Քեսապի մէջ. Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին կը վերանորոգուի
Քեսապ հայկական աւանի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը վերանորոգուի։
Նախքան Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որ նաեւ զգացուած էր Քեսապի մէջ, եկեղեցիին մէջ երեւցած էին որոշակի ճաքեր։ Բան մը, որ դարձած էր գիւղի ազգային մարմիններու մտահոգութեանց առանցք։
Աւելի ուշ կիպրահայ նուիրեալ հայրենակից Սեպուհ Արմենակեան լսելով այդ մասին հաւանութիւն տուած էր հոգալ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար նախատեսուած ծախսերուն կարեւոր մէկ մասը։
Ան ներկայացած էր Քեսապ ու 10 հազար ամն տոլարի նուիրատուութիւն կատարելով ապահոված էր վերանորոգման համար պիտանի գումարին կարեւոր մէկ մասը։
Քեսապ հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքները սովորական նորոգման աշխատանքներ չեն, այլ խթան են գիւղի հայկական դիմագծի պահպանման ու մանաւանդ կը փաստեն, որ հայութիւնը երես չէ թեքած ամէն տեսակի փոթորիկներէ եւ օրհասներէ անցած Քեսապին, որ հակառակ այսօրուայ դժուարին պայմաններուն կը շարունակէ իր դարաւոր երթը։
Կը նշուի, որ Բերիոյ Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանի ճիգերով եւ առաջնորդի ցուցմունքներով իր աւարտին պիտի հասնի եկեղեցւոյ վերանորոգման Աստուածահաճոյ աշխատանքը։