Սուրիոյ Հիւսիսի Հայաբնակ Շրջանները

Հայոց Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած ու սուրիական անապատի թրքական սպանդանոցներէն ազատած հայու բեկորները տեղաւորուեցան կառափնատի ճանապարհին վրայ գտնուող շրջաններուն, աւաններուն մէջ: Անոնք սփռուած էին, Սուրիոյ հիւսիսի՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող գօտիին մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան շրջաններէն տեղահանուածները կը տեղակայուէին ու ապաստան կը գտնէին Սուրիոյ Ռաքքա եւ Հասիչէ նահանգներուն հիւսիսը:
Յիշենք անոնցմէ Գամիշլին ու Տէրիքը, Տըրպէսիէն եւ մերձակայ գիւղերը ու աւելի հեռուն, դէպի արեւմուտքի շրջանները՝ Ռաս Ուլ Այն, Արաբունար (Այն Արապ), Թէլ Ապիատ, Ճարապլոս… եւ այլն:
Շատեր գացին հաստատուելու Հալէպ, որ տարագրեալ հայութեան կարաւաններուն հանգոյցն ու խաչմերուկն էր ու դարձած էր հայոց որբանոց-պատսպարանն ու այրիանոցը:
Տէր Զօրի թրքական սպանդանոցի ճամբուն վրայ գտնուող Հալէպ հասած էր Կարինի, Խարբերդի ու նոյնիսկ Կիլիկիոյ հայկական բնակավայրերէն տեղահանուած հայերու հոծ բազմութիւն:
Աւելի ուշ, Ֆրանսա-քեմալական Թուրքիա սիրաբանութեան որպէս արդիւնք, երբ Կիլիկիան նուիրուեցաւ Թուրքիոյ, հայկական Կիլիկիան դատարկուեցաւ հայութենէ. հայութեան ստուար մասը հաստատուեցաւ Հալէպ ու անոր հիւսիսը կամ հիւսիս-արեւելք գտնուող Ազազ, Աֆրին, մասամբ Պապ եւ Մունպուճ, եւ շօշափելի թիւ մը Հալէպ, թէ քաղաքին մէջ եւ ոմանք հասան մինչեւ Լիբանան ու ապա աւելի հեռու՝ արեւմուտքի երկիրներ:
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի հայկական գիւղերէն Քեսապի, Եագուպիէի, Ղընէմիէի… թէեւ նօսրացած թուաքանակով, բնակիչներու բեկորները, ֆրանսական իշխանութիւններու Սուրիոյ վրայ տիրապետութիւն բանեցնելէ ետք վերահաստատուեցան իրենց շրջաններուն մէջ: Վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ հաստատուած ու վերահաստատուած հայութիւնը շուտով դուրս եկաւ իր գաղթականի վիճակէն: Կազմակերպեց իր կենցաղային, տնտեսական, կրթական եւ … կեանքը:
Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ գործող իշխանութիւններուն բարեացակամ վերաբերումը ունեցաւ իր դրական արդիւնքը, որպէսզի հայութիւնը շուտով դուրս գար իր գաղթակայաններէն:
Սակայն թրքական շարունակուող խժդժութիւններուն որպէս արդիւնք, այս անգամ Թուրքիոյ քրտական հաւաքականներուն հանդէպ, քրտական վաչկատուն ցեղախումբեր յաջորդող տասնամեակներուն եկան հաստատուելու հայ-արաբ խառն բնակչութեամբ բնակուած շրջաններուն մէջ, ուր թրքական եաթաղանը անհասանելի էր ու ապահովութիւն կը տիրէր:
Թրքական հակաքրտական բռնութիւնները երկու բան կը նպատակադրէին:
Նախ Թուրքիա կ՛ազատէր քիւրտ մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններէն, անոնք կը դատարկուէին եւ պետութիւնը կանխած կ՛ըլլար գալիք գլխացաւ մը՝ զանոնք հեռացնելով։ Երկրորդ կարեւոր նպատակը՝ այդ սահմանագիծի գօտին տեղաւորուած հայութիւնը կը հակակշռէր այդ վաչկատուն ու թափառաշրջիկ խումբերով, անոնց՝ հայերուն տեղը նեղցնելով:
Քրտական հոսքը դէպի Սուրիա սկսաւ Թուրքիոյ դէմ 1923-1927ի քրտական ապստամբութիւններով ու շարունակուեցաւ մինչեւ Բ. աշխարհամարտ, իսկ վերասաստկացաւ 1961ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական հակամարտութիւններուն որպէս արդիւնք կատարուած պետական յեղաշրջումին պատճառաւ:
Սահմանագօտիի հայութեան վրայ իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ տնտեսաքաղաքական անկայունութիւնը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1970 թուականը՝ (նախագահ Հաֆէզ Ասատի իշխանութեան գալու թուականը): Սուրիա-Հրէաստան պատերազմներուն որպէս արդիւնք երկարաժամկէտ զինուորական ծառայութիւնն ալ սուրիական բանակին մէջ ժխտականօրէն անդրադարձաւ այնտեղ ամրացած հայութեան վրայ, որ մերթ ընդ մերթ տեղափոխուեցաւ Հալէպ, Լիբանան եւ աւելի հեռուներ:
2011ին սկսած սուրիական 11ամեայ տագնապը, ուր Թուրքիա անմիջական դերակատար էր որպէս այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու խնամատար ու զինող ուժ, եկաւ հանգելու Թուրքիոյ կողմէ այդ սահմանագօտիի բռնագրաւման (ցայսօր), ու վերջնականապէս հայաթափեց այդ շրջանները նոյնիսկ մնացած բեկորներէն:
Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի պարագային անդրադառնալով, Թուրքիա իր բանակի ներխուժումով Ազազ ու Աֆրին քաղաքներուն մէջ՝ հայերու գոյութեան վերջնակէտը ամրագրեց:
Չենք ուզեր մանրամասնութիւններ տալ միջնադարուն հայահոծ Ռուճի հովիտի հայութեան մասին (որուն բանասէր-հայագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ուսումնասիրական ծաւալուն հատոր մը նուիրած է):
Այնտեղ Շուղուր աւանին մէջ (մերօրեայ Ճըսըր Շուղուրի արեւմուտքին գտնուող), Հայ Առաքելական եկեղեցին առաջնորդարան ունեցած էր, սակայն կ՛ընդգծենք, որ հոն մնացած էր հայկական, սակայն արաբախօս Եագուպիէ գիւղը, ինչպէս լատինացած Գընէյթ ու Ճըտէտիան, որոնց բնակչութիւնը յոյն-ուղղափառութիւնը կը դաւանէր: Այդ գիւղերն ալ 2011ի տագնապին պատճառով թօթափուեցան իրենց բնակչութենէն ու թրքական իշխանութիւնները այնտեղ բնակեցուցին արաբ ու թիւրքմէն ընտանիքներ:
Այստեղ նշեմ, որ 2012-2013ին բռնագրաւուած Եագուպիէէն տեղահանուած եագուպիացի ընտանիքներ (աւելի քան տասնեակ մը) եկան հաստատուելու Քեսապ ու 2014ին քեսապցիներուն հետ տեղահանուեցան, երբ թրքական ահաբեկչական խումբերը ներխուժեցին Քեսապ: Անոնցմէ 5-6 ընտանիքներ ցայսօր կը շարունակեն բնակիլ ազատագրուած Քեսապի մէջ, մինչ եագուպիահայերուն մեծ մասը տեղաւորուած է Լաթաքիա, Հալէպ ու այլուր:
Եագուպիահայերու հայեացքը թէեւ սեւեռած է իրենց ծննդավայրին վրայ, սակայն անոնք վստահ չեն, թէ պիտի կարենան վերադառնալ իրենց գիւղը:
Այսօրուան դրութեամբ, Սուրիոյ հիւսիսի՝ Թուրքիոյ հետ սահմանագօտին, բացի Քեսապի վարչական շրջանի սահմանագիծի 20-25 քլմ.էն, մինչեւ Ռաքքա նահանգի սահմանագօտիի մեծ մասը, 20-30 քլմ. լայնքով տիրապետուած է Թուրքիոյ եւ կամ իր վարձկան խմբաւորումներուն կողմէ, եւ հայաթափուած, իսկ քրտաբնակ շրջանները ենթակայ են ամէնօրեայ ու հետեւողականօրէն կիրարկուած թրքական բռնութիւններուն ու խժդժութիւններուն:
Ընդգծելի է նաեւ, որ Հասիչէ նահանգին մէջ տեղակայուած են ամերիկեան բանակի յենակէտեր (հասնելով մինչեւ Իրաքի սահմանը), եւ անոնց՝ ամերիկացիներուն նեցուկը վայելող քրտական խմբաւորումներ շրջանը դուրս բերած են սուրիական պետութեան ենթակայութենէն, (բացի Գամիշլի քաղաքի կարգ մը թաղեր):
