Ռուբէն Զարդարեանի օգտակար «Յօդուածներ»ու հաւաքածոն
Արեւմտահայ գրող եւ խմբագիր Ռուբէն Զարդարեանի 1908-1909-ին Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած յօդուածները, Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատութեաամբ ամփոփուած են գիրքի մը մէջ, որ լոյս տեսած է «Ռուբէն Զարդարեան- Յօդուածներ» խորագիրով, «Ժամանակ- 100-Ամեակ» Մատենաշար թիւ 3, Իսթանպուլ, 2015, 199 էջ, յառաջաբանը Վահէ Թաշճեանի:
Ռուբէն Զարդարեան ծնած է Սեւերակ. 1874-ին: Երկու տարեկանին ընտանիօք տեղափոխուած են խարբերդ, ուր ստացած է իր կրթութիւնը Ազգային Վարժարանին մէջ եւ ապա Ամերիկեան Դպրոցը: Աշակերտած է գրող Թլկատինցիին: 1892-1903 Մեզիրէի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է: 1903-1904 ձերբակալուած է քաղաքական-ազգային գործունէութեան պատճառով: 1905-1908 բնակած է Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքը, ուր խմբագրած է «Ռազմիկ» թերթը: 1908-ն Երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, վերադարձած է Պոլիս: 1909-ին հիմնած է «Ազատամարտ» օրաթերթը: Գրական ասպարէզ մտած է 1890-ական թուականներու սկիզբները Խարբերդէն աշխատակցելով պոլսահայ թերթերու՝ «Ծաղիկ», «Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», եւայլն: 1910-ին լոյս տեսած է Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս» գիրքը, որ 1912-ին Փարիզի մէջ ֆրանսերէն հրատարակուած է: «Ամբողջական Էջեր», Փարիզ, 1930, 215 էջ: «Ընտրանի», Երեւան, 2014, 200 էջ (Ուիքիբիտիա համացանցային կայք): Ռուբէն Զարդարեան Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհ գացած է, միւս մտաւորականներուն հետ ձերբակալուելով, Այաշ ուղարկուելով, ապա Գոնիա ու Հալէպ, ուր սպաննուած է թուրքերու կողմէ:
«Ռուբէն Զարդարեան- Յօդուածներ»ու յառաջաբանին մէջ Վահէ Թաշճեան կ՛ըսէ. «Այս գիրքով լոյս տեսնող յօդուածները փաստօրէն կը ներկայացնեն կարճ ժամանակաշրջան մը՝ Ռուբէն Զարդարեանի հրապարակագրական ասպէրէզին: Ասոնք լրագրային այն արտադրութիւններն են, որոնք լոյս տեսած են 1908-1909 «Ժամանակ» օրաթերթին իր աշխատակցութեան ատեն… Քանի մը տասնեակ այս յօդուածները կը վերականգնեն յետ-սահմանադրական բախտորոշ այս ամիսներու ընդհանուր մթնոլորտը, ուր հեղինակը երեւան կը հանէ ակներեւ հակասութիւններ, մէկ կողմէ տիրող ընդհանուր ոգեւորութեան եւ միւս կողմէ, գետնի վրայ կատարուող հակասահմանադրական քայլերու միջեւ… Ան ասոնց ոչ միայն վկան է, այլ նաեւ անոնց վրայ կը կեդրոնացնէ արհեստավարժ լրագրողի լուսարձակները, դէպքերն ու իրադարձութիւնները իր կողմէ առարկայականօրէն կը քննուին եւ կ՛ենթարկուին խորաթափանց վերլուծութեան» (էջ 6-7):
Ռուբեն Զարդարեանի յօդուածները ունին երկու տեսակ պահանջք: Առաջինը՝ օսմանեան հարցերու առնչութեամբ, իսկ երկրորդը՝ հայկական ազգային գետնի վրայ, նկատի առնելով քաղաքացիներու հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ, տնտեսական ազատութիւն, հարստահարութիւններու դէմ պետական ապահովութեան երաշխիք եւ հայկական մշակութային զարգացման ու քաղաքական կեանքի մասնակցութեան իրաւունք: Ան Ատանայի ջարդերուն առիթով եւ անկէ ետք գրած յօդուածներուն մէջ հանդէս կուգայ իբրեւ զգօն լրագրող, որ առաջին իսկ պահէն լաւապէս ըմբռնած է իշխող իթթիհատական կուսակցութեան մէջ աճող ու զարգացող բռնապետական հակումները:
Ռուբէն Զարդարեան թուրք ցեղին մասին կ՛ըսէ թէ ան ուժով եւ բռնութեամբ հիմնած է պետութիւնը, կարծելով որ միայն զէնքն ու բիրտ ուժը կրնան յարատեւ ապահովել ցեղի մը գոյութիւնը, ապագան ու զարգացումը: Ան իր «Տիրապետութեան Ոգին խորագրեալ յօդուածին մէջ թէեւ լաւատես է Սահմանադրութեան վերահռչակումով, սակայն կասկած ունի, որ տիրող կացութիւնը իր բնական ընթացքէն շեղած է: Հեղինակը կ՛ըսէ. «Կեանքը ցոյց տուաւ որ ո՛չ նախճիրը, ոչ արիւնը, ոչ սրածութիւնը, այլ խօսքով բռնութեան ոչ մեկ գեհենական արգելքը՝ չի կրնար այս պետութեան սահմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդներուն իրաւունքը կասեցնել իր յաղթանակէն: Միթէ՞ աւելի անգութ, աւելի՞ եղեռնական միջոցներ ունի սահմանադրութիւնը՝ իրականութիւնը սպաննելու կամ զայն իր բնական ընթացքէն շեղեցնելու: Ո՞րն է այն քաղաքակրթական իրաւունքը՝ որ պէտք է բացառիկ դիրք մը տայ թուրք տարրին, մասնաւոր տիրապետութիւնն ստանձնելու այս երկրին եւ տիրող կոչելու ինքզինք» (էջ 20):
Ռուբէն Զարդարեան սոյն հարցին իբրեւ եզրակացութիւն կը շեշտէ, թէ սահմանադրական երկրի մը մէջ գերիշխող ազգ պէտք չէ գտնուի եւ ինչպէս ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքին առջեւ, նոյնը եւ առաւելապէս իւրաքանչիւր ազգ կամ հաւաքականութիւն հաւասարազօր է բնակակից ո՛րեւէ ուրիշ ցեղի մը հետ: «Առանց այս սկզբունքին, երկիր մը չի կրնար ինքզինք սահմանադրական դաւանիլ եւ խաղաղ աշխատութեան նուիրուիլ», կ՛եզրակացնէ ան (էջ 21):
«Կեդրոնական Կառավարութիւն» խորագրեալ յօդուածին մէջ հեղինակը ցոյց կու տայ Սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք իսկ տեղքայլի վիճակը՝ ըսելով. «Կառավարական նոյն դանդաղ, նոյն յուսահատական անիւը, որ կը ջանայ շարժիլ իր առանցքին վրայ, որ կը խոստանայ թաւալիլ, բայց մշտնջենապէս գամուած է իր տեղը, աւազի մէջ» (էջ 24):
