Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը կը սկսի
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Մայիս 2024, Հինգշաբթի, ընդունեց Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի։
Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնել Տիգրանակերտի Եկեղեցին հետաքրքրող նիւթ մը. Ինչպէս ծանօթ է տարիներ առաջ մեծ նորոգութեան մը ենթարկուած ու բարեզարդուած էր տեղւոյն Ս. Կիրակոս Եկեղեցին. Սակայն, նիւթական ու նման պատճառներով իր վիճակին մէջ մնացած Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւ իր համալիրը, երկրաշարժի ալ հետեւանքով բոլորովին անշուք վիճակ մը կը պարզէր։ Տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի խնդրանքին ընդառաջելով, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերջերս որոշած է հինգ միլիոն լիրա յատկացնել փլատակ վիճակի մէջի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման համար։ Սոյն Եկեղեցւոյ վերականգնումի ու բարեզարդման աշխատանքներու ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ ըլլալով, Ծխական Խորհուրդը որոշած էր շուտով աշխատանքի անցնիլ եւ այս առթիւ եկած էին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու մեր Հոգեւոր Պետին՝ այս աշխատանքին համար։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս զարգացումին եւ շնորհաւորեց Տիգրանակերտի Ծխական Խորհուրդը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ իր զօրակցութիւնը եկեղեցաշէն սոյն աշխատանքին համար։ Յառաջիկայ 13 Յունիսին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարելի հանդիսութեամբ սկիզբ պիտի առնէ վերականգնման աշխատանքը։