Որպէս եզրակացութիւն հաստատենք, որ Թուրքիա յաջողած է ուղղակի թէ անուղղակի միջամտութիւններով հայաթափել այդ շրջանները ու հիմա հետամուտ է քրտաթափելու զանոնք՝ ի գին ամէն տեսակ բռնութիւններու:
Մօտաւորապէս 900 քլմ. երկայնք ունեցող այդ սահմանագիծին վրայ հայաբնակ մնացած են Քեսապն ու Գամիշլին ու գուցէ վերջինիս մերձակայ Տէրիքը:
Իսկ ի՞նչ ապագայ վերապահուած է այդ երկու շրջաններուն։ Տակաւին շարունակուող սուրիական տագնապին գծով մարդ ոչինչ կրնայ կռահել: Այդ ապագան կախեալ կը թուի մեծապետական խաղերէն ու համաձայնութիւններէն, ուր պակաս դերակատար չեն շրջանային ուժերը, իմա՝ իր նախկին կայսրութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարող Թուրքիան:
Իսկ մնացած բնակավայրերու հայկական հաւաքականութիւնը որքա՞ն կրնայ դիմանալ այդ պայքարի բազմերես խաղերուն…:
Յիշողութենէ չվրիպելու համար ընդգծենք, որ նախորդ տասնամեակին, Թուրքիա Սուրիոյ հետ մօտ 900 քլմ. երկայնք ունեցող սահմանին վրայ կառուցած է աւելի քան 3 մեթր բարձրութեամբ փշալարերով պատ մը, որ գրութեան մը մէջ անուանած էի ամօթի կամ վախի պատ:
Աւելցնեմ նոր նկատուած երեւոյթ-իրողութիւն մը, որ Թուրքիա Քեսապի հիւսիսարեւմտեան կողմը գտնուող նախկին Պաշուրտ գիւղին դիմացը (Գարատուրան գիւղին հանդիպակաց), սահմանամերձ վայրին վրայ տեղադրելով նախապէս կառուցուած շարժական տնակներ, բերած ու հաստատած է թուրք վաչկատուն հօտարած բնակիչներ, անոնց համար շինելով նոյնիսկ մզկիթ մը, որուն նամազի կանչը կը լսուի Գարատուրան գիւղէն:
Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Թուրքիա: Խաղաղութի՞ւն: Գուցէ թրքական, իւրայատուկ, արիւնախառն խաղաղութիւն:
Թուրքերուն ու Թուրքիոյ հետ դարերու շփման լոյսին տակ հայութիւնը ինչպիսի՞ յարաբերութեանց անցեալ ունեցած է: Թուրքիա ինչպիսի՞ վերաբերում ունեցած է հայութեան նկատմամբ նախքան Մեծ Եղեռն ու յետԵղեռնի տարիներուն: Պատմութիւնը դառնօրէն կը փաստէ, որ անցեալէն ցայսօր, Թուրքիա իր բազմագոյն վերնախաւերով (օսմանեան, երիտթրքական, քեմալական, մեր օրուան՝ էրտողանեան…) ոչ մէկ պահու, ոչ մէկ ակնթարթ հաշտ աչքերով դիտած է հայութիւնը: Անոնց խաղաղութիւն կոչուածը միշտ եղած է արիւնաթաթախ:
Եւ երեւակայել, որ Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները, ի գին Արցախի, Սիւնիքի, Սփիւռքի, խաղաղութիւն պիտի սարքեն թուրքին հետ ու հայութիւնը խաղաղութեան այս «հեքիաթը» կուլ պիտի տայ … ցնորք է:
Ես ատոր միամտութիւն չէի ըսեր, այլ անմտութիւն կամ դաւամտութիւն…
Տողերուս աւարտին, յետադարձ ակնարկով մը կատարելով մեր պատմութեան վրայ, երբ կը փորձեմ երեւակայել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպառնայ Հայաստանին, Արցախին, հայութեան, իր տարբեր հատուածներով, մարմնէս ու հոգիէս սարսուռ մը կ՛անցնի:
Օր մը ըսին «ապագայ կայ, կայ ապագայ»… ի՞նչ ապագայ… թրքակա՞ն:
Այդպիսի անուրջն իսկ սարսափազդու է, նուազագոյն ու տարրական ազգային նկարագիրն ու ապրումը ունեցող հայուն համար:
Մեծանուն գրագէտ Աւետիս Ահարոնեան իր «Ազատութեան Ճանապարհին» գրքի «Խայը» պատմուածքին մէջ «Խայ»ուն շուրթերուն վրայ տեղաւորեց մէկ նախադասութիւն. «Ես չեմ հաւատար ճակատագրին»:
ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»