Վեհանուշ Թեքեան` Սփիւռքագիր
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ բնականաբար միշտ ալ սփիւռքեան փորձառութիւնը եղած է կիզակէտը Վեհանուշ Թեքեանի գրականութեան, որ աւելի քան հինգ տասնամեակի վրայ կ՛երկարի: Քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով սփիւռքահայութեան կացութիւնը փոխուեցաւ նշեալ կէս դարու ժամանակաշրջանին, եւ արեւելեան սփիւռքի հայախօս աշխուժ գաղութները սկսան նօսրանալ, եւ մեծածաւալ նոր գաղթականութեան շարժում մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք, յա՛տկապէս` Հիւսիսային Ամերիկա, ուր գաղութները աճեցան, սակայն` տարբեր ընկերային պայմաններու մէջ: Այս բոլորին արձագանգը, հակազդեցութիւնն ու առթած ապրումները կը գտնենք Վ. Թեքեանի աւելի քան տասը հատորներուն մէջ:
2016-ին եւ 2017-ին Երեւանի մէջ «Փրինթինֆօ» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, յաջորդաբար լոյս տեսան բանաստեղծուհիէն երկու համադրական հատորներ` «Սփիւռքապատում» (1) եւ «Սփիւռքագիր» (2) խորագիրներով:Ասոնցմէ առաջինը Թեքեանի արձակ գործերու մէկ հաւաքածոն է, գլխաւորաբար վերցուած` «Ճեղքուած մանրանկար», «Նշանագիր» եւ «Տոհմածառ» հատորներէն, իսկ երկրորդը անձնական եւ սփիւռքեան փորձառութիւններէն մեկնած իր բանաստեղծութիւններուն մէկ ընտրանին է: Երկու հատորներուն ալ կ՛ընկերանան գրողին նուիրուած մեծաթիւ յօդուածներու, գրախօսականներու եւ նամակներու շարք մը, որոնք լոյս կը սփռեն կամ տարբեր տեսակէտներ կը ներկայացնեն Վ. Թեքեանի ստեղծագործութիւններուն մասին: Ճիշդ է, որ գլխաւորաբար գրաքննադատը կամ հեղինակին վաստակը ուսումնասիրողն է, որ կը հետաքրքրուի այս բաժնով, սակայն քանի մեր մամուլի մէկ կարեւոր բաժինը թուայնացած չէ, ասոնց մէկտեղումը օգտակար կրնայ ըլլալ թէ՛ գրողին վաստակը ուսումնասիրողին եւ թէ՛ պարզ ընթերցողին համար:
Ճիշդ է, որ 2000 թուականին Երեւանի մէջ «Հրագիր» (3) խորագրով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը լոյս տեսած էր բանաստեղծուհիէն, որ մինչեւ այդ թուականը իր հրատարակած բանաստեղծութիւններուն վրայ կը կեդրոնանար, սակայն վերոնշեալ երկու հատորներուն խորագիրներն իսկ բարացուցական են եւ ցոյց կու տան այս գրութիւններուն գլխաւոր առանցքը, որ սփիւռքն է:
Ամէն պարագայի, Վ. Թեքեան մեր գրականութեան մէջ գլխաւորաբար իբրեւ բանաստեղծուհի պիտի ճանչցուի, սակայն իր արձակն ու քերթողութիւնը մեծ մասամբ անձնական փորձառութեան մեկնակէտը ունին, գրութիւնները «Ես»-է մը կը մեկնին, եւ ինք չի թաքցներ զայն, ու կ՛ամբողջացնեն զիրար: Եթէ կարդանք «Ձուկն էր լողում վճիտ ջուրում» քիչ մը միամիտ, մանկական երգի խորագրով գրութիւնը, կը տեսնենք հեղինակի կեանքին հիմնական գլխաւոր կէտերը, ուր պատմող «Ես»-ը ամբողջովին իր եսն է, երկուքը միացած են իրարու: Սակայն այս մէկը կեանքի պատմութիւնն է անձի մը, որ նման է շատ մը սփիւռքահայերու կենսագրութեան: Այսպէս, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան ռմբակոծումի պատճառով հեղինակին տունը կ՛այրի, եւ երբ ակումբի տղոց հետ կ՛երթան տան կացութիւնը ստուգելու, կը տեսնեն, որ հրդեհը մարելու եկած հրշէջները, կրակը մարելէ ետք, սառնարան, լուացքի մեքենայ եւ այլ իրեր սկսած են իրենց կառքին վրայ փոխադրել, զանոնք գողնալ:
Ան միմիայն իր գիրքերը կրնայ փրկել եւ զանոնք տեղափոխել Համրա, ծանօթի մը բնակարանը: Ապա այդ գիրքերը կ՛անցնին արեւելեան Պէյրութ: Ինք պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը գտնենք ձախողած, դժուար փորձառութեամբ ամուսնութիւն մը: Այս անգամ երկու զաւակները շալկած` իր գիրքերուն հետ կը փոխադրուի այլ յարկաբաժին մը … Այսպէս, քաղաքացիական պատերազմ, ծննդավայրի մէջ գաղթականութիւն, Լիբանանէն մեկնում Արեւմուտք, ամուսնութիւն-ամուսնալուծում կը յաջորդեն իրարու: Այս բոլորին մէջ թերեւս ամենայուզիչ բաժիններէն մէկը գրողին յարաբերութիւնն է իր գիրքերուն հետ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Իրեց ճանապարհը կեանքիս ճանապարհը ցուցագծեր է, եւ իրենց փրկութիւնը իմս է» (4): Փաստօրէն ինք փրկած է իր գիրքերը` զանոնք բերելով իր մօտ, սակայն անոնք փրկած են զինք իր կեանքի դժուար պահերուն: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք Ցեղասպանութեան աղէտին ազդեցութիւնն ու անդրադարձը, որ ամէն սփիւռքահայ անձի գիտակցութեան մէջ անկիւն մը միշտ ներկայ է, գրողին մտային ու հոգեկան պատկերը կ՛ամբողջանայ:
Այս կացութեան մէկ արձագանգը կը գտնենք «Հօրս աթոռը» կամ «Մոխիրէ ծառ» բանաստեղծութիւններուն մէջ:Նշած բանաստեղծութիւններէս առաջինը կը բացուի այսպէս. «Նարինջի գանգուր կեղեւները կախուեր են պատուհանի ձողէն / Խոհանոցին` ուր մայրս քարիւղի օճախը կը վառէ, / Կաւէ ամանին մէջ մածունը տաք է դեռ. / Երկար աստիճանը բերանը դրեր է մարանին / Ուրկէ ուրուականներ կը ճախրեն անծայրածիր, ամայի տան մէջ: / Պատերը փլած են քաղաքին ուրկէ արծիւները հեռացան, / Փեղկերը փետտուեցան, հալեցան մայրիի ծառերը, / Եւ յիշատակի հրճուանքը` վիրաւոր թռչունի պէս հողէ հող կը թափառի: / Հիմա ամէնքս միասին կը քալենք: Հասկցանք որ երկինքը շատ մեծ է. / Կը քալենք մեր ձեռքերուն մէջ արիւնամած արմատներ բռնած» (էջ 33):
Յարաբերաբար երկար այս մէջբերումը կատարած եմ, որովհետեւ կը յաջողի իր պատկերներով լաւապէս ներկայացնել բանաստեղծուհիին ապրած փորձառութիւնը: Եղածը պահ մըն է ապրող յիշողութեան մէջ, ուր տարբեր կացութիւններ, տարբեր տագնապներ զիրար կը խաչաձեւեն ու կ՛ամբողջացնեն: Նարինջի չորցող կեղեւները կամ կաւէ ամանին մէջի տաք մածունը եթէ Լիբանանի նախապատերազմական աւելի ուրախ, գրողին պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան շրջանը կը ներկայացնեն, ասոր անմիջապէս կը հակադրուին այլեւս ամայացած տան մառանէն ճախրող ուրուականները, փետուած փեղկերը, հալած մայրիի ծառերը, ուր յիշատակի ուրախութիւնը վիրաւոր թռչունի նման երկրէ երկիր կը թափառի: Ինչպէս վերը յիշեցի, ասոր կը յաջորդէ սերունդէ սերունդ փոխանցուած աղէտին առկայութիւնը` վերի տողերուն վրայ աւելցնելով. «Քանի միլիոն դիակներ եւ գերեզմաններու լոյսեր թողուցինք, մինչեւ որ հոս հասանք»:
Ցեղասպանութեան պատճառով երկրի կորուստի, Լիբանանի մէջ գոյատեւման, Թալասէն սկսեալ արմատներուն կապուած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող զրոյցներու եւ հայ-թուրք անձնական յարաբերութիւններու կապուած զգայնութիւններու եւ լարուածութիւններու ամբողջ ցանց մը կը գտնենք «Տոհմածառ» խորագրով արձակ գրութեան եւ «Հայոց պատմութիւն» խորագրով բանաստեղծութեան մէջ, ինչ որ դարձեալ ցոյց կու տայ հեղինակին անձնական ու ընտանեկան փորձառութիւններուն ներքին յարաբերութիւնը, ինչպէս եւ` իր արձակին ու բանաստեղծութեան զիրար ամբողջացնող բնոյթը:
Առաւել, ճիշդ է, որ արձակներու հատորը կը կոչուի «Սփիւռքապատում», սակայն հոն սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հետ կապուած ամբողջ շարք մը կայ` հիմնականօրէն առընչուող Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն: «Բանաստեղծ թագաւորը» կը պատմէ բանաստեղծուհիին պատանեկան հիացումը Յովհաննէս Շիրազի հանդէպ, անոր գրած իր մէկ նամակին պատճառով ստեղծուած կապն ու նամակագրութիւնը, իսկ աւելի ուշ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ իրենց հանդիպումները: Բարեբախտաբար, շրջան մը ետք, իր բանաստեղծական ճամբան գտնելով` ան դուրս պիտի գայ շիրազեան ազդեցութենէն: Վարդգէս Պետրոսեանի հետ կապուած հանդիպումը եւ անոր մէկ արտայայտութեան նկատմամբ ընդվզումը (5) այդ օրերու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մէկ այլ երեսը կը պարզեն: Պետրոսեան որքան գրող էր, նոյնքան` խորհրդային քաղաքական գործիչ, եւ այդ երկուութիւնը միշտ ալ ազդած է, յաճախ` ժխտականօրէն, իր արտայայտութիւններուն վրայ: Հոս, ինչպէս կ՛անդրադառնանք, Վ. Թեքեանի կողմէ հրապարակագրութեան եւ գրականութեան միջեւ գրելաձեւ մը կը կիրարկուի:
Արձակ գործերուն, մասնաւորաբար «Ճեղքուած մանրանկար» (6) եւ «Նշանագիր» (7) հատորներէն վերցուած պատումներուն մէջ ան երբեմն անձնական փորձառութիւններէն դուրս կու գայ, սակայն ասոնք լիբանանեան նախապատերազմական շրջանի եւ պատերազմական կամ հայաստանեան հանդիպումներու շրջանի արագ պատկերներ, լուսանկարներ են(snap shots) եւ չունին զուտ անձնական փորձառութիւնները պատմող գրութիւններուն խորացումը:
«Սփիւռքագիր» քերթուածներու հատորը բանաստեղծուհին Յուլիոս Կեսարի բառերով երեք մասի բաժնած է` «Եկայ», «Տեսայ» եւ «Յաղթեցի» խորագիրներով: Կը հասկնամ, որ յաղթեցին բառը այստեղ առաւելաբար յաղթահարելու եւ իրականացնելու իմաստով կը դրուի, սակայն կը կարծեմ, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել` եկայ, տեսայ եւ ապրեցայ, որովհետեւ դժուար, տառապանքով եւ բազմաթիւ կորուստներով ապրուած ճանապարհի մը փորձառութիւնը կը տրուի մեզի` անկեղծ, խոստովանական շեշտով մը: Այստեղ «Եկայ»-ն գրականութեան իր մուտքին չ՛ակնարկեր, առաւելաբար անձնական, անձնական-ընտանեկան ապրումներու շրջագիծին մէջ կը մնայ, ինչպէս` «Եւ իմ դիմանկարը», «Մաղթանուագ Հայկին», «Լուսացնցուղ Նայիրիին», «Հօրս աթոռը» եւ այլն: Հոս գոնէ չորս բանաստեղծութիւն կայ` նուիրուած իր մօրը, որ յստակօրէն ամենախոր ազդեցութիւն ունեցող անձը եղած է Վ. Թեքեանի կեանքին մէջ: Տեսայ բաժնին մէջ քաղաքներու ու երկիրներու նուիրուած բաժին մը կայ` երկարող Յունաստան մինչեւ Փարիզ, Լոնտոն, Կարս, Արցախ ու Տէր Զօր, ինչպէս եւ` իր սրտին ու մտքին մօտ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու, օրինակ` Դանիէլ Վարուժան, Մ. Մեծարենց, Յ. Կարապենց, Ժագ Ս. Յակոբեան, Մուշեղ Գալշոյեան, Վահան Տէրեան, Արշիլ Կորքի: Իսկ «Յաղթեց»-ին հիմնականօրէն երեք ենթաբաժանում ունի` «Մոխիրէ ծառ», «Ասք երկիւղի եւ արարման» եւ «Երկրապատում», որոնցմէ առաջինը Վեհանուշ Թեքեանի կարգ մը ամենաուժեղ տողերը կը պարունակէ: Այստեղ չեմ ուզեր աւելի լայն քննարկել իր բանաստեղծութիւնները, որովհետեւ այլուր կատարած եմ այդ աշխատանքը (8):
Յամենայն դէպս հեղինակուհիին գործերուն մէջ կրնանք կարդալ աւելի քան կէս դարու ժամանակաշրջանին ապրուած հայ անհատի ու հաւաքականութեան իրականութեան առնչուող փոփոխութիւնները` կապուած կեանքին, Արեւելքէն Արեւմուտք անցնելու կեցաղային պայմաններուն, արեւմտահայերէնի եւ ազգային մշակութային դիմագիծի վտանգումին եւ այլն: Ի զուր չէ, երբ տեղ մը գրագիտուհին կ՛ուզէ, որ իր անձնական գիրքերը Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ ուղարկուին, անոնք կ՛առարկեն, «Մենք հոս մեծցեր ենք, մեր հողը հոս է» կ՛ըսեն, եւ կ՛աւեցնեն. «Լսած ենք, որ հոն մեր ցեղակիցները անտէր կը մնան» (9): Իսկ այս բոլորէն անդին` Վ. Թեքեանի ստեղծագործութիւնը ժամանակակից հայ կնոջ իրականութիւնը ներկայացնող լաւագոյն խոստովանական քերթողութիւնը կը մնայ:
Այստեղ կ՛ուզեմ աւելցնել, որ հաւանաբար բանաստեղծուհիին առաջին հատորին` «Կապոյտ ապրիլ»-ին (10) հրատարակութեան թուականէն մեկնած, Թորոնթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ նշուեցաւ Վ. Թեքեանի գրականութեան յիսնամեակը: Ճիշդ է, որ յաճախ չենք խանդավառուիր նման հանդիսութիւններով, սակայն երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ամէն առթիւ կը նշուին գրողներու տարեդարձները, ծննդեան ու մահուան թուականները, սփիւռքն ալ որոշ չափով պէտք է տէր կանգնի ու գնահատէ իր արժէքները:
—————–
- Թեքեան, Վ. Սփիւռքապատում, Փրինթինֆօ, Երեւան, 2016, 462 էջ:
- Թեքեան, Վ. Սփիւռքագիր, Փրինթինֆօ, Երեւան 2017, 480 էջ:
- Թեքեան, Վ.. Հրագիր, «Նոր դար» հրատ. Երեւան, 2000, 400 էջ:
- Սփիւռքապատում, էջ 42:
- Խօսքը կը վերաբերի «Արմենիա» թերթին մէջ 12 Մայիս 1984-ին լոյս տեսած Վ. Պետրոսեանի մէկ արտայայտութեան, ուր ան կ՛ըսէ. «Մեր միակ հայրենիքը ներկայ Հայաստանն է. ով որ չ՛ընդունիր ասիկա` գոյութիւն չունի մեզի համար: Հին քարտէսներ կախելը եւ անոնց նայիլը հաշիշ ծխել է»: Վ. Պետրոսեան յաճախ նման արտայայտութիւններ ունեցած է, շնականօրէն նոյն վերաբերումը ցոյց տալով Եռագոյնին եւ մեր զինանշանին նկատմամբ:
- Թեքեան, Վ. Ճեղքուած մանրանկար, Սեւան հրատ. Պէյրութ, 1977:
- Թեքեան, Վ. Նշանագիր, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Լիբանան, 1987:
- «Վեհանոյշ Թեքեանի Նշանագիր»-ը, «Բագին» ամսագիր, 1987, թիւ 7, էջ 65-էն 70: «Վեհանոյշ Թեքեան` գոյատեւման վկայութիւնը», «Բագին», 2005, թիւ 4, էջ 4-էն 12: Իսկ այս օրերուն «Բագին» պարբերաթերթի Վ. Թեքեանի նուիրուած բացառիկին մէջ լոյս կը տեսնէ Աղօթքներ ուռկանի մէջ հատորին գրախօսականը, որ նախապէս Մոնրէալի մէջ դասախօսութեան ձեւով ներկայացուած է:
- Սփիւռքապատում, էջ 38:
- Թեքեան, Վ. Կապոյտ ապրիլ, Սեւան հրատ. Պէյրութ, 1969:
——————————-
Լիբանան
Դիցական այն երկիրը
Ուր երիտասարդութեան գիւտը կ’ընէինք
Հայկական աշխարհի եւ արեւելեան բոյրերու միջեւ:
Պանդոկներու, մայթերու,
Ծխագալար պատշգամներու
Եւ պճլտուն ցուցափեղկերու արանքէն
անվիշտ խաղաղութիւնը կը ծաւալէր,
Հասցնելով մեզի նաւեր
Լուսեղ նաւեր
Իրենց ցռուկները պարզած անորոշին:
Երիտասարդութեան գիւտը կ’ընէինք
Մեր լուսէ մարմինները` չարիքի ահը
կը շպրտէին չգոյութեան վիհերուն,
Առանց գիտնալու թէ չգոյութիւնը յարակայ է
Եւ վիհը` վիրաւոր:
Այնտեղ աղօթածուփ թաղեր
Եւ երերածուփ շուկաներ
աֆիոնի, պաղատագին երգի
Ու ծլարձակ ձայներու միջեւ
Լուսին գիշերներու բոյրեր էին աստղավէժ:
Աստեղաթաթաւ ծով,
Աստղ էր ամէն կողմ, աստղերու ջրվէժ:
Կայծկլտուն յասմիկներու թուփեր
Թաղէ թաղ երկարելով
ցանկապատեր, ցանկութիւններ կը շարէին,
Խանգարելով, թոյլ չտալով որ անհետի
Հեքիաթներու ուղին:
Թաղին ոսկրուտ կատուները ծառէ ծառ կ’ընդոստնէին
գիշերուան սեւին մէջ սէր հալածելով.
Ծեր գիշերը կը հայհոյէր,
Յարագրգիռ կատուներուն փոյթը չէր:
Մեր ծնողներու հովանիին ներքեւ
Անթոյն բերկրանքը մեր որ տունէ տուն
Փողոցէ փողոց` արծաթափայլ թելերով
մէյ մը կանաչ երգերուն
մէյ մը դեղին սուգերուն մէջ խառնուած
Սնո՛ւնդ կու տար ապագային:
Վախ չունէինք գիշերներէն,
Կը քալէինք քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը.
