշխարհին մէջ ազգային առաջնորդարանին պատկանող «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը հանդիսանայ սուրիահայ կեանքի լրատուական-վաւերական ներկայացուցիչներու հիմնականներէն մին, որ կը հրատարակուի շաբաթօրեայ դրութեամբ եւ ունի յաւելուած թերթեր եւ «Գանձասար բացառիկ» տարեկանը:
Բնականաբար տասնեակներով պարբերականներ, թերթեր ու շաբաթօրեակներ եւ ամսագրեր հրատարակուած են թէ՛ միութենական կառոյցներու եւ թէ՛ անհատական նախաձեռնութիւններով:
Սուրիահայութիւնը ինչպէս միւս արուեստի եւ արհեստի բնագաւառներուն, այնպէս ալ Սուրիոյ երաժշտական կեանքի կայացման ու զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունեցած է: Այդ ներդրումը սկսաւ դրսեւորուիլ նախորդ դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, իսկ այդ ներդրման եղանակները թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական երեսակներով կը ներկայանան:
Հայերը բնականաբար մեծ երաժշտական աւանդ ունին ընդհանուր հայկական բարձրավանդակէն ալ դուրս եւ հին ժամանակներէն սկսեալ այդ մէկը զանազան ձեւերով իր հետքն ու ուղենիշը թողած է թուրք, արաբ, քիւրտ, յոյն եւ տարբեր ժողովուրդներու վրայ:
Սուրիոյ մէջ հիմնական եւ կենարար այսպէս ըսած՝ հայկական կեդրոնը եղած է Հալէպ քաղաքը, ուրկէ ճիւղաւորուած ու ընթացք առած են հայկական մեծ ներդրումները՝ մա՛նաւանդ հայկական հաւաքական ու ազգային դիմագիծային առումներով:
Հայկական բազմապիսի երգչախումբեր եւ անկախ երաժշտական խումբեր հիմնադրուած եւ իրենց գործունէութեան սկսած են Հալէպէն: Այդ խումբերը ո՛չ միայն հայ շրջանակներուն մէջ ելոյթ ունեցած են կամ այսպէս ըսած՝ սնուցած են երաժշտական հայկական անջրպետը, այլ նոյնինքն արաբական շրջանակներու եւ համընդհանուր սուրիական երաժշտական «տիափազոն»ին մէջ դեր ունեցած են եւ հունաւորած՝ համընդհանուր երաժշտական իրականութիւնը:
Շատ կարեւոր է նշել, որ հայկական պարային համոյթները տեւաբար զարգացած են Սուրիոյ մէջ եւ իրենց գործունէութեամբ զարգացուածութեան նոր աստիճան ստեղծած են երկրէն ներս: Այդ համոյթները ձեւով մը մնացած են զուտ հայկական, բայց անոնց համագործակցութիւնը Սուրիոյ զանազան մշակութային ճիւղերուն հետ մշտապէս առկայ եղած է:
Սուրիայէ ներս կրնանք հայկական երաժշտական գործունէութիւնները պարզ բաժանումով դասաւորել երկու խումբերու մէջ.
- Հայկական միութիւններու եւ հաստատութիւններու հովանիին տակ գործող եւ անոնց պատկանող խումբեր, անհատներ, դասաւանդողներ.
Այս դասակարգումին մէջ կան բազմաթիւ երգչախումբեր, երաժշտական դպրոցներ, տարբեր ժանրերով երաժշտական խումբեր: Միեւնոյն ատեն կան անհատ երաժիշտներ, կատարողներ ու երաժշտագէտներ, որոնք մեծ նուիրումով իրենց գործունէութիւններն ու ծառայութիւնները յատկացուցած են հայկական տարբեր հաստատութիւններու եւ միութիւններու:
Հոս կ՚արժէ յիշել, որ յատկանշաբար եւ յատուկ դասակարգով նոյնինքն Սուրիոյ պետական մշակութային հաստատութիւններէն շատեր դիմած են հայկական խումբերուն եւ յաճախ զանոնք հրաւիրած են, որպէսզի տարբեր ստեղծագործութիւններ կատարեն զանազան վայրերու մէջ եւ տարբեր առիթներով:
- Անհատական մակարդակով երաժշտական խումբեր, երաժիշտներ ու երաժշտական խանութներ-կեդրոններ.