Ռուբէն Զարդարեանի իւրաքանչիւր յօդուածին առանցքը կը կազմեն հայ ազգի շահերը եւ առ այդ՝ ան ընդհանուր գիծերու մէջ կ՛արտայայտուի փոքր ազգերու եւ մասնաւորաբար հայ ազգի իրաւունքներուն ու ազատութեան մասին: Տիրող մռայլ կացութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն արձանագրուած չէր տակաւին ու այս պատճառով ան կը յիշեցնէ երկրին պատասխանատուներուն, թէ իրաւունք պէտք է տրուի փոքր ազգերուն երկրին մէջ հաւասար ապրելու թուրքերուն հետ: Ան «Իրաւունքի Պայքար» խորագրեալ յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Ի՞նչ արդարութեամբ կարելի է պահանջել որ, օրինակի համար, հայ ժողովուրդը վճարէ օրէնքին սահմանած բոլոր տուրքերը, իր աշխատութեամբը, իր մտքովը, իր առեւտուրովը ու իր քրտինքովը նպաստէ երկրին բարգաւաճմանն ու յառաջդիմութեանը, այլ խօսքով անթերի կատարէ իր բոլոր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները՝ երբ ամէն կերպով ջանք չէ խնայուած իր ձայնը պակսեցնելու եւ իր տեղը սահմանափակելու Խորհրդարանին մէջ» (էջ 30):
Ռուբէն Զարդարեան ուշադրութեան առնելով օրուան հրատապ հարցը՝ թուրքերու ամբաստանութիւնը հայոց դէմ, թէ անոնք կ՛ուզեն անջատ թագաւորութիւն հիմնել երկրին մէջ, ուրեմն անջատողական հաւաքականութիւն մըն են Օսմանեան Պետութեան մէջ: Այդ օրերուն նոյն հարցը ծագած էր նաեւ Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ, ռուսական իշխանութիւններու կողմէ: Իբրեւ հետեւանք այս զոյգ ամբաստանութեանց, Ռուբէն Զարդարեան հետեւեալը կը մատնանշէ. «Հայ ժողովուրդին ֆանթասթիք զօրութիւնը կը սկսի երկիւղի եւ խուճապի մատնել բոլոր միամիտները, բոլոր առաքինի մտածումները եւ բարեպաշտ տրամադրութիւնները: Եւ քաղաքացիներու այն ստուարաթիւ բազմութիւնը՝ որ յօժարակամ լսածին կը հաւատայ միայն եւ սեփական դատողութեան ու վերլուծումի սովոր չէ, չի վարանիր դատախազի դերին մէջ մտնել եւ վճռել ի հաշիւ նենգ խաղին եւ քաղաքական խաբեբայ միջնորդներուն» (էջ 98):
Ռուբէն Զարդարեան այս ախտաճանաչումը կատարելէ յետոյ, հարցին լուծումը հետեւեալ ձեւով կը յայտնէ. «Հետեւաբար, եթէ հարկ է քաղաքական բուռն պայքար մղել ո՛րեւէ գաղափարի դէմ՝ որ կրնայ խաթարել Օսմանեան Պետութեան ամբողջութիւնը, ան ալ վարչական կեդրոնացման սիսթեմն է, անոր դէմ պէտք է զինուիլ, զայն պէտք է արմատախիլ ընել հասարակութեան մտքին մէջէն եւ անոր ջատագովները մեղադրել իբրեւ երկրին ընդհանուր շահերուն հակառակորդներ» (էջ 101):
Ռուբէն Զարդարեան հրապարակագրողը իր կեանքի գործունէութիւնը նուիրելով հայ ազգին, երիտասարդ տարիքին ձերբակալուած է Խարբերդի մէջ, ապա ազգին նուիրուած գործունէութիւնը ծաւալուն կերպով շարունակելու համար անցած է արտասահման եւ մասնաւորաբար Փլովտիւ- Պուլկարիա, ուր հրատարակած է «Ռազմիկ» թերթը: Անոր պայքարը միշտ եղած է միտքով ու գրիչով: Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք ան վերադարձած է Պոլիս, ուր օգտուելով յեղաշրջման ընձեռած ազատութենէն, որ խորքին մէջ կեղծիք մըն էր եւ ժամանակաւոր միայն, խիզախօրէն պայքարած է ի խնդիր հայ ազգի շահերուն եւ գաղափարներուն, որուն համար ալ զոհուած է, բայց ձգելով հարուստ մտքի ժառանգութիւն մը, որ օգտակար է ներկայիս ալ:
Յարութիւն Իսքահատեան
«Պայքար»