Ցերեկները թռչուն էին աղմկածին
դասագիրքեր ու բանավէճ,
Գիշերները թռչուն էին լուսածորուն
պաղպաղակ ու պանանա սփլիթ,
Ինկեր էինք այնքան լոյսի եւ աղմուկի գոյներու մէջ
գարեջուրի պաղ փրփուրներու պէս:
Մեր մէջ պառկած
արիւնախանձ անապատներ կային,
Մեծհայրերու ծանրաբեռն նայուածքներու տակ
եռանդուն գաղութներ,
Աշխարհէ աշխարհ երկարած օծուն տուներ
Որոնց մէջ անապատին չոր հոտը կար
Ուր կ’ապրէին պատմութիւններ
Իրար անծանօթ, սակայն միատեղ:
Անոնք բոլորը զիրար խնամեցին
Աղօթեցին, հայհոյեցին,
Մղկտացին, մռնչեցին
Մինչեւ որ դարձան Մեծ Գիշերուան
տէրն ու տիրակալը,
Որպէսզի ստեղծուէր փափկութիւն մը
Ցանկաթելերէն ներս երկարող Սփիւռքին:
Մեզի պէտք էր խօսիլ ու համրանալ,
համրանալ ու խօսիլ
Մինչեւ որ հասնէր իմաստին զօրութիւնը,
Մինչեւ որ Մեծ Գիշերը վերածուէր
Ցանկաթելերէն դուրս երկարող Մեծ Լոյսի:
Արեւը ո՛չ հարցում կ՛ուղղէր, ո՛չ պատասխան կ՛ուզէր,
Կ՛իջնէր մեր մամիններուն
շագանակագոյն ալիքի նման:
Քիչ մը անդին
Սիտոնի բերդին մէջ վրնջացող կոհակներ
Իրենց աղի աչքերը շփելով
Թափ կու տային հարաւին:
Սուլթաններու, փաշաներու ապարանքներ հիւսիսի մէջ
Նոր քարացած ուղտերու կարաւան` կը սպասէին
ճակատագրի կենդանարար ճպոտին:
Իր իսկ պատմութենէն ջրացայտող Փիւնիկէն էր.
Ու սիւները Պաալպէքի` կոյր պահակներ
Աֆիոնի եւ մարինկուանայի տափաստաններուն քով,
Ամրան գիշերներուն, լոյսերով ձայնարձակ:
Անոնց ոտքին արաբական զուռնան կ’երգէր
Դար դար ցաւեր:
Ռուսական պալէն
Եւրոպական երաժշտութիւնը
Ամերիկեան արդի պարը
Ուրիշ բոյրով կ’օծուէին
Լիբանանի շղարշային քօղին տակ,
Միակ խորհուրդ ունենալով լո՜յսը
հազարումէկ գիշերներէ արձակուած:
Լիբանանի սիրուհին էր տիեզերքի արեւը,
Իր անհոգի հագուստները արձակած`
Հարաւ հիւսիս լոյս հիւսելով
Սէր քակելով կը զբաղէր:
Կիրակիները նոյն արշալոյսը ունէին
Եւ կիրակմուտքերը` նոյն խունկի հոտը,
Միջերկրականը` նոյն ալիքները կոյր թափահարուող,
Միեւնոյն հայկական թեմաներու շարքերը,
Թրքական մշակոյթի վիժած շարքերը,
Մեր յարատեւ ցոյցերը
համալսարանի աստիճաններուն վրայ:
Ես ո՞ւր դնեմ, ինչպէս բռնեմ
արձագանգներու երամը այս
տենդահար ու ազնուազանգ:
… Միայն այս մնաց,
Բանաստեղծութեան բարի ճամբան
Որ կը փորձէ վերածել կեանքը`
խօսքի ու լռութեան:
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