Հոս պէտք է նշել, որ շատ մեծ է հայ անհատներուն ներդրումը թէ՛ Սուրիոյ երաժշտական կառուցուածքն ու ճաշակը զարգացնելու եւ թէ՛ անոր արեւմտեան ոճ հաղորդելու կապակցութեամբ:
Հայերը առաջիններէն են, որոնք ներբերին շարք մը երաժշտական գործիքներու գործածութիւնն ու դասաւանդութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այսպէս կոչուած, Սուրիոյ առաջին փոփ եւ ռաք խումբերու հիմնադիրները հայեր էին, ինչպէս նաեւ երաժշտական խանութներու, ձայնագրութեան աշխատանոցներու, երաժշտական կեդրոններու եւ երաժշտասէր ակումբներու:
Շատ կարեւոր նկատառում մըն ալ հոս պէտք է յիշել, որ դասական երաժշտութեան տարածման եւ դասական երաժշտութեան խումբերու կայացման մէջ ալ հայերու ներդրումը մեծ է, սկսեալ հաղորդավարներէն եւ ուսուցիչնէն՝ հասնելով դասական երաժշտութեան խումբերու խմբավարներուն:
Մասնաւորաբար Հալէպի մէջ հայերը ունցան յատկանշական գործունէութիւն ուտեստեղէնի եւ սնունդի ասպարէզներէ ներս: Ինքնին Սուրիոյ, խոհանոցին եւ համադամութեան զարգացումը կայացած է՝ տարբեր սնունդի տեսականիներու համադրումով եւ ազդեցութեամբ, որովհետեւ տարածաշրջանը ենթարկուած է զանազան տիրապետութիւններու եւ եղած՝ բազմազան մշակոյթներու գօտի: Հայերը Միջին Արեւելքի մշակոյթին մէջ մեծ դերակատարութիւն եւ կերտողութիւն ունեցած են հին ժամանակներէ ի վեր, իսկ ուտելիքն ու սնունդը որեւէ մշակոյթի հիմնական ճիւղերէն է:
Բնականաբար, շատեր հայկական խոհանոցը ակամայ կամ դիտաւորեալ կը նոյնացնեն թրքականին կամ արաբականին հետ, բայց հոս ամենակարեւոր կէտը այն է, որ տուեալ ուտեստեղէնի կամ սնունդի մը տեսակաւորումն ու կայացումը, հասնելով մեծ մշակութային պարունակին, ինքնին տիրապետող ուժի քաղաքականութենէն եւ անոր վարած ընդհանուր ընդելեզումի եւ այլ քաղաքականութիւններէն կախեալ է:
Ժամանակաշրջաններն ալ ունին իրենց իւրայատկութիւնները: Եթէ նախկին դարերուն աւելի իւրացումի, ձուլման ու տիրապետման մօտեցումներն ու ընթացքը կար, ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ եւ հակառակ համաշխարհայնացման ընդհանուր նոյնականացման գիծին, նոյնինքն համաշխարհայնացման՝ այսպէս ըսած գործիքակատարման ընդմէջէն ազգային մշակոյթներու եւ սովորութեանց լայն ճանաչման ու կիրառելիութեան հնարաւորութիւն կայ: Այս կէտին կ՚արժէ ըսել, որ աշխարհը իր բացուածութեան եւ մեծ համարկման հետ ունի մանրամասնութիւններու մէջ սուզուելու թէ՛ մարմաջ ու հնարաւորութիւն եւ թէ՛ միեւնոյն ժամանակ ճիշդ, անսխալ ու նոյնիսկ անխնայ գիտելիք եւ տեղեկութիւն ձեռք բերելու վճռակամութիւն:
Խօսելով հայերուն բերած ուտեստեղէնի եւ սնունդի տեսականիներու մասին Սուրիոյ մէջ, պէտք է նշել, նոր ճաշացանկերը որոնք մտան շրջան, անոնք բազմաթիւ են, բայց հայկական ներդրումի տնտեսական ու մշակութային դրսեւորումները կրնանք խտացնել երկու կէտերու մէջ.
- Հայերուն բացած եւ հիմնած ուտեստեղէնի եւ խմելիքի գործարաններն ու խանութները.
Սուրիոյ մէջ կան տարատեսակ սնունդի եւ խմելիքի գործարաններ ու հաստատութիւններ, որոնք հայերը հիմնած են եւ որոնք թէ՛ թեթեւ սնունդի եւ թէ՛ ոգելից եւ ուրիշ ընպելիքներու մէջ արտադրութիւններ ունին եւ տարածում գտած են: Անոնք մատակարարած են Սուրիոյ շուկաները զանազան արտադրութիւններով եւ եղած են լաւագոյններէն:
Այստեղ կրնանք անդրադառնալ մեծ թիւով ուտելիքի կէտերուն եւ խանութներուն, որոնք հայերը հիմնած են եւ տակաւին կը վարեն սերունդէ-սերունդ, մանաւանդ Հալէպի մէջ. անոնք վերածուած են մակնիշներու (սուրիական տնտեսական դասաւորման հասկացողութեան ծիրէն ներս) ու անոնց համբաւը Սիւրիայէն դուրս ալ տարածուած է: Եւ շատ յատկանշական զարգացմամբ մը՝ կարգ մը այդ նշանաւոր սնունդի մակնիշները արդէն Հայաստանի մէջ ալ բացած են իրենց նոր կեդրոնները, Սուրիոյ պատերազմէն ետք տեղափոխուելով Հայաստան եւ յաջողութիւն գտնելով հայրենիքի մէջ ալ: Սուրիոյ մէջ յատկանշական հայկական անուններու վերադարձով դէպի հայրենիք, անոնք Հայաստանի մէջ ալ վերածուած են այսպէս կոչուած՝ սփիւռքահայկական շունչով սնունդի կէտերու եւ խանութներու։ Անոնք հակադարձօրէն վերադարձուցած են արդէն հայրենիքին պատկանածը հայրենիքին, բայց ակամայ հեռացածը:
- Ճաշարաններ, սրճարաններ ու անհատ ուտելիքի մասնագէտներ.
Պատկառելի է թիւը հայերու հիմնած ու բացած ճաշարաններուն, սրճարաններուն Սուրիոյ մէջ, որուն մշտապէս մեծ կեդրոնը եղած է ու կը մնայ Հալէպ քաղաքը: Անոնք յաջողակ ու գործող ճաշարաններ եղած եւ տակաւին կը մնան, անաչառաբար մինչեւ սոյն թուականը կարգ մը ճաշարաններ դեռ կը պահեն իրենց յաջողակ եւ փայլուն գործունէութիւնները, հակառակ Սուրիոյ աւերիչ պատերազմին:
Մշտապէս փնտռուած վայրեր եղած են հայկական ճաշարանները եւ առաւելապէս Հալէպի մէջ անոնք կրցած են յաւելեալ համբաւ ու ճանաչելիութիւն բերած են հայութեան:
Հայութեան դերը մեծ է Սուրիոյ բժշկութեան զարգացման եւ հիւանդանոցներու հիմնադրման մէջ: Պատկառելի թիւով հայ բժիշկներ որոշիչ ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ եւ սերունդէ սերունդ այդ դերակատարութիւնը իր արդար ու գործնական տեղն ու կշիռքը գտած է Սուրիոյ բժշկական եւ ընկերային-ծառայողական կեանքին մէջ:
Նախ հայ բժիշկները իբրեւ անհատներ հայութեան դեռ առաջին ժամանակներու մեծ հաստատումէն՝ Մեծ եղեռնէն ետք, Սուրիոյ մէջ կրցած են կայանալ եւ միաժամանակ կայացուցած են բժշկութեան տարբեր ճիւղեր: Անոնք եղած են մասնագէտներ իրենց ոլորտներուն մէջ եւ կրցած են տեւաբար յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Հայ բժիշկները ծառայած են զանազան ճիւղերու մէջ՝ ըլլան անոնք պետական կամ մասնաւոր ոլորտներ, նաեւ եղած են փնտռուածներէն: Նկատառելի է, որ անոնք յաճախ իրենց կրթութիւնն ու մասնագիտական վարժութիւնները ստանալով արեւմտեան երկիրներու մէջ, վերադարձած են Սուրիա եւ ծառայած են երկրի զանազան հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու մէջ:
Երկրորդը՝ հայ անհատները, որոնք բժշկական եւ բժշկագիտական ոլորտներու մէջ գործունէութիւններ վարած են եւ իրենք անձնական ու հաւաքական ճիգերով հիմնած են հիւանդանոցներ եւ բժշկական կեդրոններ: Կարելի է անդրադառնալ նոյնպէս բժիշկ-դասախօսներուն, որոնք կրթական հաստատութիւններու եւ համալսարաններու մէջ բժշկութիւն դասաւանդած են: Անանտեսելի չէ նոյնպէս եւ բնականաբար պէտք է յիշել ոչ-նուազ կարեւորութեամբ հայ դեղագործներու երեւելի ներդրումը Սուրիոյ դեղերու արտադրութեան եւ դեղագիտական ոլորտի զարգացման մէջ: Անոնք թէ՛ իրենց բացած դեղարաններով եւ դեղերու արտադրակեդրոններով նշանակալի դեր ունեցած են:
Գալով Սուրիոյ մէջ հայութեան բերած արհեստներուն՝ շարքը երկար է եւ այդ մէկը արմատ առած է մանաւանդ գաղթակայաններէն՝ հակառակ անոնց համեստ, խեղճ պայմաններուն, բայց նոյն այդ հաւաքավայրերը կրցած են այսպէս ըսած՝ բայց յատկանշական ու նկարագրային գիծեր ստեղծել հայութեան համար: Այդտեղէն սկսած են կօշկակարութիւնը, ատաղձագործութիւնը, դերձակութիւնը, ասեղնագործութիւնը եւ տասնեակ այլ արհեստներ: Հայերը՝ Մեծ եղեռնէն ետք առաջին եւ երկրորդ տասնամեակներուն մնացին տնային եւ այսպէս ըսած՝ նոյն հիմնուած գաղթակայաններու աշխարհագրութեան ու անկէ բխած ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններով ստեղծուած արհեստներուն մէջ: Իսկ երրորդ տասնամեակէն սկսեալ արդէն անոնք բացուելով Սուրիոյ ընկերութեանց տարբեր շերտերուն, կրցան հիմնել իրենց արհեստանոցները տարբեր տեղեր եւ ըլլալ արհեստավարժներ եւ արհեստներ սորվեցնողներ: Հայերը մեծ դեր խաղացած են Սուրիոյ մէջ նախ արհեստի հասկացողութեան ստեղծման ու տարածման եւ յետոյ արհեստներ հիմնելու եւ սորվեցնելու գծով: Նոյնիսկ կարգ մը արհեստներ՝ ինչպէս ոսկերչութիւնը, մեքենայաշինութիւնները եւ ինքնաշարժներու վերանորոգումները ու շարք մը արհեստները եղած են հայերու մենաշնորհումները:
Հարկ է յիշել, որ տարբեր արհեստի ոլորտներու գրեթէ ամբողջ անձնակազմերը հայերէ կը բաղկանային եւ անոնք երկար ժամանակներ պահած էին հմտութիւններու յատուկ մակարդակ ու ոճ մը, որոնք մինչեւ հիմա նկատելի են Սուրիոյ արհեստաւորական ասպարէզին մէջ:
Բազում հայ արհեստաւորներ ժամանակի ընթացքին վարժեցուցած են զիրենք համաքաղաքացի դարձող Սուրիոյ մէջ բնակող տարբեր ազգութեանց՝ ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ կամ սուրիացի եւ այլն:
Եթէ լուսանկարչութիւնը համարենք արհեստներու բաժին մը, ապա շատ կարեւոր է ակնարկել այդ բնագաւառին մէջ ալ հայերու բերած մեծ ներդումին: Հայ լուսանկարիչները առաջիններն են Սուրիոյ մէջ եւ անոնք կը համարուին երկրի լուսանկարչութեան հիմնադիրները: Հայ նկարիչներուն հիմնադրած նկարչական աշխատանոցները ամենահամբաւաւորներն էին Սուրիոյ մէջ եւ մինչեւ սոյն թուականը՝ հակառակ արհեստագիտական մեծ փոփոխութեանց, հայկական նկարչական կեդրոնները կը մնան իւրայատուկ եւ վարպետաց: Հայ նկարիչ-լուսանկարիչները եղած են նախընտրելիներէն Սուրիոյ քաղաքական դասի շատ մը ղեկավարներու կողմէ:
Սուրիոյ տարածքին կան բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններ. ըլլան անոնք մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, երկրորդականներ, ուսումնարաններ, դասընթացքային կեդրոններ եւ այլն, որոնք հիմնադրուած են սուրիահայերուն կողմէ: Ամենամեծ թիւով դպրոցներ կը գործեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ունի իր դպրոցները, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայկական կազմակերպութիւններու պատկանող կրթական հաստատութիւններ հիմնադրուած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներու մէջ։ Մինչ այդ, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական առաջնորդարաններն ալ ունին իրենց դպրոցները:
Անգամ մը եւս կրնանք յիշել կիրակնօրեայ դպրոցները եւ անոնց հարուստ աւանդը՝ սուրիահայոց կրթական կեանքէն ներս: Կարելի է նոյն հարթակով չմոռնալ հայկական ակադեմիաները, որոնք գծանկարչութիւն, ասեղնագործութիւն եւ զանազան արհեստներ կը սորվեցնեն, ինչպէս նաեւ վերջին քսան տարուան ընթացքին ստեղծուած համակարգչային ծրագիրներու եւ ընդհանուր նոր արհեստագիտութեան ճիւղերը դասաւանդող զանազան դասընթացքային վարժարաններն ու կեդրոնները:
Հայ դպրոցը իւրայատուկ տեղ ունեցած է հայկական կեանքին մէջ ամէնուրեք: Ան հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան մեծ դարբնոց է եւ ուսումնական կաճառ ու այս կէտին պէտք է շեշտը դնել Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին վրայ: Հալէպահայ կեանքը կրնանք ձեւաւորուած ու կառուցուած տեսնել հայ դպրոցին շուրջ, որուն բերած արժէքները, ուսանող-ուսանողուհիները եւ ուսուցչական կազմերը կը մնան ամենամեծ ու շողուն օրրանները հայկական սփիւռքին՝ թէ՛ դաստիարակչական եւ թէ մշակութային մակարդակներով: Եկեղեցիի կողքին միշտ հայ ժողովուրդը կառուցած է դպրոց եւ կաճառ, այդ մէկը կրնանք համարել կարեւոր եւ ցուցանիշային. դպրական գործունէութիւն ծաւալելու եւ սերունդներ պատրաստելու առումներով: Առաջին օրերէն՝ տարագրութենէն ու ցեղասպանութենէն փրկուած առաջին սերունդը դպրոցի հիմնումն ու դպրոցական գործին նուիրումը համարեց սուրբ առաքելութիւն:
Սուրիոյ տարածքին տակաւին կը գործեն հայկական դպրոցներ, ուր ուսում կը ստանան բազմաթիւ հայ եւ արաբ, նաեւ այլազգի աշակերտներ:
Սուրիոյ մէջ սուրիահայութեան բացած դպրոցները կրցած են ստեղծել թէ՛ ուսումնառութեան եւ թէ կենցաղավարական այնպիսի բարձր չափանիշներ, որոնցմով քաշողական ու նախընտրելի դարձած են նոյնիսկ ոչ-հայերու համար, ինչ որ յատկանիշային է նաեւ յարաբերաբար սուրիահայութեան: Հայկական դպրոցները կրցած են երկար ժամանակ պահել իրենց մակարդակը եւ նոյնիսկ յառաջդիմութիւն արձանագրել իրենց ուսուցիչներու որակով եւ վարչական ու կառուցուածքային մեթոտներով:
Սուրիահայութեան ամենամեծ նուաճումներու կողքին Սուրիոյ ներքին կեանքին մէջ, ըլլան անոնք գիտական, քաղաքական, տնտեսական ու տարբեր բնագաւառներով, մեծ ու անգնահատելի ներդրում կրնայ համարուիլ դպրոցաշինութինը՝ իր երկու քանակական եւ որակական իմաստներով:
Հայկական դպրոցաշինութիւնն ու այսպէս ըսած դպրոցագործութիւնը երեւոյթ է Միջին Արեւելքի մէջ եւ շատ մը չափորոշիչներով ու պրիսմակներով օրինակելի ու ուսանելի կը համարուի:
Ներկայիս Սուրիոյ ապրած պատերազմական վիճակին հետեւանքով սուրիահայութիւնը, նաեւ երկրի բնակչութեան բոլոր շերտերը, ունեցան շատ մեծ կորուստներ եւ կրեցին մեծ վնասներ՝ ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական մակարդակներով: Հայկական եկեղեցիներու, հաստատութիւններու եւ դպրոցներու կրած հարուածները եւ Սուրիոյ անվտանգութեան շեշտակի նուազումը մասամբ ամլացուցին սուիրահայութեան երբեմնի բնականոն գործունէութիւնը: Բաւական մեծ թիւով մարդիկ գաղթեցին Սուրիայէն (ըստ կարգ մը վիճակագրութիւններու՝ 10 միլիոն սուրիացի լքած է երկիրը) եւ բազում բնագաւառներու գործունէութեան տարողութիւնները փոփոխութեան ենթարկուեցաւ սուրիահայերու կեանքին մէջ:
Մեծ թիւով սուրիահայեր լքեցին երկիրը եւ հաստատուեցան Հայաստանի կամ արեւմտեան զանազան երկիրներու մէջ: Ընդհանուր առմամբ, ներկայիս դժուար է Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու յստակ թիւ մը տալ, բայց ակներեւ է, որ ներքին պատերազմէն ետք շատ նօսրացաւ սուրիահայ գաղութը՝ հասնելով պատմութեան ամենացած մակարդակին:
Եթէ փորձենք սահմանել նիւթական վնասները, ապա կը տեսնենք, որ սուրիահայութիւնը կորսնցուց իր դրամագլուխին մեծ մասը եւ սա կը դրսեւորուի թէ՛ դրամական ուղղակի կորուստներով եւ թէ կալուածներու եւ ունեցուածքի ահռելի արժեզրկմամբ:
Սուրիոյ պատերազմի յարաբերական դադարէն ետք սուրիահայութիւնը վերանորոգման ու վերաշինութեան յոյս ունէր, բայց անոնք տեղի չունեցան եւ նոյնիսկ անոնք, որոնք շատ կապուած էին Սուրիոյ, կ՚ուզէին վերադառնալ ու իրենց կեանքը շարունակել իրենց ծննդավայրին մէջ, սակայն յուսախաբ եղան: Այո՛, շատ մը դպրոցներ եւ եկեղեցիներ մասամբ վերաշինուեցան արտաքին օժանդակութիւններով եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սորիահայերու հիմնած օգնութեան ֆոնտերով, բայց այդ մասնակի վերաշինութիւնները չազդեցին արտագաղթած հայութեան վերադարձին: Եւ չմոռնանք, որ անհատական մակարդակով սուրիահայերուն կրած վնասները չհատուցուեցան եւ Սուրիոյ պետութիւնը անկարող մնաց վնասներու հատուցումը կատարելու։ Հայկական բարեսիրական հաստատութիւնները թէեւ փորձեցին օժանդակութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերել մարդոց, սակայն այդ մէկը լիակատար ու բուժիչ չէր, միայն կը լուծէր ամենօրեայ ապրուստի ու ժամանակահատուածի մը կտրուածքով անհատներու եւ ընտանիքներու կենցաղային հարցերը:
Սուրիոյ աւերուածութիւնը մեծ էր եւ անհատուցելի, իսկ երկրի տնտեսական քայքայումը սուրիահայերը մատնեց գրեթէ անել վիճակի: Շատ նօսրացաւ թիւը այն մարդոց, որոնք տակաւին կը հաւատան, թէ Սուրիան կրնայ վերականգնուիլ մօտաւոր ապագային եւ ատակ ըլլալ իր տնտեսական ու քաղաքական հարցերը լուծելու: Սուրիահայութիւնը՝ որպէս Սուրիոյ բարգաւաճման ու նուաճումներու կատարման հիմնական ու ազդեցիկ տարր, կը մնայ շուարած ու ցնցուած՝ ի տես իր մեծ տնտեսական, բարոյահոգեբանական, մշակութային եւ ընկերային հարուածներու: Հարկ է յիշել, որ սուրիահայութիւնը պետական մակարդակներով անվարան լծուեցաւ Սուրիոյ վերաշիմնան ու վերակառուցման ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան։ Նոյնիսկ սուրիահայ գործարարներ (Հայաստանի իրենց ընկերութիւններուն հետ համակարգումով) հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ քաղաքական վերնախաւին հետ, բայց, դժբախտաբար, կիսատ մնացին այդ ծրագիրները:
Սուրիահայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ։ Սուրիահայ եկեղեցական ու քաղաքական կառոյցներու պաշտօնական դիրքորոշումը պատմականօրէն եւ Սուրիոյ տարածքին խլրտումներուն, քաղաքական ալեկոծումներուն եւ ամենածանր քաղաքաքացիական պատերազմներու հաւանականութիւններուն կամ նոյնիսկ բռնկման դէպքերու ընթացքին անփոփոխ եղած է: Եւ այդ մէկը հիմնուած է պատմական առաքելութեան եւ յանձնառութեան մը վրայ:
Այդ դիրքորոշումը կը խտացուի Սուրիոյ բարձրագոյն շահերը, անվտանգութիւնն ու օրինականութիւնը պահելու մէջ:
2011 թուականէն սկսեալ Սուրիոյ ներքին (նաեւ արտաքին համարուած) պատերազմէն վերջ, սուրիահայութիւնը շարունակ հանդէս եկաւ երկրի տարածքային ամբողջականութեան, օրինական իշխանութեան կայացման եւ սահմանադրութեան թելադրած կանոնակարգումներու օգտին: Դժուարին պատմական այս հանգրուանին սուրիահայութեան պաշտօնական կոչը ուղղուած է երկրի բոլոր քաղաքացիներուն՝ կառչիլ Սուրիոյ հողին ու սատարել քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային բարօրութեան, երկիրը համարել իբրեւ վերջնական հայրենիք ու տուն եւ անոր շահերը գերադասել։
Համահայկական իրականութեան մէջ, սուրիահայութիւնը ընդհանուր հայկական սփիւռքի եւ Հայասատանի մակարդակներով ալ արժեւորուած է իբրեւ մեծ կեդրոն ու ներդրում ունեցող հսկայ միաւոր: Սուրիան համարուած է հայութեան վերընձիւղման ու յարութեան վայր ու խորհրդանշան՝ ամբողջ հայութեան կեանքի նկատմամբ սիրոյ ու ստեղծագործական յարատեւ ու մշտանորոգ յաջողութիւններու։ Ի զուր չէ, որ Սուրիա հայութեան համար կոչուած է «մայր գաղութ», իսկ սուրիահայութիւնը՝ սփիւռքահայութեան ամենամեծ «մատակարարը»:
Գնահատելի է սուրիահայութեան դերը Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման գործին մէջ։ Սուրիահայութիւնը ամէն ջանք ու լումայ հասցուցած է Հայաստանի բարօրութեան համար, անթիւ դրամահաւաքներ, օժանդակութիւններ, աջակցութիւններ, ծրագիրներ կազմակերպուած են Հայաստանի համար եւ Հայաստանի մէջ՝ թէ՛ կազմակերպութիւններու եւ թէ անհատներու կողմէ: Հարկ է նշել, որ սուրիահայութիւնը՝ սուրիականութեան եւ հայկականութեան ներդաշնակ միախառնութեան ընդմէջէն յառաջացած ու հարստացման աղբիւրի վերածումն է պատմական բոլոր ժամանակաշրջաններուն մէջ. միաժամանակ Սուրիոյ եւ ամբողջ հայութեան համար սուրիահայութեան գործած արդիւնաւէտ ու ծաղկուն գործն է: Այնտեղ կը տեսնենք բազմապիսի եւ անթիւ բնագաւառներէ ներս սուրիահայերու ներդրումը Սուրիոյ կեանքին, նաեւ Հայաստանին։
Սուրիահայութիւնը արաբական աշխարհի, նաեւ բազում այլ երկիրներու մէջ հայութեան ամենասիրուած ու յարգուած հաւաքականութիւններէն մէկը եղած է եւ տակաւին է՝ թէ՛ սուրիական յաջորդական իշխանութիւններուն եւ թէ ամենակարեւորը՝ Սուրիոյ ժողովուրդին կողմէ:
Սուրիոյ տագնապը մօտալուտ ապագային լուծման նախանշաններ ցոյն չի տար եւ սուրիահայութիւնը (Սուրիոյ բոլոր զանգուածներուն հետ) տակաւին կը դիմագրաւէ անյայտ ու անորոշ ապագայ մը: Սուրիահայ նոր սերունդը հաւատքի ու անվտանգութեան զգացումը կորսնցուցած կը թուի երկրին հանդէպ եւ ան իր ծրագիրները չի կապեր Սուրիոյ հետ:
Դժուար է կռահել ապագան, բայց սուրիահայութեան կերտած փառքն ու նուաճումները Սուրիոյ եւ հայութեան, նաեւ Հայաստանին համար անցեալին պատկանելու ընթացք կը պարզեն: