«Տիգրանակերտի Պատմիչը»՝ Մկրտիչ Մարկոսեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
Անցնող շաբաթավերջին, 84 տարեկանկին մահացաւ հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացող տիգրանակերտցի նշանաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան, կը հաղորդէ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ նշելով, որ Մարկոսեան «Արաս»ի հիմնադիրը եղած է, «որ Յակոբ Մնձուրիէն ստացած ժառանգութիւնը արժեւորեց մեծապէս»:
Մկրտիչ Մարկոսեան ծնած է 1938ին, Տիգրանակերտի այսպէս կոչուած «Կեաւուրի թաղ»ին մէջ, որ ապագային դարձաւ իր գիրքերէն ամէնէն յայտնիին խորագիրը։
Այդ հատորը լոյս տեսաւ հայերէնով, թրքերէնով, քրտերէնով եւ այլ լեզուներով: Անոր գործերէն են՝ «Մեր Այդ Կողմերը», «Կեաւուր Թաղ», «Տիգրիսի Ափերէն» եւ «Համրիչի Հատիկներ»։
Մարկոսեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Տիգրանակերտը կը ներկայացնէ իր հայով, ասորիով, հրեայով, եզիտիով, թուրքով ու քիւրտով, իրեն յատուկ գաւառախառն լեզուով:
Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ համալսարանին մէջ՝ հետեւելով իմաստասիրութեան ճիւղին: Հայերէն ու թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով աշխատակցած է թրքական մամուլին: Տիգրանակերտի փողոցներէն մին կոչուած է իր անունով:
Ան նաեւ 1966-1972ին եղած է Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանք հայկական վարժարանի տնօրէնը, նոյն ժամանակ դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայերէն եւ գրականութիւն:
Հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի անձին եւ գործին անդրադարձած է նաեւ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի յօդուածագիր Անուշ Թրուանցը, որուն գրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Հարազատ պատկերներ…
Հայաստանի մամուլը գուժեց մահը հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Թուրքիա ապրած եւ ստեղծագործած գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի: Ճշմարիտ ըլլալու համար ըսենք, որ Հայաստանի լայն շրջանակներուն ծանօթ չէ անոր անունը, եւ միայն պոլսահայ գրականութեամբ հետաքրքրուողները, գաւառի գրականութեան հարցերով զբաղողները եւ քիչ մըն ալ անոր անունը սփիւռքահայ գրողներու կարգին ընկալողները գիտեն Մկրտիչ Մարկոսեան հեղինակը, որուն հայերէնով գրութիւնները շատ չեն, ուստի հասանելի չեն նաեւ արեւելեահայ ընթերցողին: Մատներու վրայ հաշուող մարդիկ միայն կարդացած են յուշապատումները, Տիգրանակերտի կեանքին մասին անոր գրութիւնները: Այնուամենայնիւ, մահուան կապակցութեամբ անգամ մը եւս ան յիշուեցաւ եւ անոր տրուեցաւ «Տիգրանակերտի պատմիչը» կոչումը, նշելով, որ Տիգրիսի ափերէն հնչող ձայներէն մէկն ալ մարեցաւ: Սակայն, անմահ է այն գործը, որ Մկրտիչ Մարկոսեան տքնաջանօրէն ըրաւ շատ տարիներ շարունակ եւ գիրքերու տեսքով սիրով դրաւ մեր սեղաններուն վրայ: Այժմ գիրքերն են, որ կը խօսին իր մասին:
Ընդամէնը օրեր առաջ կարդացինք լուրը, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի «Տիգրիսի ափերէն» գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է: Զայն թարգմանած են Ալիս Տէր-Վարդանեան եւ Հուրի Վարժապետեան եւ ֆրանսական «Փարանթէզ» հրատարակչութիւնն ալ լոյս ընծայած է հայազգի հեղինակի այդ գործը: Կողքին վրայ Տիճլէի 10 աչքանի կամուրջն է, որ պատմական յիշողութիւններ կ՚արթնցնէ, հայերէն գիրքին վրայ ալ այդ նկարն էր, բայց հայերէնը լոյս տեսած էր 1999 թուականին: Այժմ ֆրանսերէն կարդացող ընթերցողն ալ հաղորդ պիտի ըլլայ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ՛ երիտասարդական շրջանի գրութիւններուն, որոնք ժամանակին հրատարակուած են իսթանպուլահայ օրաթերթերուն մէջ: Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն կան դրուագներ, որոնք հարազատ, շատ հարազատ զգացումներ կ՚արթնցնեն: Տակաւին 1984 թուականին հրատարակած է հայերէնով գիրք մըն ալ, ուր ամփոփած է ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն մէջ տպագրուած հայերէն պատմուածքներու մէկ մասը: «Մեր այդ կողմերը» խորագիրը կը կրէ գիրքը, որուն համար 1988 թուականին արժանացած է «Էլիզ Քաւուքճեան» գրական մրցանակին (Փարիզ, Ֆրանսա), որ կը յանձնուի հայերէնով ստեղծագործող գրողներուն։ Մարկոսեան գրել սկսած է Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ եղած ժամանակէն եւ ստեղծագործութիւններուն մէջ սեփական ծննդավայրը՝ Տիարպաքըրն է, որ մեզի կը ներկայացնէ իր հայով, ասորիով, քաղդէացիով, հրեայով, եզիտիով, թուրքով ու քիւրտով, միայն իրեն յատուկ լեզուով։
Աշխարհի բոլոր ծայրերը կան մարդիկ, որոնք կորուստի ճամբաներով անցած են, որոնց համար հարազատ են անցած օրերը, եւ տարիներու հեռուէն տեսակ մը տխրութեամբ կը յիշուի ամէն ինչ:
Գրականութիւնը այդ ամէն ինչին սփոփանքն է: Գիրքի էջերուն մէջ մարդ կը փնտռէ նախ ինքզինք, ապա կը տեսնէ գրողին նկարագրածը: Նոյնն է նաեւ Մկրտիչ Մարկոսեանի գրականութեան պարագային: Անհարազատ ոչ մէկ դրուագ կայ անոր գրութիւններուն մէջ:
«Տիգրիսի ափերէն» ժողովածուի պատմուածքներուն մէկ մասը Մկրտիչ Մարկոսեան տպագրած է իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ, որուն հրատարակութեան գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է, ամսաթերթն ալ 1960-ականներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է պոլսահայ արդի գրական շարժումներուն համար: Ամսաթերթին գրեթէ բոլոր թիւերուն մէջ Մկրտիչ Մարկոսեան պատմուածք մը հրատարակած է:
ԺԱՄԱՆԱԿ, գրողին յիշատակին համար, «Թօ» ամսաթերթէն, կու տայ 1959 թուականին գրուած այդ պատմուածքներէն մին:
ԱԾՈԻԽԻ ՊԱՐԿԷՆ
ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Դիմացի սեղանին առջեւ կին մը եւ իր զաւակը նստեր էին: Կինը կ՚ուզէր պզտիկին բերանը թխել կաթնապուրը, մինչ ան չէր բանար բերանը.
-Կե՛ր, աս ալ կեր, ա՛լ կը բաւէ, կ՚ըսէր մայրը, համոզելով իր մանչուկը:
Տղան գլուխը աջ ու ձախ կը դարձնէր, երեսներուն ծեփելով դգալին կաթնապուրը:
-Հայրիկը պիտի գա՞յ, հարցուց տղան փոխանակ ուտելու:
Քիչ յետոյ հայրը եկաւ, բաներ մըն ալ ան կերաւ ու երեքը միասին ելան սեղանէն, մայրը բռնած էր տղուն ձեռքէն.
«Աս ալ կեր, ա՛լ կը բաւէ», յիշեց մարմարեայ սեղանին առջեւ նստած երիտասարդը: Իր մայրն ալ այդպէս կ՚ըսէր իրեն, երբ տղայ էր: Իր կատուի ձագերը միտքը ինկան: Ինչքա՜ն լացած էր, երբ օտար կատու մը եկած խեղդած էր զանոնք: Այն ատեն մայրը մխիթարած էր զինքը: Իր առաջին վիշտն էր այդ, լաւ կը յիշէր, մօրը պատկերը ամուր կերպով կապուած էր այդ տխուր յիշատակին հետ:
Հիմա ապուրը կ՚այրէր իր բերանը ու մայրը քովը չէր:
Ինքն ալ ժամանակին չորս տարու էր: Մայրը միշտ գունաւոր շապիկ կը հագցնէր իրեն: Պատճառը վերջէն հասկցած էր: Իրմէ առաջ երկու եղբայրներ ունեցեր էր, որոնք մեռեր էին: Չարը խափանելու համար փորձառու պառաւներ մօրը թելադրեր էին կապոյտ շապիկ հագցնել տղուն: Մինչեւ եօթը տարեկան հագած էր այդ կապոյտ շապիկները ու վերապրած: Հիմա կ՚երեւակայէր ինքզինքը այդ երկար կապոյտ շապիկին մէջ:
Յետոյ աշնան երկուշաբթի օր մը սեւ գուլպաներ, սեւ գոգնոց եւ նոր կօշիկներ հագցուցեր էին իրեն ու տարեր դպրոց: Արցունք կար այդ օրուան մօրը աչքերուն, արցունք կար իր ալ դպրոցական առաջին տպաւորութեան մէջ: Փախչիլ, տուն երթալ, մօրը քով ըլլալ ուզեր էր: Աւելի վերջ վարժուեր էր, ինչպէս սա ապուրին, որուն տաքութիւնը ալ չէր զգար բերնին մէջ:
Բիլաւ մը ապսպրեց վրայէն: Սպասեակը պզտիկ պնակի մը մէջ, արցունքի չափ եղինձ բերաւ, քշեց առջեւը ու պատանին յիշեց իր մայրը՝ անկողնին մէջ տղաձգան:
-Ուրկէ՞ բերիք ասիկա, հարցուցեր էր մօրը, դաժան դէմքով մը:
Եկեղեցիին բակը խորունկ հոր մը կար. ինք միշտ վախցած էր այդ հորէն, որովհետեւ իր երեւակայութեան մէջ անդիի աշխարհին հետ կապակցութիւն մը ստեղծած էր այդ խոր ու խաւար, անյատակ փոսը: Այդ հորը ինկած մանուկ մըն էր, զոր ազատեր ու մեղքնալով տուն էին բերեր: Խղճացեր էր ինքն ալ ու խոստացեր էր սիրել զայն:
Աւելի վերջ, առաջին առթիւ, գացեր փողոց պատմեր էր իր ընկերներուն ամբողջ եղելութիւնը: Ուրիշներու գլխուն ալ այդ տեսակ փորձանքներ եկած էին…
Հիմա, քիչ առաջուան ընտանիքը կեցեր էր ծաղարանին դուրսի դրան առջեւ: Չէին կրնար որոշել, թէ ո՛ւր պիտի երթան, ամուսինը ձեռքով կ՚ընէր, կինը կզակովը դէպի վեր ուղղութիւն մը ցոյց կու տար: Պզտիկը մօրը ձեռքէն կախուած կեցեր, պողոտան կը դիտէր:
Ի՜նչ հրաշալի ձի էր հօրը երիվարը, հովի պէս բաշեր ունէր: Գիւղերէն ամէն դարձին հայրը զայն կը կապէր իրենց տան դրան. «Հայրիկ, ե՞րբ հետդ ձի պիտի հեծնեմ», կը հարցնէր հօրը, եւ ան ժպտուն կը ծեծէր թեթեւ մը իր այտը ու կ՚ըսէր.
-Երբ որ մեծնաս:
Մեծնալն ալ դժուար, տաժանելի բան էր:
Կէսօրուան ճաշէն վերջ պառկիլը, զոր բնաւ չէր սիրեր, ամենամեծ միջոցն էր մեծնալու համար: Ինչքա՜ն հաւատքով պառկած, քնացած էր, արթննալէ վերջ վազելով պատին քով իր հասակը չափելու:
«Այսօր քիչ մը եւս մեծցեր ես», կ՚ըսէր մայրը իրեն միշտ:
Հայրը մտասեւեռում մը ունէր: «Ես չկարդացի, դուն պիտի կարդաս, մարդ ըլլաս», կ՚ըսէր իրեն:
Ինք հօրեղբօրը նման երկաթագործ ըլլալ կ՚ուզէր: Պիտի մերկանար կէս մէջքէն վեր, սալին վրայ պիտի կոփէր երկաթները ահագին մուրճերով: Մէկ ինք պիտի զարնէր, մէկ հօրեղբայրը. «տանկ, տունկ, տանկ, տունկ» այսպէս ու երկաթը պիտի պաղէր պիտի սեւնար, բայց ձեւ պիտի առնէր, մանգաղ պիտի ըլլար, պիտի ըլլար խոփ: Յետոյ զանոնք գիւղացիներուն պիտի ծախէր, դրամ պիտի վաստկէր, շինելու եւ ստեղծելու իր մանկական փափաքն էր այդ, զոր չէին ձգեր իրագործել:
Սպասեակը եկաւ ու տարաւ պնակները, յետոյ աղտոտ լաթով մը սրբեց սեղանին մարմարիոնը:
Պատանին յիշեց ձաւարով միսը, զոր չէր կրցած ուտել այդ հեռաւոր գիշերուան ճաշին: Կարծես կռնակին ու երեսներուն վրայ դեռ կը զգար հօրը ձեռքին հարուածները: Լարախաղացներն էին պատճառը: Մանաւանդ այն վարպետը որ լարին վրայ ելած էր հեծելանիւով մը: Դեռ կը փշաքաղէին մազերը, երբ հիմա կը յիշէր, թէ ինչպէս ահագին բարձրութեան վրայ միջոց մը քալելէ վերջ վար ինկած էր խեղճը: Իրեն խստիւ պատուիրուած էր արեւուն մայրը մտնելէ առաջ տունը ըլլալ միշտ. լարախաղացը ինկած էր ու մարդիկ վազած էին տեսնելու համար, թէ ինչ էր եղած: Գոռում գոչում, ջուր, պատգարակ եւ իր ալ երթալը անոնց խումբին հետ մինչեւ դեղարան: Արեւը շատոնց գացած էր ու քաղաքին լոյսերը շատոնց վառած էին:
Դիմացի հայելիին մէջ դիտեց իր պատկերը, զոր երեք օրուան չածիլուած մօրուք մը աւելի կը թխացնէր:
Ձեռքովը շոյեց իր դէմքը: Տասնհինգ տարեկան էր, երբ օր մը հայրը դրամ էր տուած իրեն, որպէսզի սափրիչին երթայ:
-Ասկէ վերջ դուն տուր սափրիչիդ դրամը, մեծցար ալ, ըսած էր իրեն: Վերջապէս տիրացած էր այդ մոգական վիճակին. մեծցած էր: Ալ գիտէր, թէ եղբայրը եկեղեցիի հորէն չէր հանուած, ոչ ալ ինք ածուխի պարկէն:
Մայրը հնարած էր այդ պատմութիւնը, ճշմարտանման պատմութիւն մը իրեն համար, որ թուխ էր այնքան:
Քովը նստարանին վրայ դրած գիրքն ու տետրակը վերցուց եւ ոտքի ելաւ: Իր ուսանողի սենեակը մօտակայ փողոցին մէջն էր: Դիմացի կասկածելի տունը եւ անոր պատուհաններուն պարզած պատկերները յիշեց: Դիւրի՞ն էր վարագոյրը քաշել ու չնայիլ, վաղը քննութեան պիտի մտնէր:
Աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար արդեօք եթէ հոն գաւառը մնացած ըլլար: Երկաթագործ մը պիտի ըլլար շատ շատ: Կամ հօրը նման ձի հեծած պիտի շրջէր գիւղէ գիւղ, հանգիստ ու երջանիկ: Հայրն էր պատասխանատուն: Ան ուզած էր, որ Իսթանպուլ գայ, հետեւի լիսէի: Անկէ անդին ինք տնօրինած էր: Համալսարանը իր գործն էր. ախորժակը ուտելով կը բացուի:
Մարմարիոնէ սեղանը թափուր էր: Աղաման մը կար, մոխրամանը ու կէս գաւաթ ալ ջուր: Ջուրը խմեց, վերցուց հաշուեցոյցի թղթիկը ու փակեց անցեալի վարագոյրը: Ծաղարանէն դուրս ելաւ, խառնուեցաւ կեանքի հեղեղին:
1959