ՎԱՌԻԼ ՆՇԱՆԱԿԷՐ… ԶԻՆՈՒԻԼ
Վառիլ
Ներսէս Շնորհալի ունի Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը՝ «Նորահրաշ»-ը, որ արդարօրէն կը նկատուի մեր հոգեւոր գրականութեան գոհարներէն մէկը եւ որուն առաջին երկու տողեը կ’ըսեն.
Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց,
Վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու:
Եթէ ըսենք, որ զինու՝ գործիական հոլովն է զէն(ք) բառին, այսինքն՝ զէնքով, ապա ակնկալելի է, որ այս երկու տողերը հեշտութեամբ ըմբռնելի ըլլան գրեթէ ամէն արդի (արեւմտա)հայու:
Այդպէս կը մտածէի, երբ առաջին անգամ լսեցի զայն պատանի հասակիս՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած օրերուս:
Այսուհանդերձ այնքան ալ հանգիստ չէր միտքս եւ չէի վարաներ զայն հարցնելու գիտակ անձերու:
Մտքիս մէջ հաշտ չէին տեղաւորուեր «վառեցար»-ին տրուած հոմանիշները՝ բռնկիլ, հրդեհիլ, բոցավառիլ, խանդավառուիլ… որ կը ստանայի խօսակիցներէս:
Այսպէս էր պարագան ծխատէր քահանային, որուն դիմած եմ առաջին անգամ՝ կիրակի օր մը, պատարագի մուտքին, երբ կը զգեստաւորէի զինք աւանդատան մէջ:
Աւելի ուշ մօտաւորապէս նոյն պատասխանը ստացայ Արտաւազդ արք. Թրթռեանէն, որ իր ժամանակի լաւագոյն գրաբարագէտներէն էր, եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներէ, որովհետեւ միշտ այսպիսիներուն կ’ուղղէի հարցումս, այսպիսիներէն կը սպասէի լուսաբանութունը:
Վերջերս Երեւանէն կը սփռուէր տեսերիզ մը, որ կը ցուցադրէր 1996-ին Հայաստանի անկախութեան 5-րդ տարեդարձի եւ Բանակի օրուան առթիւ տեղի ունեցած հանդիսութիւնները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Ամպիոնէն խօսք կ’առնէր Գարեգին Ա. Սարգիսեանը, որ աջին ունէր Վազգէն Սարգսեանի առինքնող կերպարը, ձախին՝ բանակի ընդհանուր հրամանատարը, իսկ առաջին՝ հայոց բանակէն քանի մը ջոկատներու խիտ ու խրոխտ շարքերը:
Վեհափառը իր տարերքին մէջ էր՝ ի գործ դնելով իր վարակիչ ու հարբեցուցիչ պերճախօսութեան բոլոր նրբութիւնները` վեր առնելու համար Հայոց բանակի զոհողութիւնները, ցուցաբերած նուիրումը եւ տարած յաղթանակները, նորագոյնը՝ Արցախեան սխրանքները՝ ներառեալ Շուշիի ազատագրումը:
Եւ ահա եկաւ պահ մը, ուր ան բոլորովին բնական ու տրամաբանական զուգորդութեամբ մը ոգեկոչեց Վարդանը եւ անոր զինակիցները: Առ այս յիշատակեց նաեւ «Անձինք նուիրեալք»-ը՝ արտասանելով անոր առաջին երկու տողերը:
Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց,
Վառեցար…
Եւ արդարօրէն մտածելով, թէ շրջապատը կրնայ չհասկնալ այս գրաբար տողերը, սկսաւ մեկնաբանել զանոնք:
Ես տարուած էի զիս հետաքրքրող վառեցար-ով:
Ինչե՜՜՜ր, ի՜՜՜նչ լեզուական զեղումներ ու հոմանիշներ ըսես չյիշատակեց անոր ոսկեբերանը՝ բացատրելու համար այդ բառը. Վարդանի նուիրումը, բռնկումը, խանդավառումը, բոցավառումը, հրկիզումը եւ…եւ…եւ…:
Այլ խօսքով՝ ան գերազանցեց այն բոլորը, որոնց մինչ այդ դիմած էի՝ լուսաբանուելու համար վառեցար բայի նշանակութեան մասին:
* * *
Բառերն ալ ունին իրենց վարկանիշը:
Կան այնպիսիները, որոնց նշանակութեան թափանցելու համար չենք վարանիր տասը անգամ դիմելու բառարանին. ես քսան անգամ բառարան նայած եմ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճապկել-ճապկում. մինչեւ հիմա ալ չեմ հասկցած: Կան բառեր ալ, որոնց համար ոչ ոք կը դիմէ բառարանի. վառիլ-ը այս վերջիններէն է. ո՞ր ապուշին միտքէն կ’անցնի, որ բառարան բանայ եւ ուզէ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ… վառիլ: Ըլլալիք բա՞ն է, մարդ վառիլ-ը չգիտնա՜՜՜յ…
Ամէն հայ այս բային իմաստը «գիտէ» մօրը կաթը ծծած մէկ օրէն, այդ կաթի առաջին կաթիլին հետ ալ իւրացուցած է անոր նշանակութիւնը, հետեւաբար բառարան բանայ՝ ի՞նչ ընէ: Մարդ վրան կը խնդայ, եթէ իմանայ, որ այսինչը բառարան բացեր է՝ վառիլ բային նշանակութիւնը իմանալու համար:
Ժամանակին թոմարզացի Աբէլ քեռի մը ունէինք, որ մեր անհեթեթ միտքերուն կամ հարցումներուն առթիւ սովորութիւն ունէր հարցնելու.
—Խելքդ նախաճաշիդ հե՞տ կերած ես:
Որ պէտք էր հասկնալ՝ «բնաւ խելք չէ՞ մնացած վերնատունդ, որ այսքան պարզ ու հասարակ բանն ալ չես ըմբռներ»:
Արեւմտահայուն համար, ահա, վառիլ-ը կրնար ըլլալ խելքը նախաճաշին հետ կերածներու հարցը միայն, եւ ո՛չ շարքային արեւմտահայուն, որ «Ազդակ» կը կարդայ, Նուազի լը Գրանտի աւատապետին քաղաքական տեսութեանց կը հաղորդակցի, ազգային ու միջազգային բարդ հարցեր կը լուծէ ու կը վերլուծէ:
Ահա այս համազգային մտայնութենէն ալ մեկնած՝ ես համոզուած եմ, որ ոչ մէկ արեւմտահայ, գէթ ինծի հանդիպածները, սկսած մեր ծխատէր քահանայէն,— որ աշխարհական օրերուն մեր թաղին մէջ կօշկակարի կրպակ ունէր,— մինչեւ… քահանայապետը, չեն ստուգած երբեք վառիլ-ին նշանակութիւնը:
Ծիծաղելի պիտի ըլլար…
Իսկ եթէ յանկարծ փորձուէին բանալ, օրինակի համար, «Նոր հայկազեան»-ը, «Արմատական»-ը կամ Մալխասեանի «Բացատրական»-ը, ապա պիտի նկատէին, որ ան, ծանօթ նշանակութենէն բացի ունի ե՛րկրորդ մըն ալ, որ անծանօթ մնացած է. այն է՝ զինուիլ. որո՞ւ միտքէն կրնար անցնիլ, որ վառիլ նշանակէր… զինուիլ:
Եւ ասկէ ալ այդ տողին բիւրեղի պէս մաքուր մեկնաբանութիւնը.
–«Մահուան դէմ արիաբար զինուեցար հոգեկան զէնքով»:
Արմենակ Եղիայեան