Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մէջ նշուեցաւ «Հիմնադիրի օր»-ը
Ամեն տարի Յուլիս 20-ին՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի մահուան տարելիցին, Հիմնարկութեան մէջ կը նշուի «Հիմնադիրի օր»-ը. տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր ծիսակատարութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւն։
Ինչպէս կը տեղեկանանք Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքէն՝ այս տարի պատարագը տեղի ունեցաւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի մասնակցութեամբ, որ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ նաեւ նախորդ օրը տեղի ունեցած «Gulbenkian Prize for Humanity»-ին: Այս մէկը տարեկան մրցանակ մըն է, որ կը տրուի կենսոլորտի աղէտին դէմ պայքարող յաջող նախաձեռնութիւններու, որոնք յոյս կը ներշնչեն: