Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը
«Մշակոյթը` ճանապարհ յաղթանակի»: Այս պատգամը, զոր տուած է երջանկայիշատակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Բերիոյ թեմ տուած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, 1983-ի ապրիլին, քառասուն տարիներ ետք ակնթարթ մը արթնցաւ ուղեղիս մէջ` Պոսթընի հայկական մշակութային հաստատութիւններ այցելութեանս առիթով:
Պարտուած եւ յուսալքուած հայու հոգեվիճակս պահ մը թթուածին ստացաւ, երբ քառօրեայ արձակուրդով Քոլոմպոսի երկրի Արեւելեան ափը հասայ:
Արեւելքի սովորութեամբ, մեր հարազատներուն ջերմ հիւրընկալութեան զուգահեռ, փետրուարեան արտակարգ բարեխառն կլիման յիշատակելի զբօսաշրջութեան վերածեցին այս այցը:
Ի տղայ տիոց հրապուրուած էի «Հայրենիք»-ի կողմէ հրատարակուած հատորներով, որոնցմէ առաջիններէն էր Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր» յուշագրական վէպը: Այս շարքէն բազմաթիւ գեղատիպ հատորներու հանդիպած եմ Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարանին մէջ:
Պատանութեան օրերէս Քեսապի մեծ հօրս տան գրադարանին ապակեայ փեղկին ետեւ քաշողական ուժ ունէր «Հայրենիք» ամսագիրներու Հ տառի պատկերագիր արագիլը: Այդ տարիներու հաւաքածոներուն մէջ ես կարդացած էի իմ ժառանգած անունիս` Մատթէոս Էպլիղաթեանի յուշերը:
«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Զաւէն Թորիկեանին հետ վաղեմի ծանօթութիւնս վերաթարմացնելով, երբ ձայնեցի իրեն, տեսնուելու ժամադրութիւն խնդրելով, կատակելով յիշեց, որ անցեալ դարուն հանդիպած էինք Պէյրութ «Վանայ Ձայն»-ի մէջ, հարցազրոյցի մը առիթով:
Նախքան թռիչքս` Զաւէնին կողմէ բջիջային հեռաձայնիս անդադար կը հասնէր հայկական Պոսթընի տեսարժան հասցէները:
Միացեալ Նահանգներու մշակոյթի եւ կրթութեան մայրաքաղաքը բնօրրանը եղած է նաեւ մեր մտաւորականութեան, նախաեղեռնեան առաջին գաղթականները երկրէն հոն հասած են: «Հայրենիք»-ը արդէն հարիւր եւ քսանհինգ տարեկան է, Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն ինը տարիներ ետք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշած է այստեղ օրաթերթ հիմնել 1899-ին, ապա` համանուն գրական հանդէսը (1922-1970), որ հանդիսացաւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան փարոսը:
Հարազատներուս` Միքայէլեաններուն հետ, Լեքսինքթըն շրջանի իրենց բնակարանին մօտ, Արլինկթընի մէջ, անծանօթ հասցէ մը կը փնտռենք: Մեր դէմ կը ցցուի թանգարանի մը տարողութիւնը եւ գեղեցկութիւնը ունեցող կառոյց մը, որուն ճակատին կը կարդանք ARMENIAN CULTURAL FOUNDATION:
Տնօրէնը` Արա Ղազարեանցը, արդէն տեղեակ է մեր այցելութեան մասին: Արեւելահայերէն յատուկ առոգանութիւնը կը հաստատէ իր պարսկահայ ծագումը: Նախամուտքէն մայր սրահը տեսնելով` շշմած ենք բոլորս: Սա հայկական թանգարան մըն է, փռուած գորգերը ու չորս պատերու վրայ տարածուած գրադարանը, իւղանկարները, անկիւնի պոչաւոր դաշնամուրը կը հաստատեն վայրին մշակոյթի արտակարգ կեդրոն մը ըլլալը:
Հիմնադիրը` Վահան Թոփալեան, ծնած է Տիգրանակերտ (Արեւմտեան Հայաստան), 1886-ին: Երիտասարդ տարիքին եկած է Միացեալ Նահանգներ, վարպետ դերձակ մըն է, ընթերցասէր, գիրքերու սիրահար, կանուխ տարիքէն երբ պանդոկի մը ինքնաշարժներու կառատան պաշտօնեայ էր, հոն իջեւանող հռչակաւոր գրողներու մակագրութիւնը ունեցած է իր գիրքերուն մէջ: Ապագային հանրայայտ ստեղծագործ դերձակ, Պոսթընի կեդրոնին մէջ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը իր գործատեղին կառավարական շէնքի կառուցման տարածքին մէջ ներառած է:
Թոփալեան, Ժոն Միրաքեանի գործակցութեամբ, կարողացած է ձեռք ձգել այժմու այս կեդրոնը, որուն բացումը կատարուած է 1965-ին:
«Միրաք» ինքնաշարժի առեւտուրի հաստատութեան սեփականատէր Միրաքեանն է, որուն ժառանգորդները ցայսօր այս հաստատութեան հովանաւորներն են:
Թոփալեան իր կեանքի վերջին տարիները ապրած է այստեղ, ընտանիք չէ կազմած, իր հաւաքածոն եւ հարստութիւնը կտակած է իր հիմնած մշակութային կեդրոնին, մահացած է 1983-ին, 97 տարեկանին:
Կեդրոնի պատասխանատու տնօրէն Արա Ղազարեանց սպառիչ բացատրութեամբ ծանօթացուց շէնքի բոլոր բաժինները:
Մշակութասէր, հայկական արժէքներու պահապան մեծահարուստ հայեր դժբախտաբար շատ չենք ունեցած մեր արդի պատմութեան մէջ, բարերարութեան իւրայատուկ տեսակ մըն է նման կառոյցներու հիմնումն ու յանձանձումը: Հայրենիքի մայր հողէն հեռու այսպիսի հաստատութիւններ են միաբանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կայքերը` մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող` Մխիթարեան միաբանութեան զոյգ վանքերը` Վենետիկ եւ Վիեննա, Երուսաղէմ, Անթիլիաս, Պոլիս: Եզակի անուն է Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ Լիզպոնի իր կեդրոնին կողքին, հաստատած է համանուն թանգարան մը:
Այստեղ կը հասնին հանրածանօթ դէմքերու արխիւները ու իրերը` երաժիշտ Արսէն Սայեանի, գրագէտ Յակոբ Կարապենցի: Ընդարձակ բաժին մը յատկացուած է առաջին հայ կին դեսպան, Ճափոնի մէջ պաշտօնավարած Տիանա Աբգարի:
Արեւմտահայ գրականութեան կարկառուն դէմքերէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գեղեցիկ իւղանկարը իրեն յատուկ բաժինի մը մէջ է, կ՛իմանանք, որ Թոփալեան հմայուած էր այս գրագէտով:
Կեդրոնը ունի նաեւ բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնցմէ տրամադրուեցաւ մեզի:
Համաշխարհային մշակոյթի եւ արուեստի արժէքներու պահպանման ծիրին մէջ, Պոսթընի մեր կատարած այցելութիւններու շարքին այցելեցինք վերոնշեալ հաստատութեան նման այլ շէնք մը` NAASR (The National Association for Armenian Studies and Research), «Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային կազմակերպութիւն»:
Հիմնուած է 1955-ին նպատակ ունենալով նպաստել` հայագիտութեան, կրթաթոշակներու, ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու:
Արդիական նորակառոյց շէնքը հաստատութեան կեդրոնն է, գետնայարկը կը գործէ գրախանութը, ուր առցանց ալ կարելի է այցելել, այստեղ կարելի է գտնել շուրջ 1700 անուն գիրք` հայատառ կամ օտար լեզուով:
Հաստատութեան վերի յարկերուն մէջ, գրասենեակներէն եւ գործունէութեան յատուկ սրահներէն ու սենեակներէն բացի, կը գործէ մատենադարան մը:
Բարերար Եդուարդ եւ Հելէն Մարտիկեան ամոլին անունով կը կոչուի այս հաստատութիւնը, որ կ՛օժանդակէ աշխարհասփիւռ բանասէրներուն եւ ուսումնասիրողներուն:
Անցնող տարիներուն NAASR-ը նաեւ հովանաւորած կամ համահովանաւորած է աւելի քան քսան ազգային եւ միջազգային գիտաժողովներ:
