Վահան Թէքէեանի «Մայրերը» թատերգութիւնը՝ արեւմտահայ դերասաններու շուրթերով
Երեւանի մէջ գործող Թեք Տեղը, որպէս ազատ հարթակ, փորձարարական, արուեստային, ոչ ֆորմալ կրթութեան վրայ հիմնուած թատրոն, սկսած է ընթերցանութիւններու շարք, որու նպատակն է հանդիսատեսին ներկայացնել յայտնի կամ անուշադրութեան մատնուած արեւմտահայ գրողներու անյայտ գործերը:
Շարքը մեկնարկած է Վահան Թէքէեանի «Մայրերը» թատրերգութեամբ, որ հանդիսատեսին մատուցուած է 26, 27 Յունիս 2021-ին, ՆՓԱԿ-ի մէջ:
Թեք Տեղի թատերական ընթերցանութիւններու իւրայատկութիւնը կը կայանայ յատկապէս այն բանի մէջ, որ արեւմտահայ գրողներու գործրը կը մատուցուին արեւմտահայ դերասաններու շուրթերով:
Վահան Թէքէեան, որ յայտնի է իր բանաստեղծութիւններով, նաեւ թատերագիր էր: Իր ստեղծագործական այդ կողմը, սակայն, քիչ յայտնի է:
Շատերու համար անյայտ Թէքէեանի այս գործը մինչ այսօր ընթերցուած է միայն մէկ անգամ ՝ Արբի Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ:
Ծրագիրը կ’իրականացուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի օժանդակութեամբ:
Ծրագրի հեղինակն է դերասանուհի՝ Նանոր Պետրոսեան:
Նշենք, որ «Թեք տեղը» թատրոն է, որ բեմադրութիւններ կ’իրականացնէ՝ ներառելով սիրողական դերասաններ եւ (կամ) ամբողջութեամբ սիրողական դերասաններու մասնակցութեամբ։