Սուրիոյ Հայերը 1970-2010 Թուականներուն (Բ.)
(Համառօտ ակնարկ – Բ.)
ՄԱՄՈՒԼը որոշ աշխուժութիւն ցուցաբերեց, կարելի է ըսել՝ վերածնաւ: 1963-ի արգելքով ամբողջապէս դադրած էր հայ մամուլը. քաղաքական կուսակցութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու պաշտօնաթերթերը, միութիւններու պարբերական հրատարակութիւնները դադրած էին: Սակայն, յետ գրաքննութեան, իրենց բաժանորդներուն կը հասնէին Պէյրութի «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» կուսակցական օրաթերթերը: Սուրիոյ հայոց կրթական, հոգեւոր, մարզական եւ մշակութային կեանքի մասին թղթակցութիւններ տեղ կը գրաւէին վերոյիշեալ օրաթերթերու սիւնակներուն մէջ:
Այս շրջանին լոյս կը տեսեն մեծ մասով մեքենագիր կամ խմորատիպ, եկեղեցական, բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու տեղեկատու թերթիկները: Եկեղեցական տեղեկատու թերթիկները կը հրատարակուին շաբաթական կամ ամսական հերթագայութեամբ ու ձրիօրէն կը բաժնուին հաւատացեալներուն: Ասոնց առջինեկը Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ «Լրատու»ն է, որ 1964-էն անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել: «Պարբերաթերթ Հայ Ծերանոցի» (1952), «Պարբերաթերթ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի» (1960) կը շարունակեն լոյս տեսնել տպագիր: Եղան կարճատեւ կեանք ունեցած շարք մը միութենական, սկաուտական եւ դպրոցական մեքենագիր խմորատիպ պարբերաթերթեր, որոնց մէջ ամենէն հետեւողականը եղաւ 1972-ին իր երկրորդ շրջանին սկսած եւ տարեկան մէկ-երկու թիւով լոյս տեսնող աշակերտական «Ծիլեր» պարբերաթերթը (1990-էն ետք՝ տպագիր): Կարեւոր իրագործում էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի հրատարակութեամբ եւ Բիւզանդ Մինասեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Նոր Ապրիլ» տպագիր պարբերաթերթը (1980-1981՝ 5 թիւ): 1978-ին սկսաւ լոյս տեսնել Բերիոյ թեմի «Ազգային առաջնորդարանի պարբերաթերթ»ը, որ յետագային դարձաւ «Օշական» ամսաթերթ, իսկ 1980-էն ետք՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթ, որ իր լրատուական, տեղեկատուական, գրական-մշակութային եւ մանկական էջերով ու տարեկան բացառիկ թիւով դարձաւ Սուրիոյ գաղութին կարեւոր ու հիմնական թերթը:
ԳՐԱԿԱՆ հրապարակին մէջ 1950-ական թուականներէն նորանոր գիրքերով հանդէս կու գայ Թորոս Թորանեանը՝ աշխոյժ ներկայութիւն մը՝ սփիւռքեան մամուլին մէջ: 1960-ական թուականներէն եկող գրողներու կողքին մեծամասնութիւն կը ներկայացնէին բոլորովին երիտասարդ ու սկսնակ գրողները, որոնք առաւելաբար տեղ կը գտնէին Պէյրութի հայ պարբերականներուն մէջ՝ «Բագին»,«Շիրակ» , «Սփիւռք»,«Նայիրի», «Ահեկան» եւ այլն: 1967-1972-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Արարատի (Անդրանիկ Նաճարեան) գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան «Մշակոյթ» պարբերագիրքը (8 թիւ, ոմանք միացեալ), մեծամասնաբար սուրիահայ գրողներու աշխատակցութեամբ: Աւելի ուշ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթի շուրջ կազմուեցաւ Սուրիահայ գրողներու համախմբումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի եւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի միջոցով լոյս տեսան սուրիահայ արձակագիրներու, բանաստեղծներու եւ ուսումնասիրողներու գիրքեր: Բերիոյ թեմի առաջնորդարանը հիմնեց երկու մատենաշար՝ «Ուխտ» եւ «Այգ»: Առաջինը հոգեւոր գիրքերու մատենաշար էր, իսկ երկրորդը՝ գրական-հայագիտական: «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսան «Երթ» գրական (2005-2009, 5 թիւ) եւ «Տաթեւ» հայագիտական (2008, 1 թիւ) տարեգիրքերը:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ գետնի վրայ մեծ եռանդով գործեց Մաթիկ էպլիղաթեանի «Կիլիկիա» հրատարակչատունը, որ կանոնաւոր յաջորդականութեամբ ու առանձին մատենաշարով հրատարակութեան տուաւ հայ նոր գրականութեան դասականացած երկերը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օգնութեամբ վերահրատարակեց հայագիտական կարեւոր գործեր, ինչպէս՝ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»ը, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանուններու բառարան»ը, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքերու ամբողջ շարքը եւ այլն: Սուրիահայ հրատարակութիւնները փնտռուեցան Սփիւռքի տարբեր անկիւններէն:
1980-ական թուականներէն ետք բաւական աշխուժութիւն ցուցաբերեցին Հալէպի տպարանները հայ գիրքի վերահրատարակութեան եւ հրատարակութեան առումով: Այդ գետնի վրայ մեծ ներդրում ունեցաւ առաջնորդարանի «Արեւելք» տպարանը, ուր լոյս տեսան գլխաւորաբար սուրիահայ կեանքը ներկայացնող յուշամատեաններ, պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւններ, ալպոմներ, տարաբնոյթ գրականութիւն, դասագիրքեր, օրացոյցներ եւ այլն:
ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ գետնի վրայ, դպրոցական կառոյցներէ անկախ, մեծ թափով շարունակուեցաւ եկեղեցական եւ հասարակական շէնքերու, յուշարձաններու, բնակարանային համալիրներու եւ առանձնատուներու կառուցումը: Այսպէս՝
– Հալէպի Վիլլաներ թաղամասին մէջ կառուցուեցան այնթապցիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ կից «Զոհրապ Գաբրիէլեան» սրահը (1973), Աուճէթ ըլ-Ճըպ թաղամասին մէջ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցին եւ «Արարատեան» սրահը (1990), հիմնովին վերակառուցուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (2009), սկսաւ Գամիշլիի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերակառուցումը: Կառուցուեցաւ Օգնութեան խաչի Նոր գիւղ թաղամասի ընկերա-բժշկական կեդրոնը (1985): 1980-էն սկսաւ գործել Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տունը Վիլլաներ թաղամասին մէջ: Ան ամբողջական համալիր մըն իր ճաշարանային ու ժամանցի սրահներով, «Լեւոն Շանթ» հանդիսասրահով, հասարակական միութիւններու ու միաւորներու (Համազգային, ՀՄԸՄ, ՍԵՄ, ՍՕԽ) գրասենեակներով: Հոն տեղափոխուեցաւ նաեւ Հայ երիտասարդական միութեան «Քրիստափոր» գրադարանը, որ դարձաւ գաղութի ամենէն աշխոյժ գրադարան-ընթերցարանը:
Այս շրջանին, համայնքներու նորակազմ ընտանիքները իրենց եկեղեցական ու դպրոցական հաստատութիւններուն մօտիկ պահելու համար Նոր գիւղի մէջ Ազգային առաջնորդարանի, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու թաղական խորհրդոց եւ Զէյթունի ու Տիգրանակերտի հայրենակցական միութիւններու ջանքերով կառուցուեցան բնակելի բարեկարգ շէնքեր ու վարձակալութեան տրուեցան: Ոմանք ունեցան յատուկ անուններ՝ Կիլիկիա, Արցախ, Սիս, Օշական եւ այլն: Այսպիսի շէնքեր կառուցուեցան նաեւ Եագուպիէի մէջ՝ երիտասարդները գիւղին մէջ պահելու բարի ցանկութեամբ: Նոյն նպատակով կառուցուեցան Ճեպէլ Սէյտէի հայ կաթողիկէ Ս. Աստուածածին եւ Աուճէթ ըլ-Ճըպի Ս. Խաչ եկեղեցիներու կից բնակելի շէնքերը:
Մեծ եղեռնի յիսնամեակի համաժողովրդական հանդիսութիւններէն ետք Մեծ եղեռնի նուիրուած խաչքարեր ու յուշարձանախումբեր զետեղուեցան Սուրիոյ հայկական գերեզմանատուներուն մէջ եւ եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս: Սուրիան այն երկիրն էր, որ եղաւ մեր ցեղասպանութեան ու վերածնունդի վկան: Պետութիւնը յարգանքով կը վերաբերէր այս երեւոյթին, բայց այդ յուշարձաններու տեղադրումը չէր արտօներ նշուած վայրերէն դուրս: Այս բոլորին մէջ իսկական կոթող հանդիսացաւ Տէր Զօրի մէջ Նահատակաց յուշահամալիրը, որուն նաւակատիքը տեղի ունեցաւ 3-4 Մայիս 1991-ին: Տէր Զօրի նահանգի Մարկատէ կոչուող վայրին մէջ, անթաղ մնացած աճիւններու տարածքին մէջ կառուցուեցաւ նաեւ Ս. Յարութիւն մատուռը:
Ամառնային ճամբարներու կառուցապատումը աւելի մեծ թափ առաւ: Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի միութիւնները իրենց կեդրոնները ունէին Քեսապի շրջանին եւ Եագուպիէ ու Ղնեմիէ գիւղերուն մէջ, ինչ որ նպաստեց այդ շրջաններու ամառանոցի վերածուելուն, բարգաւաճելուն ու հայեցի դիմագիծը պահպանելուն: Քեսապի շրջանին մէջ կը գտնուէին ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, ՀՄՄ-Նոր սերունդի, Թէքէեան մշակութային միութեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ամառնային կեդրոններն ու ճամբարները, ՔՋԱԿ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի կազդուրման կայանները եւ այլն: Սուրիահայ կեանքին մէջ տօնական իրադարձութիւններով կը լեցուէր ամառը Քեսապի մէջ, ուր միութիւններու կողքին բազմահազար հայեր Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն ու մանաւանդ Հալէպէն օդափոխութեան եկած կ’ըլլային: Տեղի կ’ունենային միջմասնաճիւղային հանդիպումներ ու համագումարներ: Ճամբարային շրջանը կը փակուէր խարուկահանդէսներով եւ ՀՄԸՄ-ի ու ՀՄՄ-ի փողերախումբերու եւ սկաուտական շարքերու տողանցքներով:
Այս շրջանին բազմաթիւ սուրիահայեր առանձնատուներ կառուցեցին Եագուպիէի, Ղնեմիէի եւ մանաւանդ Քեսապի գիւղերուն մէջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԵՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐԱԿԱՆ մարզերէն ներս եւս մեծ ներկայութիւն մըն էր հայ տարրը, մանաւանդ Հալէպի մէջ, ուր կը գործէին շարք մը սեփական հիւանդանոցներ՝ Ճեպեճեան ակնաբուժարանը (1952), աւելի ուշ՝ Գարապաճաքեան, Մազլումեան եւ Աստուրեան հիւանդանոցները: Հայ կեանքին համար կարեւոր էին Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Վերժինէ Կիւլպէնկեան մայրանոցը (1936), որ ունեցաւ նաեւ հիւանդանոցային բաժին, ՍՕԽ-ի Նոր գիւղի ընկերա-բժշկական նոր կեդրոնը եւ այլն: Խնամատարական տիպար հաստատութիւն մըն էր երեք համայնքներու խնամակալութեան ենթակայ Հայ ծերանոցը (1923), ՍՕԽ-ի խնամատարութեան յանձնուած Ազգային պատսպարանը (1919), Բերիոյ թեմի Ընկերային ծառայութեան խորհուրդի (1993) «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնը Ծերանոցի կից (2000) եւ այլն: Բարեսիրական ծառայութիւններ կը մատուցէին Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան (1940) եւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի (1966) Հալէպի գրասենեակները:
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ գետնի վրայ բաւական սերտ էին տարբեր գաղութներու հետ սուրիահայոց թեմական, միջմասնաճիւղային եւ ժողովրդային կապերը:
Այս շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ հիմնուեցան սուրիահայ դպրոցներէ շրջանաւարտներու սանուց միութիւններ, որոնք տարեկան կարգով նիւթապէս նպաստեցին Սուրիոյ մէջ տակաւին գործող իրենց դպրոցներուն: Մասնաւորաբար աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի շրջանաւարտներու եւ Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնները Լոս Անճելոսի մէջ: Սուրիահայ համայնքները ոչ միայն սերտօրէն կապուած էին Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն, այլեւ իրենց սփիւռքին հետ: Արտասահման գտնուող նախկին սուրիահայը կը շարունակէր սերտ կապեր պահել Սուրիոյ իր նախկին շրջապատին հետ:
Սուրիահայ գաղութը նաեւ անտարբեր չէր կրնար մնալ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն հետ պատահած դժուարութիւններուն դիմաց: Սուրիահայերը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի 1975-1991-ի քաղաքացիական կռիւներուն, Իրաքի պատերազմներուն, Իրաքի Քուէյթ ներխուժումին (1990) հետեւանքով Սուրիա ապաստանած հազարաւոր լիբանանահայերու, իրաքահայերու եւ քուէյթահայերու, օգտակար եղան անոնց բնակարանային եւ կրթական հարցերը լուծելու կապակցութեամբ, կազմակերպեցին հանգանակութիւններ այդ գաղութներու վերականգնումի աշխատանքներուն համար:
ՀԱՅՐԵՆԻՔի հետ Սուրիոյ հայկական միութիւններու եւ հաստատութիւններու կապը կը մնար Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն: Սուրիահայերու Հայրենիք զբօսաշրջիկութիւնը հետզհետէ մեծ ծաւալ կը ստանար: Յատուկ հրաւէրով Սուրիա իրենց հարազատներուն կ’այցելէին հայրենադարձներ: Հալէպի եւ Դամասկոսի հայութեան համար մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին հայրենի թատերախումբերու, երգչախումբերու հիւրախաղերը, նկարիչներու ցուցահանդէսները, երգիչներու, երգահան-երաժիշտներու եւ գրողներու այցելութիւնները:
1988-ի երկրաշարժը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը եւ Արցախեան գոյամարտը ոտքի հանեցին ամբողջ սուրիահայութիւնը: Մարդասիրական օգնութիւններու հայթայթման մէջ մեզի ձեռք երկարեցին նաեւ տեղացի արաբ հայրենակիցները, Սուրիոյ պետութիւնը: Ազատ շուկայի գոյառման հետ Հայրենիքին մէջ առաջին ներդրումներ կատարողներուն մէջ եղան նաեւ սուրիահայեր: Ուշադրութեան արժանի երեւոյթ էր, որ ոչ քիչ թիւով սուրիահայներ հանդերձ ընտանեօք ներգաղթեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն, ոմանք Արցախ, իբրեւ վերջին հանգրուան համայն հայութեան, եւ հոն հաստատեցին գործ ու տնտեսութիւն:
Միւս կողմէ՝ Հայաստանի այդ մութ ու ցուրտ տարիներուն սուրիահայ կազմակերպութիւնները աշխատանքի տեղ բացին հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն. բեմադրիչներ, խմբավարներ, նկարիչներ ու քանդակագործներ, հայագիտական եւ մանկավարժական գիտութիւններու մասնագէտներ մնայուն աշխատանք ունեցան Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ՝ Համազգայինի, ՀԲԸՄ-ի, Նոր սերունդի, Թէքէեան մշակութային միութան, Ազգային առաջնորդարանի կողմէ համապատասխան հաստատութիւններու մէջ գործելու հրաւէրով: Ոմանք մշտական գործ ու բնակութիւն ունեցան հոն: Անոնց ներդրումը մեր մշակութային կեանքին մէջ եղաւ իսկապէս մեծ: Դամասկոսի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը (1992), իսկ Հալէպի մէջ՝ հիւպատոսարանը: Սուրիահայութիւնը աջակցեցաւ դիւանագիտական այս հաստատութիւններու գոյացման գործին: Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը հաստատուեցաւ 1997-ին:
Յետանկախութեան շրջանին՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրեցին արմատական փոփոխութիւններ: Սփիւռքահայ բոլոր համահայկական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները մասնաճիւղեր ու կեդրոններ ունեցան Հայրենիքին մէջ: Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն փոխարինուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեամբ (2008): Սփիւռքահայ ուսանողներու շարունակական ուսումնառութիւնը, ուսուցիչներու վերապատրաստման ամառնային դասընթացքները, Օլիմպիադաներու՝ սփիւռքահայ դպրոցներու մասնակցութիւնը, աշակերտական շրջապտոյտները կատարուեցան բնական պարբերականութեամբ: Սուրիահայ գաղութը մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեց այս պայմաններուն մէջ:
————————————————————————-
Այս թռուցիկ ակնարկն ալ կրնայ ցոյց տալ, որ 1970-2010 քառասնամեակը եղաւ սուրիահայ գաղութի ոսկեդարը: Ահա այս տնտեսական, հոգեւոր եւ մշակութային համապատկերին վրայ զարգացաւ նաեւ կրթական կեանքը. սուրիահայ դպրոցը այս շրջանին ապրեցաւ իր զարգացման եւ հնարաւորութիւններու առաւելագոյնը:
Յակոբ Չոլաքեան