Կիրակնօրեայ սովորութիւնս անխափան պահելով` այցելեցինք Ս. Ստեփանոս Հայ առաքելական եկեղեցին, որուն կողքին կը գործէ համանուն վարժարանը, ուր կը յաճախեն մեզ հիւրընկալող հարազատներուս երկու հոգեհատոր մանչուկները:
Իւրայատուկ արարողութեան մը ներկայ գտնուեցայ, եկեղեցւոյ նորընտիր, մեր հասկացողութեամբ, Թաղական խորհուրդը, ս. պատարագի աւարտին ներկայացաւ` իր խոստումը յայտնելով հաւատացեալներուն, եւ ստացաւ հովիւին օրհնութիւնը: Ամերիկեան սովորութեան մը ընդօրինակութիւնը, հաճելի եւ բարենպատակ թուելով հանդերձ, դիւրահաղորդ չեղաւ ամբողջութեամբ անգլերէնով ընթացող այս արարողութիւնը:
Ուոթըրթաուն աւանը Պոսթընի հայաբնակ թաղամասն է, ուր կը գործէ նաեւ Armenian Museum of America, մուտքին հայատառ կը կարդանք` ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, կայ յիսնամեակի մը յիշատակութիւնը հաստատող պաստառ մը, որ կը յուշէ, թէ այս կեդրոնը հիմնուած է 1971-ին:
Շէնքին առաջին երկու յարկերը յատկացուած են թանգարանին, ամբողջութեամբ հայաբոյր այս ցուցասրահները ունին յատուկ բաժանումներ:
Ուշագրաւ բաժին մը տրամադրուած է` հայազգի նշանաւոր լուսանկարչութեան վարպետ Եուսուֆ Քարշի դիմանկարներուն, հանրածանօթ քաղաքական գործիչներու, դերասաններու, գիտնականներու եւ արուեստագէտներու:
Կը շրջագայինք մեզի համար երբեմն շատ ծանօթ իրերու մէջ, սակայն այս բոլորը մէկտեղուած այսքան կոկիկ եւ սրտխօսիկ, պատիւ կ՛առթէ իւրաքանչիւր հայ այցելուի` օտարներուն յուշելով մեր դարաւոր մշակոյթի մասին, այստեղ կան` ձեռագործներ, գորգագործութիւն, ոսկերչութիւն, պղնձագործութիւն, խեցեգործութիւն, նկարչութիւն, մանրանկարչութիւն եւ հնատիպ գիրքեր, տարազներ, դրամներու հաւաքածոյ, հայ գիւղական բնակարանի մանրակերտեր, երաժշտական գործիքներ:
Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ բաժին մը կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը:
Թանգարանի շէնքին վերի բաժինը յատկացուած է ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներուն, սակայն դժբախտաբար փակ էր:
Ուոթըրթաունը գաղութային մանրապատկերն է Նոր Գիւղի կամ Պուրճ Համուտի, ուր կան բազմաթիւ հայկական ուտեստեղէնի եւ պատրաստ ճաշերու վաճառատուներ, ծխատէր քահանայի նման` ծանօթներուս հապճեպ այցելեցի:
Օդակայան ուղղուելէ առաջ խտացուած ժամանակամիջոցին Ուոթըրթաունի «Հայրենիք»-ի շէնք այցելութեամբ կ՛աւարտէր մեր արձակուրդը` որպէս ուխտաւոր արեւելեան կողմն Ամերիկայի: Այստեղ մեզի կը սպասէին վաղեմի ծանօթներ, ընդհանրապէս` Հալէպէն Պոսթըն հաստատուած ընկերուհիներ, որոնք հոս կը պաշտօնավարէին: Խմբագրատան գրասենեակներէն բացի` այստեղ կը գործեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ կուսակցական գրասենեակներ:
Սեղմուած պահի մէջ հաճելի հանդիպումներու վառ յիշատակներով հրաժեշտ տուինք, օր մը կրկին աւելի երկար այցելելու յոյսով:
«Հայրենիք»-ի այս կեդրոնէն դուրս գալու պահուն հոգիս թռիչք առաւ դէպի սփիւռքահայութեան բնօրրանը` անկրկնելի Հալէպ, ուր քառասուն տարիներ առաջ ընթացք առաւ Արամ Մանուկեանի անուան կեդրոնի շինութիւնը, հալէպահայութեան եռուն ժամանակաշրջանին այդ շէնքը նեղ կու գար տարուած գործունէութեան:
Հայրենազուրկ սփիւռքահայերու ցաւն ու կսկիծը ամոքող այս կառոյցները բուժարաններ են հայատրոփ հայորդիներուն:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