Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» Հիւանդանոցը՝ Իբրեւ Հայկական Կառոյց Կորսնցնելու Վտանգ Կայ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան յայտնեց, որ այս օրերուն յաճախակի դարձած են խօսակցութիւնները հնարաւոր նոր կանոնակարգ ունենալու մասին, սակայն հայ համայնքին մէջ կան մտահոգութիւններ, որ այդպիսով ալ հարցը պիտի չլուծուի:
«Շատ մտահոգիչ զարգացումներ տեղի կ՛ունենան: Խօսքը 2013էն սկսեալ, Թուրքիոյ կողմէ չեղարկուած կարգին մասին է՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ նոր կանոնագիր պէտք է պատրաստուէր: Այդ ժամանակ «Սուրբ Փրկիչ» հայկական հիւանդանոցին մէջ, որ հիմնադրամի կարգավիճակ ունի, ընտրութիւնները առկախուեցան: Մինչեւ հիմա նոր կանոնագիր չկրցան պատրաստել: Հիմա կան շշուկներ, որ նոր կանոնագիր կրնայ ըլլալ, սակայն նոյն բանն է՝ պիտի չկարենանք հիւանդանոցի գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններ կազմակերպել: Ասիկա մեր մեծագոյն հաստատութիւնը գրաւելու փորձ կրնայ ըլլալ: Խօսքը 188 տարուան հաստատութեան մասին է, զոր համայնքը կը նկատէ ազգային հիւանդանոց: Անիկա իր մէջ ունի նաեւ տարեցներու խնամքի բաժանմունք», ըսաւ Էսդուգեան՝ աւելցնելով, որ «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցը պոլսահայ համայնքի մեծագոյն հաստատութիւնն է. եթէ չկարենան ընտրութիւն կատարել, վախ կայ, որ անիկա կը կորսուի՝ իբրեւ հայկական կառոյց:
«Թուրքիոյ ամբողջ հայութիւնը կ՛երթայ եւ հիմնադրամի կարգավիճակով գործող հիւանդանոցի հոգաբարձուները կ՛ընտրէ: Հիմա, եթէ այս իրաւունքէն զրկուինք, այդ կը նշանակէ, որ անիկա այլեւս հայկական հիւանդանոց չէ», յայտնեց Էսդուգեան:
Այս օրերուն, պոլսահայ համայնքը նախաձեռնեց առցանց ստորագրահաւաքի՝ ընդդէմ այնպիսի կանոնակարգի, որ կրնայ հիմնադրամը դուրս ձգել ընտրական գործընթացէն: Ստորագրահաւաքին միացան առաւել քան 250 անձեր: